Քիեւի մէջ հիւանդանոցի դէմ յարձկաում Քիեւի մէջ հիւանդանոցի դէմ յարձկաում 

Ֆրանչիսկոս Պապ խորապէս տխրած է Քիւեի եւ Կազայի մէջ տեղի ունեցած բռնութիւններուն համար

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք որ Ֆրանչիսկոս Պապ խորապէս տխուր է Ուքրանիոյ եւ Կազայի մէջ բռնութեան աճին համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Քիեւի մէջ հիւանդանոցի եւ Կազայի մէջ դպրոցի դէմ յարձակումներէն յետոյ, որոնց հետեւանքով տասնեակ զոհեր եւ վիրաւորներ գրանցուեցան, Ֆրանչիսկոս Պապ հաղորդագրութեամբ մը իր «խոր անհանգստութիւնը» կը յայտնէ բռնութեան աճի համար մաղթելով, որ շօշափելի ուղիները վերջ դնեն շարունակուող հակամարտութիւնները։

Երեքշաբթի, 9 յուլիսին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը տեղեկացուց, որ Ֆրանչիսկոս Պապ մեծ ցաւով կը ստանայ  Քիւեւի մէջ բժշկական կեդրոններուն դէմ յարձակումներուն լուրը, որոնց շարքին Ուքրանիոյ մէջ ամենամեծ մանկաբուժարանը, ինչպէս նաեւ Կազայի մէջ դպրոցի դէմ յարձակումներըու լուրը։

Հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք, որ Ֆրանչիսկոս Պապ իր խոր անհանգստութիւնը կը յայտնէ բռնութեան աճի կապակցութեամբ ու իր մօտիկութիւնը կ՝ապահովուէ վիրաւորներուն եւ զոհերուն մաղթելով, որ շուտով բացայայտուին շօշափելի ուղիները, որոնք վերջ կը դնեն շարունակուող հակամարտութիւնները։

Ուքրանիոյ մայրաքաղաք Քիեւի երկու հիւանդանոցներու մէջ տուժածները մաս կազմեն 860 օրուայ պատերազմի ընթացքին, երկրի ամենարիւնալի օրերուն արձանագրուած զոհերուն. Քիեւի եւ այլ քաղաքներուն մէջ առնուազն 37 զոհ եւ 110 վիրաւոր։ Կազայի մէջ յարձակումները կատարուած են Սուրբ Ընտանիք դպրոցի դէմ ինչպէս նաեւ Նուսէյրաթ հաստատութեան դէմ, ուր կը բնակին մեծ թիւով գաղթականները, 16 զոհ եւ 50 վիրաւոր։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/07/2024, 13:23