Ֆրանչիսկոս Պապը եւ Հայր Ճէյմս Մարթին Ֆրանչիսկոս Պապը եւ Հայր Ճէյմս Մարթին 

Քահանայապետին պատգամը “Outreach” համաժողովին մասնակցողներուն

Պատասխանելով հայր Ճէյմս Մարթինի մէկ նամակին որ առաքելութիւնը կը մատուցէ ԼԳԲՏՔ մարդոց ի սպաս, Ֆրանչիսկոս Պապը իր հոգեւոր մօտիկութեան արտայայտութիւնները փոխանցեց անոնց` որոնք կը մասնակցին Ուաշինկթընի Georgetown University համալսարանն մէջ 2էն 4 օգոստոսին կայացած կը համաժողովին.
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պատգամ մը յղած է Հայր Ժէյմս Մարթինի` Կաթողիկէ ԼԳԲՏՔ "Outreach" համաժողովին առիթով որ տեղի պիտի ունենայ Ուաշինկթընի Georgetown University համալսարանն մէջ 2էն 4 օգոստոսին, որուն ծիրէն ներս Ուաշինկթընի Արքիեպիսկոպոս Կարդինալը` Ուիլթոն Կրէկորի պիտի մատուցէ Սուրբ պատարագ։

Հայր Մարթինը նամակ մը յղած էր Սրբազան Պապին, որուն մէջ Անորմէ խնդրած էր, որ պատգամ մը յղէ համաժողովի մասնակիցներուն եւ Քահանայապետը անոր յղած էր կարճ պատասխան մը, որուն մէջ յայտնած էր իր «աղօթքի միութիւնը» հայցելով որ «Յիսուս օրհնէ զանոնք ու Սուրբ Կոյսը պահապան կանգնի»։

Նշենք որ այս չորրորդ անգամն է, որ Ֆրանչիսկոս Պապը իր ողջոյնները կ՛ուղարկէ «Outreach» հանդիպումէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/08/2024, 16:00