Zuppi ai capi-scout dell'Agesci, 'siate testimoni di pace'

Ֆրանչիսկոս Պապը սկաուտներուն. եղբայրական հաղորդութեամբ և ամենաանապահովներու ծառայութեան տակ

Իտալացի կաթողիկէ առաջնորդներու և սկաուտներու ընկերակցութեան (Agesci) 25 օգոստոսին իր աւարտին հասնող հաւաքին առիթով Քահանայապետը հաւաքի մասնակցողներուն ուղղեց պատգամ մը, որուն մէջ ի միջի այլոց հաստատեց թէ «Կազմաւորողները նախ եւ առաջ իրենց կեանքով կը դաստիարակեն, ոչ թէ խօսքով»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կաթողիկէ իտալացի առաջնորդներու և սկաուտներու ընկերակցութիւնը թող ըլլայ «Քրիստոնէական կեանքի վարժարան, եղբայրական հաղորդութեան հնարաւորութիւն, ուրիշներուն ծառայելու դպրոց, յատկապէս առաւել անապահովներուն և կարիքաւորներուն» Ֆրանչիսկոս Պապին խրատն է սա ուղղուած Իտալացի կաթողիկէ առաջնորդներու և սկաուտներու ընկերակցութեան (Agesci) հաւաքի 18 հազար մասնակիցներուն, որոնք համախմբուած են Վերոնա քաղաքին մէջ։

Վկայել Աւետարանը ընկերութեան մէջ

«Թոյլ մի տաք, որ դժուարութիւնները ձեզ անդամալոյծ դարձնեն, այլ միշտ ձեռնամուխ եղէք փնտռելու այն ծրագիրը, զոր Աստուած ունի իւրաքանչիւրիս համար», կը գրէ ապա Նորին Սրբութիւնը խրախուսելով զանոնք «նոր խանդավառութիւն քաղել Յիսուսի նկատմամբ հաւատքէն, տէր եւ ընկեր, ուրախութեամբ շարունակելու համար մարդկային և հոգևոր ճանապարհորդութիւնը Եկեղեցւոյ ներքոյ, Աւետարանը վկայելով ընկերութեան մէջ»։

Դաստիարակչական յանձնառումը

Քահանայապետը ապա կ՛ընդգծէ սկաուտներու առաջնորդներու «դաստիարակչական յանձնառումը» ի նպաստ պատանիներուն ու երիտասարդներուն, որոնց «պէտք է ընկերանալ իմաստութեամբ ու թիկունք կանգնիլ քնքշութեամբ» եւ ասկէ մեկնելով հարկաւոր կը նկատէ «որակաւոր կազմաւորում», ուր պէտք է զարգացնել նաեւ «ունկնդրելու կարողութիւնը եւ երկխօսութեան արուեստը», որոնք յառաջ կու գան «աղօթքի կեանքէն, ուր երկխօսութեան մէջ կը մտնենք Տիրոջ հետ, Անորմէ սորվելու համար նուիրուող սիրոյ արուեստը» կը գրէ ապա Նորին Սրբութիւնը։

Կրթել կեանքով եւ ոչ թէ խօսքով

Ան ապա կը հաստատէ, որ «Յիսուսը գիտեր, թէ ինչպէս ըլլալ ներկայ կամ բացակայ, Ան գիտեր, թէ որն էր ուղղելու եւ կամ գովաբանելու պահը, ուղեկցելու կամ ուղարկելու առիթը թոյլ տալով, որ Առաքեալները առերեսուին միսիոներական մարտահրաւէրին»։

Սրբազան Պապը հուսկ կ՛ընդգծէ, որ կազմաւորողները կը կրթեն առաջին հերթին «իրենց կեանքով, եւ ոչ թէ խօսքով», հետևաբար, անոնց «մարդկային և հոգևոր մշտական աճը» «հիմնական» է «երիտասարդ սերունդներուն ի սպաս արդիւնաւէտ ծառայութեան մը համար»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/08/2024, 09:38