Ֆրանչիսկոս Պապ. Խաղաղութիւնը թող գերիշխէ ատելութեան եւ բաժանումներուն վրայ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը մը ուղղեց 18 յուլիս, 1994ին,Պուէնոյս Այրէսի մէջ գտնուող Իսրայէլեան եւ Արժանթինական փոխօգնութեան ընկերակցութեան կեդրոնատեղիին դէմ կատարուած ահաբեկչական յարձակումի երեսուն ամեակի կապակցութեամբ։
«Անխոնջ աշխատիլ աւելի եղբայրական աշխարհի մը համար, ուր խաղաղութիւնն ու արդարութիւնը կը գրկախառնուին, որովհետեւ առանց արդարութեան կարելի չէ հաստատել կայուն եւ արդիւնաւէտ խաղաղութիւն» այս եղաւ Նորին Սրբութեան պատգամի առանցքը։
Նորին Սրբութիւնը յորդորեց մտածել եւ աղօթել «մութ ողբերգութեան» զոհերու համար, հրաւիրելով միշտ պահպանել «արդարութեան հանդէպ նուիրուածութիւն»
«Ընտրենք լռութիւնը՝ հասկցուած, ոչ թէ որպէս դատարկութիւն այլ որպէս շօշափելի ներկայութիւն անոնց որոնք այլեւս այստեղ չեն» գրեց Սրբազան Հայրը աւելցնելով որ Լռութիւնը եւ՛ սուգ եւ՛ յոյս է եւ հնարաւորութիւն կու տայ զգալու՝ ըլլայ «կրճատուած կեանքի արձականքը եւ բացակայութեան ծանրութիւնը, ըլլայ «չարին իրականութիւնը դիմակայելու ուժը եւ առաջ երթալու տոկունութիւնը։»։
Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց հրաւիրելով« բոլոր հաւատացեալներն ու բարի կամք ունեցող անձերը միանալու աղօթքի մէջ, աղօթելու բոլոր ընտանիքներուն համար, որոնք կը ողբան «իրենց սիրելիներուն համար» , աղօթելու մարմնով եւ ու հոգիով վերապրողներու համար» հայցելով անոնց վրայ Աստուծոյ խաղաղութեան մխիթարութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ