Ովկիանոս Ովկիանոս 

Ֆրանչիսկոս Պապ. Ջուրը պահպանելու համար անհրաժեշտ է արմատական փոփոխութիւն

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Քոսթա Ռիքայի մէջ կայացած «Սուզուիլ փոփոխութեան մէջ» վերնագիրով միջոցառման մասնակիցներուն, նուիրուած ովկիանոսներուն պաշտպանութեան

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Յունիս 8-ին հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը ուղղուած, բարձր մակարդակի վրայ ովկիանոսներու գործողութեան նուիրուած, «Սուզուիլ փոփոխութեան մէջ» վերնագիրով միջոցառման մասնակիցներուն, որուն նպատակն է խթանել ովկիանոսի պաշտպանութեան լաւ փորձեր։ Միջոցառումը տեղի ունեցաւ Քոսթա Ռիքայի մէջ։

«Մենք կը գնահատենք անոր ընդհանուր օգտակարութիւնը պարենային անվտանգութեան ոլորտին մէջ, անոր համեստ աշխատանքը կլիմային կարգաւորման մէջ, մենք կը պայքարինք ապականութեան դէմ վերականգնելու համար անոր թանկարժէք գեղեցկութիւնը եւ կը որոշենք չխախտել անոր մաքրութիւնը, ժառանգութեան ձգելով յաջորդ սերունդներուն»։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին «Սուզուիլ փոփոխութեան մէջ» վերնագիրով միջոցառման մասնակիցներուն յղած պատգամին առանցքը։

Ջուրը անհրաժեշտ է մարդուն կեանքի համար

Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ կը մատնանշէ, որ ջուրը կարեւոր է մարդու կեանքին համար, առանց անոր ոչ մէկ առաջընթաց, ոչ իսկ ընկերային, կարող չէ որ գոյութիւն ունենայ. «Նոյնիսկ Հռոմի մեծ քաղաքը ընկղմած է ջուրի ուժի հայեցակարգի ովկիանոսի մէջ» նշեց Ան։

Սրբազան Հայրը ապա նկատել կու տայ, որ մեր ժամանակահից օրերուն ականատես կ՝ըլլանք ողբալի բաներուն, ինչպէս օգտակար բաները կ՝այլասերուին, օրինակի համար ջուրը կը շահագործուի առարկայ դարձնելով
զայն։

«Մենք կը վիրաւորենք անոնց որոնք լուր եւ խոնարհ աշխատանք կը տանին ընդհանուր բարօրութեան։ Աստուծոյ այս նուէրը թանկարժէք համարելու փոխարէն, մենք այդ կը վերածենք արժոյթի, շահարկումներու պատճառ եւ նոյնիսկ կեղեքումի միջոց»։

Ջուրը պահպանելու համար անհրաժեշտ է արմատական փոփոխութիւն

Ֆրանչիսկոս Պապ կը քաջալերէ միջոցառման մասնակիցները արժէքաւորելու ովկիանոսներուն ընդհանուր օգտակարութիւնը պարենային անվտանգութեան ոլորտին մէջ, անոր հեզ աշխատանքը կլիմային կարգաւորման մէջ, ինչպէս նաեւ պայքարելու ապականութեան դէմ՝ ովկիանոսի թանկարժէք գեղեցկութիւնը վերականգնելու համար ինչպէս նաեւ աշխատելու չխախտելու անոր մաքրութիւնը, որպէս ժառանգութիւն ձգելով ապագայ սերունդներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը կ՝աւարտ իր միտքը բերելով Հռոմի Ֆոնթանա տի Թրեւի աղբիւրը յոյս յայտնելով, որ այդ շքեղ աղբիւրին պատկերը բոլորս օգնէ հասկնալու, որ մեր ողջ քաղաքակրթութիւնը ընկղմուած է ովկիանոսի մէջ, հասկնալու, որ անհրաժեշտ է արմատական փոփոխութիւն՝.վերականգնելու համար Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասիզացիին նկարագրած ջուրին ածականներու իմաստը»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/06/2024, 10:49