2021.05.25 Papa Francesco lettera ai domenicani 800 anni san Domenico

Ֆրանչիսկոս Պապ. գրականութիւնը կը դաստիարակէ սիրտն ու միտքը, մեզ կը բանայ միւսներու ունկնդրութեան

Գրական ստեղծագործութիւնները իւրատեսակ «մարզադաշտ են խորաթափանցութեան համար», կը գրէ Քահանայապետը հաստատելով, որ անոնք կ՛օգնեն հովիւներուն «արդիւնաւէտ երկխօսութեան մէջ մտնելու ժամանակակից մշակոյթի հետ»:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նամակ մը յղած է ապագայի քահանաներուն, հովուական ծառայութեամբ զբաղող գործիչներուն ու նաեւ համայն քրիստոնեաներուն ընդգծելու համար «Վէպերու և բանաստեղծութիւններու ընթերցանութեան արժէքը անձնական հասունութեան ուղեւորութեան մէջ», որովհետեւ գիրքերը կը բանան ներքին նոր տարածքներ, կը հարստացնեն ու կ՛օգնեն կեանքը դիմագրաւելու եւ միւսը հասկնալու։

Գրական ստեղծագործութիւնները` մարզադաշտ

Գրական ստեղծագործութիւնները իւրատեսակ «մարզադաշտ են խորաթափանցութեան համար», կը գրէ Քահանայապետը հաստատելով, որ անոնք կ՛օգնեն հովիւներուն «արդիւնաւէտ երկխօսութեան մէջ մտնելու ժամանակակից մշակոյթի հետ»:

Վերոնշեալ այս տողերը պարունակուած են Սրբազան Պապին 17 Յուլիս 2024 թուակիր նամակին մէջ, որ լոյս տեսաւ անցեալ կիրակի օր, 4 օգոստոսին, որով Ան մտադիր է «վերակենդանացնել գրականութեան մասին սէրը» ու մանաւանդ առաջարկել «հիմնական քայլափոխութիւն» մը Քահանայութեան թեկնածուներու պատրաստութեան ուղեւորութեան մէջ։

Ովասիս, որ մեզ կարող է հեռացնել մեզի վնաս հասցնող ընտրանքներէ

Քահանայապետը նամակին մէջ կը մատնանշէ լաւ գիրք մը ընթերցելու շահաւէտ ազդեցութիւններուն, որ յաճախ կարող է ըլլալ «ովասիս մը, որ մեզ կարող է հեռացնել ընտրանքներէ, որոնք մեզի վնաս կը հասցնեն» ու կարող է նեաւ օգնել դժուար պահերը յաղթահարելու։

Սրբազան Պապը կ՛ակնարկէ նաեւ թէ ինչպէս ժամանակին «մետիայի, ընկերային ցանցերու եւ բջիջային հեռաձայններու» բացակայութեամբ աւելի ժամանակ կը տրամադրուէր ընթերցանութեան նկատել տալով «ընթերցանութեան ժամանակ ընթերցողը գործունեայ է ու ան կը հարստանայ այն բաներով զոր կը ստանայ գիրքի հեղինակէն»։

Նորընծայարաններուն մէջ ժամանակ յատկացնել ընթերցանութեան 

Այս ուղղութեամբ Նորին Սրբութիւնը կը թելադրէ նորընծայարաններուն մէջ ժամանակ յատկացնել ընթերցանութեան ու պատշաճ կարեւորութիւն տալ գրականութեան, նաեւ նորընծաներու կազմաւորման ուղեւորութեան մէջ, զգուշացնելով գիրքերը չի կարդալ ստիպողական կերպով այլ զանոնք ընտրել իւրաքանչիւրը իր սիրածին համաձայն «բացուածքով, ճկունութեամբ ու զարմանքով», որպէսզի անոնց միջոցաւ կարելի ըլլայ աւելի զգայուն դառնալ մարդոց իսկական ապրումներուն։

Քահանայապետը հուսկ կը նշէ թէ ինչպէս ընթերցանութիւնը առիթ է «զարգացնելու նաեւ բառապաշարը» եւ աճեցնելու «սեփական բանականութեան տարբեր ոլորտները»...ու կ՛օգնէ նաեւ ունենալու կեդրոնացումի կարողութիւն եւայլն...։

Տեսնել ուրիշներու աչքերով

Այլ խօսքով, ընթերցանութիւնը «մեզ կը պատրաստէ հասկանալու և, հետևաբար, առնչուելու այն տարբեր իրավիճակներուն, որոնք կարող են յառաջանալ կեանքին մէջ») կը գրէ ի միջի այլոց Քահանայապետը) աւելցնելով, որ «գրականութիւնը թոյլ կու տայ մարզել մեր հայեացքը մարդկանց և իրավիճակներու ճշմարտութիւնը փնտռելու և զանոնք ուսումնասիրելու».... «ան կ՛օգնէ մեզի արտայայտելու մեր ներկայութիւնը աշխարհին մէջ»...«գրական գրութիւնը կարդալով», մենք կը տեսնենք ուրիշներու աչքերով, կը զարգացնենք «երևակայութեան կարեկցող ուժը», «կը բացայայտենք, որ մեր զգացածը ոչ միայն մերն է, այլեւ համընդհանուր է, և այդպիսով նոյնիսկ ամենալքուած մարդը ինքզինք միայնակ չի զգար»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/08/2024, 14:03