Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ «Որպէսզի աշխարհը հաւատայ»

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը «Յիսուսի Սուրբ Սիրտ» Տեհոնիանի միաբանութեան անդամներուն։ Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը կեդրոնացուց միաբանութեան այս տարուան ընդհանուր ժողովին կարգախօսին վրայ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 27 յունիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Յիսուսի Սուրբ Սիրտ» Տեհ։ոնիանի միաբանութեան անդամները իրենց տարեկան ընդհանուր ժողովին առիթով։ Արտասանած պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը մեկնաբանեց ժողովին կարգախօսը՝ «Կանչուած մէկ ըլլալու աշխարհի մը մէջ որ կը փոխուի, Որպէսզի աշխարհը հաւատայ»։

Մէկ ըլլալ. Միութիւն

Սրբազան Հայրը նշեց, որ Յիսուս մեծ ուժով իր Հայրէն միութիւն խնդրեց իր աշակերտներուն համար եւ այդ յանձնարարեց, ոչ թէ որպէս ծրագիր այլ որպէս առաջարկ եւ որպէս պարգեւ։ Նորին Սրբութիւնը նկատել տուաւ որ «կարեւոր է յիշել, թէ միութիւնը մեր գործունէութիւնը չէ, մենք ի վիճակի չենք զայն իրականացնել միայնակ, մենք կրնանք մեր մասնակցութիւնը բերել միայն Աստուծոյ օգնութեամբ, ապա հրաւիրեց ներկաները, որ իրենց ժողովներուն մէջ ուշադրութիւն դարձնեն հաղորդութեան կեանքի արժէքին, Աստուծոյ խօսքը լսելու եւ խորհրդածելու ջանասիրութեան, անձնական եւ հասարակաց աղօթքի կեդրոնականութեան, մասնաւորապէս երկրպագութեան՝ որպէս եկեղեցւոյ ծառայութիւն։ «Միշտ յիշենք, որ առանց աղօթքի չէ կարելի յառաջ երթալ, չենք կրնար կանգնիլ ո՛չ կրօնական կեանքին եւ ո՛չ առաքելական կեանքին մէջ» ըսաւ Ան։

Որպէսզի Աշխարհը հաւատայ

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց որ սա դժուար նպատակն մըն է , որուն դիմաց բազմաթիւ հարցումներ կը ծագին, հարց տալով թէ այսօր ինչպէ՞ս կարելի է միսիոնարներ ըլլալ ու այս հարցումին պատասխանելու համար յանձնարարեց դիմել Աստուծոյ ծառայ Լեհոնի ու անոր օգնութիւնը խնդրել։

«Աստուծոյ ծառան իր նամակներուն մէկու մը մէջ խորհրդածելով Տիրոջ չարչարանքին մասին, նկատեց որ այդ չարչարանքներու մէջ՝ խարազանները, փուշերը, Փրկչին մարմինին մէջ մէկ բառ գրեց, սէր... այս բոլորը, Աստուծոյ ծառայ Տէհոնը հասկցաւ եւ ապրեցաւ մինչեւ ծայր, այնպէս ինչպէս կը վկայեն իր վերջին պարզ, գեղեցիկ բառերը զոր ձգեց իր մահուան անկողինին վրայ. «Ան իմ ամէն ինչս է, իմ կեանքը, իմ մահը, իմ յաւիտենականութիւնը», ըսաւ Սրբազան Հայր։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց քաջալերելով ներկաները շարունակելու իրենց առաքելութիւնը միեւնոյն հաւատքով եւ վեհանձնութեամբ։ Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց աշխարհի մէջ անոնց կատարած բոլոր ծառայութիւններուն համար, հուսկ շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը խնդրեց որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/06/2024, 09:36