Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցագիրը ի լուր Վեիթենամի երբեմնի նախագահի մահուան
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Իմանալով Վեսմաշուք Տիար Նկույըն Ֆու Թրոնի մահուան լուրը, Վիեթնամի համայնավար կուսակցութեան գլխաւոր քարտուղար և Վիեթնամի ՍոցիալիստականՀանրապետութեան նախկին նախագահ, Ֆրանչիսկոս Պապը իր ցաւակցութիւնները կը յայտնէ բոլոր անոնց, որոնք կը սգան անոր կորուստը, յատուկ կերպով անոր ընտանիքին, իր աղօթքներու հաւաստիութեամբ անոնց մխիթարութեան եւ անդորրութեան համար». Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը այսպէս կը սկսի Վիեթնամի Հանրապետութեան ներկայ նախագահ Հրամանատար Թա Լամին Քահանայապետին անունով ուղղած ցաւակցական հեռագիրը ի լուր Վեիթնամի երբեմնի նախագահ Տիար Նկույըն Ֆու Թրոնի մահուան։
Հեռագիրին մէջ Փարոլին մասնաւոր գնահատանք կ՛արտայայտէ ննջեցեալի դերակատարութեան «Սուրբ Աթոռի եւ Վիեթնամի միջեւ յարաբերութիւններու դրական զարգացման համար բերած նպաստին ու յանձնառումին»- ապա կը վստահեցնէ Ֆրանչիսկոս Պապին հոգեւոր մօտիկութեան արտայայտութիւնները` հանրապետութեան բոլոր քաղաքացիներուն, «ազգին ապրած այս տխուր պահուն առիթով»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ