Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայութեամբ ինը կարդինալներու նիստը Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայութեամբ ինը կարդինալներու նիստը 

Ինը կարդինալներու ժողովի աշխատանքներու կեդրոնը եղաւ երեք կանանց ելոյթները

Աւարտեցաւ Պապին խորհրդատու ինը ծիրանաւորներու խորհուրդի երկօրեայ աշխատանքային ժողովները, ունենալով որպէս կեդրոնական նիւթ Եկեղեցւոյ մէջ կանանց դերը եւ անչափահասներուն պաշտպանութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

18 յունիսին, վերջ գտաւ ինը խորհրդատու կարդինալներու խորհուրդի երկօրեայ ժողովները՝ կեդրոնական նիւթ ունենալով կանանց դերը եւ անչափահասներու պաշտպանութիւնը։ Ժողովին երկրորդ եւ վերջին օրը, համալսարանի երկու դասախօսուհիներ եւ կրօնաւորուհի մը զրուցեցին Ֆրանչիսկոս Պապին եւ ինը կարդինալներուն առջեւ։


Կրօնաւորուհի եւ երկու ուսուցուչուհիներ

Վատիկանի մամլոյ գրասենեակին, 18 յունիսին, յետմիջօրէին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք, որ երեկ՝ ժողովին երկրորդ օրը ելոյթ ունեցած են Քոյր Լինտա Փոշերը, անոր յաջորդած են Լուկանի SUPSI համալսարանին դասախաօսուհի եւ ընկերաբանութեան բաժանմունքի հետազօտող Վալենթինա Ռոթոնտի, ու Փիաչենցա քաղաքին Աստուածաբանական բաժանմունքի եկեղեցական իրաւագիտութեան Փրոֆէսոր Տոնաթա Հորակա

Հիւրերու միջամտութիւններ

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութեան համաձայն, Փրոֆ Ռոթոնտի իր զեկոյցին մէջ կարեւորեց «տնտեսութեան տեսլականը, որպէս խնամք եւ լաւ կառավարում սերունդներուն միջեւ խոր յարաբերութեան շրջանակէն ներս, մինչդեռ Տոնաթա Հորաճ կարեւորեց է « մի քանի հակասութիւններ, ինչպէս արդարութիւնը եւ ողորմութիւնը, խորհրդակցական իշխանութիւնը, խորհրդակցական ուժը, նուիրապետական սկզբունքը եւ հաղորդութեան եկեղեցաբանութիւնը, ժողովրդականացում եւ միապետական տիպար՝ կանոնական իրաւունքներուն աւելի լայն մտորումներու համատեսքին մէջ։

Կարդինալ Ամնոնկօ, Եկեղեցւոյ մէջ կայ մայրութիւն, որ պէտք է արժեւորուի։

Ժողովին աւարտին Կարդինալ Ֆրիտոլին Ամպոնկօ Պէսունկա փոխանցելով իր նկատառումները Վատիկանի Նիւզին յիշեց, որ երեկ՝ չորրորդ անգամն է, որ քննարկուած է եկեղեցւոյ մէջ կանանց դերի վերաբերեալ նիւթը. «Մեր մօտը եկեղեցիներու մէջ տօնակատարութիւններու մասնակցող անձերուն կէսէն աւելի կիներ են ու կը նկատենք, որ անոնք քիչ պատասխանատուութիւններ ունին, «մեզի համար պարզ դարձաւ, որ այդ պատասխանատուութիւնները պէտք են աճիլ, ոչ «ռազմական իմաստով», որովհետեւ ինչպէս կ՝ըսէ Պապը, « Եկեղեցին կին է » եւ կայ « մայրութեան» մտայնութիւն, որ պէտք է արժեւորուի եկեղեցւոյ հասարակութեան մէջ, ըսաւ Կարդինալ Ամոնկօ։

Կնոջ ղեկավարութիւնը ունի զարգացման շատ հնարաւորութիւններ

Կարդինալ Օսվալտ Կրասիաս համաձայն գտնուելով Կանանց դերի կարեւորութեան նշեց, որ ինք Հնդկաստանէն կու գայ, դիտել տալով որ շրջաններու մէջ կիները քիչ կարեւորութիւն ունին ու այդ կիները երկրորդ կարգին դասուած են ու ասոր համար եկեղեցին կ՝աշխատի անոնց տալու «ընտանիքին, ընկերութեան, քաղաքականութեան մէջ ճիշդ դիրքը»։

«Իմ կեանքիս փորձարարութիւնս ցոյց տուաւ, որ շատ անգամ կանայք կրցած են լուծել այն խնդիրները, «այն տեսակէտով , որ տղամարդիկը չեն ունեցած»։ Եւ ունիմ մեծ յոյս, որ այս ամէնը կը զարգանայ։

Անչափահասներու պաշտպանութիւնը եւ աշխարհը մէջ ճգնաժամերը։

Ինը կարդինալներու ժողովի երկրորդ եւ վերջին օրը շարունակուեցաւ Կարդինալ Օմալիի զեկոյցներով, «անչափահասներու պաշտպանութեան յանձնախումբի աշխատանքէն բխած հեռանկարներու վերաբերեալ իսկ կարդինալ Կրասիաս, ուսումնասիրեց « եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերու գործունէութիւնը եւ գործելաոճը։ Ի վերջոյ քննարկումի նիւթ եղան աշխարհի տարբեր տարածքներու իրավիճակները, ուրկէ եկած են խորհուրդի ծիրանաւորները, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով ընթացող հակամարտութիւններուն։ Խորհուրդին յաջորդ նստաշրջանը տեղի պիտի ունենայ 2024 տարուան դեկտեմբեր ամիս։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/06/2024, 13:08