2024.06.12 Udienza Generale

Ֆրանչիսկոս Պապին նախաբանով «Խաղաղութեան խաղեր» գիրքը

Ողիմպիական խաղերու ընթացքին զինադադարը կարող է խթանել խաղաղ յարաբերութիւնները

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Հինգշաբթի, 13 յունիսին լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Պապին ստորագրութիւնը կրող նախաբանով «Խաղաղութեան խաղեր» վերնագիրով Իտալացի մարզանքի ղեկավար` Վինչենցօ Փարրինելլօ հեղինակին հատորը, Վատիկանի  տպագրատան կողմէ։

Նախաբանին սկիզբը Սրբազան Հայրը կը նշէ «Փարիզի ողիմպիական եւ պարալիմպիկ խաղերը խաղաղութեան հնարաւորութիւն են» ապա մատնանշեց վերջերս Միացեալ Ազգերու զինադադարի խնդրանքին յոյս յայտնելով որ «մարզանքը կարողանայ շօշափելի կամուրջներ կառուցել, տապալել պատնէշները ու խթանել խաղաղութեան յարաբերութիւններ»։

Քահանայապետը ապա յղում կատարեց ողիմպիական խաղերու պայմանագիրին ուր կը մատնանշուի մարդ անհատի կեդրոնականութիւնը անոր արժանապատւութեամբ, ու յանձնառում կը դրսեւորուի սատարելու աւելի լաւ աշխարհի մը կառուցումին, աշխարհ մը «առանց պատերազմի, մարզանքի միջոցաւ կրթելով երիտասարդները, առանց խտրականութեան, բարեկամութեան եւ զօրակցութեան ոգիով»։

«Մարզական գործունութիւն ոգին է միաւորել եւ չի բաժնել, իսկ հինգ միահիւսուած օղակները, ողիմպիական խաղերու խորհրդանիշն ու դրօշը, կը ներկայացնեն եղբայրութեան ոգին, որ պէտք է բնութագրէ ողիմպիական իրադարձութիւնը և ընդհանրապէս մարզական մրցակցութիւնը» կը գրէ ապա Սրբազան Պապը նախաբանին մէջ բարձր գնահատելով նաեւ 2021 Թուականին միջազգային ողիմպիական կոմիտէի, ողիմպիական կարգախօսին չորրորդ բառը աւելցնելը` «միասին» բառը, «Աւելի արագ, Աւելի վեր, Աւելի զօրաւոր եւ միասին»։

Նորին Սրբութիւնը կը նշէ հուսկ թէ «մարզանքը երբեք պէտք չէ կորսնցնէ իր պարզութեան յատկութիւնը, որ կը կասեցնէ ամէն գինով դէպի շահոյթ եւ յաջողութիւն վազքը», որպէս ողիմպիական խաղերու բանալի առաջարկելով մօտիկութիւն բառը, զոր ինք միշտ կը թելադրէ « Athletica Vaticana»ի մարզիկներուն, եւ ասկէ մեկնելով կը հաստատէ թէ «Մարզանքի ժամանակ կարեւոր չէ լեզուն, մշակոյթը, ծագումը կամ կրօնը»

«Ողիմպիական եւ պարալիմպիկ խաղերը նաեւ հնարաւորութիւն են ողջագուրելու կանանց եւ մարդոց պատմութիւնները, որոնք կ՝ապրին իրար միջեւ տարբեր մարդկային, մշակութային եւ կրօնական փորձառութիւններ» կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծելով նաեւ հարկաւորութիւնը որ բոլոր մարզիկներուն վերապահուի միեւնոյն արժանապատւութիւնը «անկախ իրենց շահած մետալներէն եւ մրցակցային վարկանիշերէն»։

Ան ապա կ՛ակնարկէ անկար մարզիկներուն, որոնք հիացում կը պատճառեն իրենց կարողութիւններուն համար ապա գաղթական մարզիկներուն, «որոնք կը պատմեն փրկագնման, յոյսի եւ ընդելուզման պատմութիւններ» կը նշէ հուսկ Նորին Սրբութիւնը, յիշելով Սուրիացի ողիմպիական լողորդը, որ բաց ծովուն մէջ նաւը հրեց մինչեւ Լեզւոս կղզի, փրկելով նաեւ 18 անձեր կամ աֆղանցի հաշմանդամ լողորդը, որ դարձաւ ախոյան եւ ասկէ մեկնելով կը հաստատէ. «անոնք միայն մարզանքի մարդիկ ու կիներ չեն, այլ խաղաղութեան մարդիկ եւ կիներ, դերակատարները յամառ յոյսի մը, եւ վատ պահէ մը ետք՝ ոտքի կանգնելու ունակութեամբ հերոսներ»։

«Ողիմպիական եւ փարալիմփիք խաղերը խաղաղութեան հնարաւորութիւն են» նշեց ապա Սրբազան Հայրը աւելեցնելով` որ Ինք անձնապէս եւ Սուրբ Աթոռը կը քաջալերեն եւ կ՛աջակցին ողիմպիական եւ փարալիմփիք շարժումին» այնպէս ինչպէս պատահած է Պիոս Ժ Պապի օրերէն ի վեր երբ ունկնդրութիւն շնորհելով Փիէր տէ Քուպերթինին` 1905 - 1913 տարիներուն Վատիկանի մէջ կեանք տուաւ միջազգային մարզական միջոցառումներու, մասնակցութեամբ անկար եւ կոյր երիտասարդներուն։

Նախաբանի աւարտին Քահանայապետը անգամ մը եւս յիշեց «Athletica Vaticana» Վատիկանի մարզական ընկերակցութիւնը ու Կրթութեան եւ Մշակոյթի Վերատեսչութիւնը որոնք կ՝իրականացնէ միջազգային գետնի վրայ կ՛առաջարկեն մարզանքի եղբայրական, նեռարական եւ զօրակցական տեսլական մը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/06/2024, 08:00