Ֆրանչիսկոս Պապ երգչախումբերու միջազգային հանդիպումի մասնակիցներու.ն հետ Ֆրանչիսկոս Պապ երգչախումբերու միջազգային հանդիպումի մասնակիցներու.ն հետ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. Երգչախումբի յատկութիւնները՝ ներդաշնակութիւն, հաղորդութիւն եւ ուրախութիւն։

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը, Վատիկանի մէջ երգչախումբերու միջազգային 4-րդ հանդիպումի մասնակիցները, կազմակերպուած Հռոմի թեմի երգչախումբի հիմնադրամին ստեղծման 40 ամեակի առիթով։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 8 յունիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Վատիկանի մէջ կայացած երգչախումբերու միջազգային 4-րդ հանդիպումի մասնակիցները, կազմակերպուած Հռոմի թեմի երգչախումբի հիմնադրամին ստեղծման 40 ամեակի առիթով։

Պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը ակնարկելով, որ երգչախումբի անդամները գալով աշխարհի տարբեր վայրերէն, միացած են հաւատքի եւ երաժշտութեան միեւնոյն սիրոյն մէջ ու դարձած են միութեան զօրաւոր նշան մը։

Սրբազան Հայրը ապա խօսքը կեդրոնացուց երգչախումբերու ծառայութեան էական երեք կէտերուն վրայ, ներդաշնակութիւն, հաղորդութիւն եւ ուրախութիւն։

Ներդաշնակութիւն

«Երաժշտութիւնը ներդաշնակութիւն կը հասցնէ բոլորին, մխիթարելով տառապողները, վերականգնելով յուսահատուածներուն խանդավառութիւնը եւ իւրաքանչիւրին մէջ ծաղկելով հրաշալի արժէքներ, ինչպէս գեղեցկութիւնը, բանաստեղծութիւնը, Աստուծոյ ներդաշնակ լոյսի արտացոլումը» ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Հաղորդութիւն

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց որ երգչախմբային երգեցողութիւնը կը կատարուի միասին եւ ոչ միայնակ։ «Նաեւ սա կը խօսի մեզի եկեղեցւոյ եւ աշխարհի մասին որոնց մէջ կ՝ապրինք ։ Երգչախումբին եւ նուագախումբին մէջ բոլորս կարիքը ունինք մէկը միւսին եւ իւրաքանչիւր ելոյթի յաջողութիւնը պայմանաւորուած է բոլորին նուիրուածութեամբ եւ այն իրողութեամբ, որ իւրաքանչիւրս հնարաւորինս կը նպաստէ իր դերին, յարգելով եւ անսալով անոնց որոնք կը գտնունին մեր մօտը, համերաշխութեան մէջ։

Ուրախութիւն

Նորին Սրբութիւնը նկատել տուաւ, որ երգչախումբի անդամները արուեստի, գեղեցկութեան, հոգեւորութեան դարաւոր գանձի պահապանները ենք թելադրելով զանոնք թոյլ չտալու, որ աշխարհի մտածելակերպը աղտոտէ՝ հետաքրքրութեամբ, նախանձով, պառակտումով, փառասիրութեամբ եւ այն ամէն ինչով, որ կարող են ներկայանալ երգչախումբին մէջ, համայնքին կեանքին մէջ, դարձնելով ոչ ուրախ, տխուր, ծանր վայրեր, մինչեւ քայքայելու աստիճան։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն իրենց տուած այցելութեան համար, յատուկէն եկեղեցւոյ եւ աւետարանումի մատուցած ծառայութեան համար։ Ապա փոխանցելով իր առաքելական օրհնութիւնը, խնդրեց անոնցմէ, որ մինչ կ՝երգեն աղօթեն իրեն համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/06/2024, 09:39