Փափուա Նովա Կինէա, առաքելութիւն, եկեղեցի Փափուա Նովա Կինէա, առաքելութիւն, եկեղեցի 

Փափուա Նովա Կինէայի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի գտնէ ամուր եւ բազմերանգ եկեղեցի

Սուրբ Սիրտ միաբանութեան միսիոնարներուն ընդհանուր տեսուչ, հայր Մարիօ Ապզալոն Ալվարատոյի «Վատիկան Նիւզ«ի հետ ունեցած զրոյցը դէպի Փափուա Կինէայի կատարելիք Ֆրանչիսկոս Պապին ճամբորդութեան եւ երկրի բնակիչներու սպասումներուն մասին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Սիրտ միաբանութեան միսիոնարներուն ընդհանուր տեսուչ, հայր Մարիօ Ապզալոն Ալվարատօ, Վատիկան Նիւզ»ի հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը ու զրուցեց Նովա Կինէայի մէջ եկեղեցւոյ ներկայ իրավիճակի, քրիստոնեայ համայնքի մարտահրաւէրներուն, աւետարանումի եւ կոչումի մասին ի տես յառաջիկայ սեպտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապին դէպի Ասիա եւ Ովկիանոս կատարելիք առաքելական ճամբորդութիւններուն։

«Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի գտնէ հաւատքը լաւ ապրող եկեղեցի մը՝ սակայն Փափուա Կինէայի ոճով…. Անոնք շատ նախնի ժողովուրդներ են շատ հին աւանդութիւններով։ Անոնց համար Պապին ներկայութիւնը հաստատումն է իրենց ճանապարհորդութեան՝ իբրեւ եկեղեցի եւ իբրեւ Աստուծոյ ժողովուրդ», ըսաւ Հայր Մարիօ խօսելով Փափուա Նիկէայի ժողովուրդներու սպասումներու մասին ի տես Ֆրանչիսկոս Պապին 2էն 13 սեպտեմբերին Ասիա եւ Ոկիանոս կատարելիք առաքելական ճամբորդութիւններուն։

Առաքելութեան ծագումը Փափուա Նովա Կիէնայի մէջ

Կուաթեմալացին կրօնաւորը Հայր Մարիօ յիշեց որ Սուրբ Սիրտ միաբանութեան առաջին միսիոնարները առաջին անգամ Փափուա Կինէա հրաւիրուած են երբ միաբանութեան հիմնադիր՝ Հայր Ժուլիուս Շեւալիէ ողջ էր։ Անոնք միսիոնարներուն պատուէրը ստացած են 1878-1879 թուականներու վերջաւորութեան։ 1881ին, կղզիին վրայ հաստատուելու առաջին փորձէն ետք, 4 յուլիս 1885ին մատուցեցին առաջին Պատարագը ու հիմնեցին որոշ առաքելութիւններ հարաւային ափին վրայ, Ռորօ եւ Մէքէօ ցեղերու շրջանին մէջ։

«1881ին, մենք հասանք Պապուա Նովա Կինէա եւ դա եկեղեցւոյ ժամանակից դարաշրջանի սկիզբը եղաւ։ Շատ դարեր առաջ եղած են, որոշ ներկայութիւններ սակայն շատ նուազագոյնը։ Մենք Փափուա Նովա Կինէայի եկեղեցական աճի առաջամարտիկներն ենք» ըսաւ հայր Մարիօ։

Անսպասելիներու երկիր

Հայր Մարիօ Փափուա Նովա երկրի իրականութիւնը նկարագրեց որպէս բազմամշակութային աշխարհ մը, սակայն եկեղեցին այդ հողերուն վրայ ներկայ է որպէս բազմագոյն, բազմալեզու, բազմազգ եկեղեցի, ըսաւ աւելցնելով որ Փափուա Կիէնա շատ հնագոյն աւանդութիւն ունեցող երկիր մըն է բայց կեանքի ռիթմերով՝ շատ տարբեր արեւմուտքի երկրիրներէն։

«Ֆրանչիսկոս Պապը պիտի գտնէ հաւատքը լաւ ապրող եկեղեցին մը՝ սակայն Փափուա Նովա Կինէայի, կղզիներուն, ափամերձ հողերու ոճով… Անոնք նախնիներուն շատ հին աւանդութիւններով ժողովուրդներ են, մենք պէտք ենք փոխել մեր մտածելակերպը երբ կը հասնինք հոն»։

Հայր Մարիօ հրաւիրեց աղօթելու Ֆրանչիսկոս Պապին ճամբորդութեան համար։ «Շատ աղօթենք… Փափուա Կինէայի, Ինտոնեզիօ, Թիմօր էսլի եւ Սինկափորէ մէջ անձերը բաց սիրտով կը սպասեն Պապին։ Քահանայապետին ներկայութիւնը հաստատումն է անոնց ճանապարհորդութեան, որպէս եկեղեցի, որպէս Աստուծոյ ժողովուրդ։ Մեր մաղթանք է շարունակել քալել սինոդականութեան մէջ ողբ աշխարհի բոլոր մասերուն մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/07/2024, 11:12