Ֆրանչիսկոս Պապ. Վերանորոգենք մեր հաւատարմութիւնը Տիրոջ հանդէպ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այսօր՝ 6 յունիսին, Վատիկանի մէջ ընդունեց իրենց տարեկան ընդհանուր ժողովները գումարող «Սան Ֆէլիչէ տէ Քանթալիչէ Քոյրեր» եւ «Տիրամօր ողորմածութեան դուստրեր» միաբանութիւններուն անդամները։
Ողջոյնի խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը խօսքը կեդրոնացնելով ծառայութեան վրայ յիշեց վերոյիշեալ միաբանութիւններուն հիմնադիրները, քոյր Սոֆիա Թրուսզքոսքա եւ Քոյր Անճէլ Մարիա, որոնք պատերազմի օրերուն հիմնեցին իրենց միաբանութիւնները, նպատակ ունենալով ծառայել պատերազմէն զոհ մանուկներուն, անկարներուն, երիտասարդներուն։
Նորին Սրբութիւնը ապա հրաւիրեց միշտ կապուած մնալու իրենց միաբանութիւններու հաստատութիւններու հետ՝ երբեք չմոռնալով եղբայրսիրութեան հաւատարմութիւնը։
Անդրադառնալով Քոյր Մարիա Ճուզէփփաի մասին, որ հիմնած է Տիրամօր ողորմածութեան դուստրեր» միաբանութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, թէ ան հարուստ ժառանգութիւնը ունենալով հանդերձ հետեւեցաւ կուսակրօնութեան կոչումին ընտրելով «Սիրտը առ Աստուած եւ ձեռքերը աշխատանքին» կարգախօսը ու նետուեցաւ սիրոյ նոր արկածախնդրութեան մէջ՝ աղքատ սակայն զօրաւոր միջոցներով՝ Խաչը եւ Տիրամօր արձանը, ինչպէս նաեւ հինգ լիրա դրամ»
Պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը նշեց որ ինք Պուէնոս Այրէսի մէջ վերոյիշեալ միաբանութեան պատկան դպրոցին մը մէջ ստացած է դրոշմի խորհուրդը եւ երբեք չէ մոռցած Քոյր Տոլորէսը, որմէ շատ բաներ սորվեցայ» ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով, որ գոհութիւն կը յայտնէ Տիրոջ «որովհետեւ եկեղեցւոյ մատուցած ներկայ ծառայութիւնը, այն բարիքի պտուղն է զոր ես ստացած վաղ տարիքիս մէջ ձեր կրօնական ընտանիքէն»։
Սրբազան Հայրը պատգամը աւարտեց քաջալերելով ներկաները վերանորոգելու իրենց հաւատարմութիւնը տիրոջ կամքի, հաստատ մնալով իրենց դաւանած երդումներուն եւ հնազանդելով Սուրբ Հոգիին ներգործութեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ