«Թմրամիջոցներու դէմ պայքարը» եղաւ Քահանայապետի հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութեան առանցքը

Այսօր կը յիշատակուի «Թմրամիջոցներու չարաշահման և ապօրինի շրջանառութեան դէմ պայքարի համաշխարհային օրը» հաստատուած է ՄԱԿ-ի կողմէ 1987 թուականին։ Օրուան այս տարուայ բնաբանն է «Ապացոյցները պարզ են. պէտք է ներդրումներ կատարենք կանխարգելման գործին մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

 

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 26 Յունիսի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը եւ այս առիթով ներկայացուցած խորհրդածութիւնը ուզեց կեդրոնացնել «Թմրամիջոցներու չարաշահման և ապօրինի շրջանառութեան դէմ պայքարի համաշխարհային օրուան» վրայ, որ հաստատուած է ՄԱԿ-ի կողմէ 1987 թուականին, եւ կը յիշատակուի այսօր։

«Այս տարուայ բնաբանն է «Ապացոյցները պարզ են. պէտք է ներդրումներ կատարենք կանխարգելման գործին մէջ» ըսաւ Սրբազան Պապը մէջբերելով Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ խօսքերը. «Թմրամիջոցներու չարաշահումը կ՛ աղքատացնէ իւրաքանչիւր համայնք... Ան կը նուազեցնէ մարդկային ուժն ու բարոյական մանրաթելը: Կը խաթարէ գնահատուած արժէքները: Կ՛ ոչնչացնէ ապրելու իղձը և աւելի լաւ հասարակութեան մը նպաստելու ցանկութիւնը»:

Ան ապա դիտել տուաւ «թէ պէտք է յիշենք որ իւրաքանչիւր թմրամոլ «իր հետ կը բերէ մէկ այլ անձնական պատմութիւն, որ պէտք է լսել, հասկանալ, սիրել և հնարաւորինս բուժել ու մաքրել» ու նաեւ թէ «ան կը շարունակէ ունենալ արժանապատուութիւն` որպէս Աստուծոյ զաւակ։

Ֆրանչիսկոս Պապը ապա ակնարկեց Պենետիկտոս ԺԶ խօսքերուն ու անոր կոչին ուղղուած թմրավաճառներուն, որպէսզի «մտածեն այն վնասի մասին, որ անոնք կը հասցնեն բազմաթիւ երիտասարդներուն և մեծահասակներուն.... Աստուած անոնցմէ հաշիւ պիտի պահանջէ իրենց ըրածին համար։ Կարելի չէ մարդկային արժանապատուութիւնը ոտնահարել այս ձեւով»։

Քահանայապետը առ այդ քննադատեց «Թմրամիջոցներուն սպառման ազատագրումը» օգտագործել, որպէս անորմէ կախուածութեան նուազեցման միջոց, համոզում արտայայտելով, որ «բարոյապէս անհրաժեշտ է վերջ դնել այդ վտանգաւոր նիւթերու արտադրութեան ու անոնց շրջանառութեան»։

«Այս վէրքը` որ բռնութիւն կ՛արտադրէ եւ տառապանք ու մահ կը սերմանէ, ընկերութենէն կը պահանջէ արի մէկ արարք մը» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով, որ «թմրամիջոցներուն արտադրութիւնն ու անոնց վաճառքը, կործանարար հետեւանք ունի հասարակաց տան վրայ» ու այս ուղղութեամբ մատնանշելով` որ «թմրամիջոցներու վաճառականութեան ու անոր օգտագործման դէմ պայքարի այլ միջոցը կանխարգիլումն է, որ կը կատարուի խթանելով աւելի մեծ արդարութիւն ու երիտասարդներուն դաստիարակելով արժէքները, որոնք կեանք կը կառուցեն, ընկերանալով անոր որ դժուարութեան մէջ կը գտնուի, անոր տալով ապագայի նկատմամբ յոյս։

Սրբազան Պապը մատնանշեց նաեւ իր առաքելական ճամբորդութիւններու ընթացքին իրեն ունեցած տարբեր հանդիպումներուն, որոնց շարքին «Բարի սամարացիները», որոնք իրենց ծառայութիւնը կը մատուցեն վերականգնելու համար թմրամոլութեան զոհ անձերը, ինչպէս նաեւ Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասերու գործունէութեան խթանելու համար օրէնքներ եւ քաղաքականութիւններ ի նպաստ թմրամոլներու վերականգնումին, այս ծիրէն ներս որպէս օրինակ ներկայացնելով « La Pastoral Latinoamericana de Acompañamiento y Prevençión de Adicciones (PLAPA)» ցանցը։

Սիրելի եղբայրներ և քոյրեր, ի տես ամբողջ աշխարհին մէջ միլիոնաւոր մարդկանց թմրամոլութեան ողբերգական իրավիճակին, ի տես թմրամիջոցներու արտադրութեան և ապօրինի շրջանառութեան գայթակղութեան, «մենք չենք կրնար անտարբեր ըլլալ։ Տէր Յիսուս կանգ առաւ, մօտեցաւ, բուժեց վէրքերը։ Մենք ալ կոչուած ենք գործելու Անոր ոճով կանգ առնելու դիւրաբեկութեան ու տառապանքի կացութիւններուն դիմաց, ու գիտնալ ունկնդրել առանձնութեան ու անձկութեան աղաղակը, հպելու որպէսզի բարձրաձնենք և նոր կեանքի վերադարձնենք անոնք, որոնք ինկած են թմրանիւթերու ստրկութեան մէջ»:

«Աղօթենք այն ոճրագործներուն համար. որոնք երիտասարդներուն թմրեցուցիչներ կը մատուցեն։ Անոնք ոճրագործ են, մարդասպան են։ Աղօթենք անոնց դարձին համար» ըսաւ ապա Քահանայապետը եւ խօսքը աւարտեց հրաւիրելով այս թմրամիջոցներու դէմ պայքարի Համաշխարհային օրուան առթիւ, որպէս քրիստոնեաներ և եկեղեցական համայնքներ, նորոգելու թմրեցուցիչներու դէմ մեր աղօթքի եւ գործի յանձնառութիւնը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/06/2024, 09:18

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >