Ֆրանչիսկոս Պապ. Աղօթենք խաղաղութեան համար։ Պատերազմը միշտ պարտութիւնն է
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի, 12 յունիսին, առաւօտեան, Սուրբ Պետրոսի հրապարակը ներկայացուցած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, ֆրանչիսկոս Պապ ինչպէս միշտ ողջունեց երիտասարդները, հիւանդները, տարեցները եւ նորապսակեալները ու հրաւիրեց աղօթելու Ուքրանիոյ, Պաղեստինի եւ Իսրաէլի համար։
Երիտասարդներուն, տարեցներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակներուն ուղղած խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը յիշելով, որ վաղը կը նշուի Եկեղեցւոյ վարդապետը, Փատովայի Սուրբ Անտոնին տօնը, մաղթեց որ «այս նշանաւոր քարոզիչը, աղքատներուն եւ տառապողներուն պաշտպանի օրինակը իւրաքանչիւրին մէջ արթնցնէ հաւատոյ ճանապարհին եւ սուրբին կեանքը ընդօրինակելու ցանկութիւնը, այսպէսով դառնալով Աւետարանի վստահելի վկաները։
Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց չմոռնալու Ուքրանիան, Պաղեստինը, Իսրայէլը։ Չմոռնալու Միանմարը եւ պատերազմի մէջ գտնուող շատ մը երկիրները։ Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց աղօթելու խաղաղութեան համար շեշտելով որ Պատերազմը առաջին օրէն միշտ պարտութիւնն է։ Նորին Սրբութիւնը ողջոյնի խօսքը աւարտեց հայցելով Տիրոջմէ որ բոլորիս շնորհէ խաղաղութեան համար միշտ պայքարելու ուժը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ