Ֆրանչիսկոս Պապ. Խաղաղութիւն պատերազմի սարսափէն ճնշուած բոլոր ժողովուրդներու համար
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Կիրակի 14 յուլիսին, կիրակնօրեայ հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը գտնուող հաւատացեալներն ու ուխտաւորները, յատուկէն ողջունեց Հռոմէացի ուխտաւորները, Նազարէթի Սուրբ Ընտանիք միաբանութեան անդամները,Սուրբ Օգոստինոսի միաբանութեան կողմէ կազմակերպուած աշխարահաններուն միջազգային համագումարին մասնակիցները
Նորին Սրբութիւնը ապա յիշելով որ այսօր ծովու նուիրուած օրն է խնդրեց աղօթել ծովու շրջանակէն ներս աշխատողներուն համար, հրաւիրեց նաեւ աղօթելու Ուքրանիոյ, Պաղեստինի, Իսրայէլի, Միանմարի համար։
«Թող Աստուածամայրը, որ վաղը պիտի տօնենք որպէս Մոնթէ Քարմելոյի երանելի Կոյսը, մխիթարութիւն եւ խաղաղութիւն պարգեւէ պատերազմի սարսափէն ճնշուած բոլոր ժողովուրդներուն», ըսաւ Սրբազան Հայրը
Ֆրանչիսկոս Պապը խօսքը աւարտեց բարի կիրակի մաղթելով բոլորին ու խնդրելով որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
«Հաճեցէք չմոռնալ աղօթելու ինծի համար, բարի ճաշ եւ բարի կիրակի բոլորին, ցտեսութիւն» ըսաւ Սրբազան Հայրը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ