Սալուս Փոփուլի Տիրամօր սրբանկարին ուխտի օրուան 80-րդ տարեդարձը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
80 տարի առաջ համաշխարհային պատերազմի ծանր օրերուն, Հռոմ քաղաքին մէջ 4 յունիսին Սալուսա Փոփուլի Տիրամօր սրբապատկերին առջեւ հաւաքուելով հռոմէացիները ուխտ կատարեցին խնդրելով Տիրամայրէ որ պաշտպանէ իրենց քաղաքը։ Նոյն օրը դաշնակից զօրքերը հռոմ քաղաք մտան առանց դիմադրութիւն գտնելով գերմանացիներու կողմէ
Սալուս Փոփուլի Տիրամօր սրբապատկերի հակիրճ պատմութիւնը
Այսօր՝ 4 յունիսին, Մարիա Սալուս Փոփուլի Ռոմանի Տիրամօր ուխտի 80-րդ տարեդարձի կապակցութեամբ Հռոմի Սան Ինիացիօ եկեղեցւոյ մէջ տեղի կ՝ունենայ վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքը, գլխաւորութեամբ Տիվինօ Ամօրէ հասարակութեան, նախագահութեամբ Հռոմի թեմի օգնական եպիսկոպոս Գերապայածառ Պալտօ Ոէյնային։ Ջերմեռանադական աղօթքէն ետք կը մատուցուի Սուրբ Պատարագ։
Սալուս Փոփուլի Տիրամօր սրբապատկերի համբաւը սկսած է այն ատեն երբ 1944ին, Հռոմի մէջ պատերազմի թունդ օրերուն Հռոմէացիները միասնաբար աղօթք կը բարձրացնէին Սրբանկարներուն դիմաց, որոնց շարքին Տիվինօ Ամօրէին սրբանկարը։
Պիոս ԺԲ քահանայապետը վախնալով, որ այդ Տիրամօր սրբապատկերը ռումբերու թիրախ դառնայ զայն կը փոխադրէ Հռոմի կեդրոնը գտնուող Քասթէլ Տի Լեվա Սրբավայրը։ Նախ եւ առաջ սրբապատկերը կը պահպանուի Ֆոնթանելլա Պորկեզէ հրապարակին վրայ գտնուող եկեղեցւոյ մէջ ապա մայիս ամիսը, հաւատացեալներու մեծ թիւին հետեւանքով կը որոշուի սրբապատկերը փոխադրուիլ Քամփօ Մարցիօ շրջանին Սան Ինիացիօ Տի Լոյոլա եկեղեցի, ուր 4 յունիսին հազարաւոր անձեր՝ կղերականներ, աշխարականներ իրենց ուխտը կատարեցին, խնդրելով Տիրամօր հովանին։ Արդարեւ միեւնոյն օրը երեկոյեան ժամը 7ին, դաշնակից զօրքերը Հռոմ քաղաք մտան առանց դիմադրութիւն գտնելու գերմանացիներու կողմէն։ Յաջորդը օրը, 5 յունիսին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ հազարաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ, Պիոս ԺԲ քահանայապետը յայտարարեց ըսելով «Անարտայայտելի երախտագիտութեամբ մենք կը յարգենք Ամենասուրբ Աստուածածինը, մեր Մայրը Մարաիամը, որ Սալուս Փոփուլի Ռոմանիի փառքերու աւելցուց իր մայրական բարութեան ապացոյցը, որ յաւերժ ամէն տարի պիտի յիշատակուի այս քաղաքի մէջ։
Արդարեւ 80 տարիէ ետք, հռոմի թեմը կը ոգեկոչէ այդ յիշատակը, տարբեր տօնախմբութիւններով եւ արարողութիւններով այդ իրադարձութեան չորս տարբեր վայրերու մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ