Ֆրանչիսկոս Պապ. Հռոմը համընդհանուր ոգիով քաղաք, եղբայրսիրութեան, հիւրասիրութեան ծառայութեան ի սպաս
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հռոմի մայրաքաղաքի քաղաքապետարան այցելութեան ծիրէն ներս, Ֆրանչիսկոս Պապ իր արտասանած պատգամին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքապետին եւ քաղաքական բոլոր ներկայացուցիչներուն սոյն այցելութեան համար, ապա անդրադառնալով պատմութեան մէջ Հռոմ քաղաքի ունեցած յատկութիւններուն նշեց, որ Հռոմը 2800 տարիներուն հոլովոյթին ունեցաւ համընդհանրութեան մշտական կոչումը եւ «հին Հռոմը իր օրինական զարգացման եւ կազմակերպչական կարողութիւններով եւ դարերու ընթացքին ամուր եւ մնայուն հաստատութիւններուն շնորհիւ դարձաւ այն փարոսը, որուն դիմեցին շատ մը ժողովուրդներ՝ վայելելու կայունութիւնը եւ անվտանգութիւնը, ըսաւ Սրբազան Հայրը ու աւեցուց, որ այս «հին հռոմէական մշակոյթը, որ անկասկած շատ մը արժէքներ ունեցած է ,միւս կողմէ կարիքը ունէր ինքն իրեն բարձրացնելու յոյսի եւ ազատութեան մեծ եւ խորունկ եղբայրութեան պատգամին։
Նորին Սրբութիւնը խօսքը կեդրոնացուց Հռոմ քաղաքին մէջ տարածուած քրիստոնէական պատգամին եւ մշակոյթի, ըսելով որ «Նահատակներու փայլուն վկայութիւնը եւ հաւատացեալներու առաջին համայնքներուն բարեգործութեան դիմագիծը կարիքը զգաց լսելու նոր բառեր, յաւիտենական կեանքի խօսքեր... այս բարի աւետիսը, քրիստոնէական հաւատքը ժամանակի ընթացքին ներթափանցեց եւ փոխակերպեց մարդկանց, հաստատտութիւններուն կեանքը։
«Հռոմի Կեսարներուն, այսպէս ըսենք յաջորդեցին Հռոմի Պապերը, Սուրբ Պետրոս առաքեալի յաջորդները, որ նախագահեցին ողջ եկեղեցւոյ բարեգործութեան եւ որոնք որոշ դարերուն նոյնպէս ստիպուած եղան փոխարինող դեր կատարել, քաղաքացիական զօրութիւններուն համար, հին աշխարհի առաջադէմ քայքայման մէջ» ըսաւ Սրբազան Հայրը, անդրադառնալով ապա Իտալիոյ միութենէն ետք Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ Իտալիոյ միջեւ կնքուած համաձայնութեան, մատնանշեց որ «Հռոմը միշտ ինք իրեն հաստատած է նաեւ այս վերջին պատմական փուլերուն, իր տիեզերական կոչումին մէջ, ինչպէս կը վկայեն Վատիկանեան Տիեզրական Բ ժողովի աշխատանքները, տօնակատարուած Սուրբ Տարիները, 1960 թուականի ողիմպիական խաղերը, միջազգային կազմակերպութիւններուն, ինչպէս ՖԱՕ, որոնց Հռոմի մէջ ունին իրենց կեդրոնը»,ըսաւ Սրբազան Հայրը, Ան ապա խօսքը կեդրոնացնելով 2025 յոբելինական Սուրբ Տարուան վրայ ընդգծեց, որ այդ միջոցառումը դրական դիմագիծ պիտի տայ քաղաքին, բարելաւելով քաղաքին գեղեցկութիւնը եւ հանրային ծառայութիւնները՝ աւելի արդիւնաւէտ դարձնելով ոչ միայն կեդրոնին մէջ այլեւ արուարձաններու մէջ, շնորհիւ քաղաքային իշխանութիւններուն եւ եկեղեցական հաստատութիւններուն։
«Հռոմը տիեզերական ոգիով քաղաք։ Այս ոգին կը ցանկանայ ըլլալ եղբայրսիրութեան հիւրասիրութեան ծառայութիւն։ Թող Հռոմը շարունակէ ցոյց տալ իր իսկական դէմքը՝ հիւրընկալ, հիւրասէր, առատաձեռն վեհ դէմքը, ըսաւ Սրբազան Հայրը։
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յայտնելով, որ ինք երբ երիտասարդ էր յատուկ ջերմեռանդութիւնը ունեցած է Սալուս Փոփուլի Ռոմանի Տիրամօր եւ ամէն անգամ Հռոմ քաղաք կը հասնի անոր այցելութեան կ՝երթար, հայցեց Աստուածամայրէն որ հսկէ Հռոմ քաղաքին եւ ժողովուրդին վրայ, յոյս սերմանէ եւ գթութիւն ներշնչէ, որպէսզի մայրաքաղաքը հաստատելով իր ամենազնիւ աւանդութիւնները շարունակէ մնալ նոյնիսկ մեր ժամանակներուն, քաղաքակրթութեան փարոս եւ խաղաղութեան խթանող»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ