One Palestinian killed during an Israeli raind near Nablus

Խաղաղութիւն պատերազմի մէջ գտնուող երկիրներուն` մօտիկ ըլլանք գաղթականներուն. Ֆրանչիսկոս Պապ

Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը նորոգեց իր կոչը վասն խաղաղութեան ապա հրաւիրեց աղօթելու որպէսզիի ծովերը եւ անապատները դառնան տարածքներ ուր Աստուած կը բանայ ազատութեան ու եղբայրութեան ուղիներ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Անգամ մը եւս Ֆրանչիսկոս Պապը կոչ ուղղեց ի նպաստ խաղաղութեան, մտաբերելով պատերազմի ու բռնութիւններու թիրախ ժողովուրդները յատուկէն յիշելով Պաղեստինը, Իսրայէլը, Ուքրանիան, Մինամարը եւ Հարաւային Քիվուն որ Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան մէկ Մարզն է։

«Շատ են պատերազմի մէջ գտնուող Երկիրները» ըսաւ Քահանայապետը եւ աղերսանք ուղղեց Աստուծոյ, որպէսզի նուազին հակառակութիւններն ու բախումները ու Տէրը խաղաղութեան պարգեւը շնորհէ բոլորին։

Իտալացի հաւատացեալներուն ուղղած իր խօսքին աւարտին Սրբազան Պապը ողռջունեց երիտասրադները հիւանդները տարեցներն ու նորապսակները հրաւիրելով աղօթելու Սուրբ Օգոստինոնիս որուն ծիսական տօնը կը նշուի այսօր, որպէսզի Ան ժողովուրդներու միջեւ ներշնչէ զօրակցութիւն

«Աղօթենք Սուրբ Օգոստինոսին, որուն այսօր կը նշենք տօնը, որ ծովերն ու անապատները դառնան տարածքներ, ուրտեղ Աստուած կարող է բանալ ազատութեան և եղբայրութեան ճանապարհներ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/08/2024, 11:49