Որոնել

16th General Assembly of the Synod of Bishops in Vatican City

Ունկնդիր եղէ՛ք կանանց․ Ֆրանչիսկոս Պապ

Սրբազան Քահանայապետը ստորագրած է վերջերս լոյս տեսած «Կանայք եւ պաշտօնը սինոտալ Եկեղեցւոյ մէջ» գիրքին նախաբանը։ Հատորին հեղինակներն են կարդինալներ Հոլլերիխը եւ Օ'Մալլէյը եւ խորհրդատու կարդինալներու անցեալ 5 Փետրուարի նիստին մասնակցած երեք կին Աստուածաբանները։ «Չարաշահումներու ողբերգութիւնը ստիպած է մեզ բանալու մեր աչքերը կղերականութեան պատուհասին առջեւ, (…) Եկեղեցիէն ներս իշխանութիւնը գործադրելու խեղաթիւրուած եղանակի առջեւ, որու մէջ կարող են իյնալ բոլորը, ըլլայ աշխարհականները, ըլլայ կանայք»:
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Կանայք, անոնց դերը Եկեղեցիէն ներս, անոնց տառապանքը, սիւնհոդոսականութիւնը, չարաշահումներու ողբերգութիւնը․ Եկեղեցական այս զգայուն նիւթերը կ’արծարծուին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ստորագրութիւնը կրող «Կանայք եւ պաշտօնը սինոտալ Եկեղեցւոյ մէջ» գիրքին նախաբանի մէջ՝ ամբողջութեամբ հրապարակուած Վատիկանի L'Osservatore Romano թերթին կողմէ։ Հատորին հրատարակիչն է՝ Edizioni Paoline հրատարակչատունը, իսկ հեղինակները երեք Աստուածաբան կանայք եւ երկու Կարդինալներ․

Քոյր Լինտա Փոշեր, Քրիստոսաբանութեան ու Մարեմաբանութեան Հռոմի Auxilium Քահանայապետական գիտութեան ու կրթութեան բաժանմունքին մէջ դասատու եւ «Maria Ausiliatrice» միաբանութեան անդամ,

Ճուելիվա Տի Պերարտինօ, Վերոնայի Թեմին «Ordo Virginum» միաբանութեան անդամ միանձնուհի եւ հոգեւորականութեան եւ հոգեւոր կրթութիւններու դասատու,

Տոքթ Մայր Ժօ Պայլէյ Ուելս, Անգլիայի եկեղեցւոյ եպիսկոպոս և Անկլիքան հաղորդութեան գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ։

Կարդինալ Ժան Քլոտ Հոլլերիխ, Եպիսկոպոսներու սինոդի ԺԶ ընդհանուր ժողովին գլխաւոր զեկուցող,

Կարդինալ Սին Փաթրիք Օ’Մալլէյ, Անչափահասներու Պաշտպանութեան Քահանայապետական Յանձնախումբի Նախագահ։

Երկխօսութիւն հեղինակներու միջեւ

Հեղինակներու միջեւ այս «գրական» երկխօսութեան  նախորդած էր Ֆրանչիսկոս Պապին և Անոր Խորհրդատու ինը Կարդինալներուն հետ երկխօսութիւնը։

Երեք կին Աստուածաբանները Խորհրդատու Կարդինալներու Խորհուրդի՝ այսպէս կոչուած C9ի, հիմնադրումէն ի վեր առաջին անգամ անցեալ 5 Փետրուարին հրաւիրուած էին մասնակցելու եւ իրենց նպաստը բերելու Եկեղեցիէն ներս կնոջ դերի շուրջ խորհրդածութիւններուն։

Այդ հարցը ներկայիս առաւել խորութեամբ ուսումնասիրուած է վերոնշեալ հատորին մէջ, որ լոյս տեսած է 9 Յուլիսին, եւ շարունակութիւնն է  «Ապաարականցնե՞լ Եկեղեցին» տիտղոսով գիրքին։

Իրականութիւնն աւելի կարեւոր է, քան գաղափարը

«Չարաշահումներու ողբերգութիւնը ստիպած է մեզ բանալու մեր աչքերը կղերականութեան պատուհասի առջեւ, (…) Եկեղեցիէն ներս իշխանութիւնը գործադրելու խեղաթիւրուած եղանակի առջեւ, որու մէջ կարող են իյնալ բոլորը, ըլլայ աշխարհականները, ըլլայ կանայք», ընդգծած է Նորին Սրբութիւնը նախաբանին մէջ։

Ան հաստատած է ապա իր Քահանայապետութեան ընթացքին որդեգրած կարեւոր սկզբունքներէն մին՝ իրականութիւնն աւելի կարեւոր է, աւելի մեծ քան գաղափարը, եւ «երբ մեր աստուածաբանութիւնը կ’իյնայ յստակ եւ ճշգրիտ գաղափարներու թակարդը անխուսափելիօրէն» կը զոհաբերէ իրականութիւնը գաղափարներու զոհասեղանին, յարած է Ֆրանչիսկոս։

«Կանանց տառապանքներուն եւ ուրախութիւններուն ունկնդիր ըլլալը, անշուշտ, իրականութիւնը ընկալելու ձեւերէն մին է։ (…) Ամենէ շատ տառապող կանայք, յաճախ, ամենէ նուիրուածներն են՝ պատրաստակամ եւ պատրաստ ծառայելու Աստուծոյ և Անոր Արքայութեան», շարունակած է Սրբազան Պապը եւ նկատել տուած, որ «Կանայք եւ պաշտօնը սինոտալ Եկեղեցւոյ մէջ» հատորի արժանիքը այն է, որ իրականութեան ականջալուր կ’ըլլայ՝ իմաստուն կերպով մեկնաբանելով Եկեղեցւոյ մէջ կանանց փորձառութիւնը։ Եւ, սինոտալ գործընթացը նոյնպէս, ըստ Քահանայապետին «սկիզբ կ’առնէ իրականութենէ ու փորձառութենէ եւ բաց երկխօսութեան մէջ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/07/2024, 10:10