Սրբազան Պապին օրհնութիւնը «Mediterranea Saving Humans» եւ «Migrantes» ի միջերկրական ծովուն մէջ որոնողափրկարարական առաքելութեան
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Իտալիոյ Թրափանի քաղաքը կը հանդիսանայ մեկնանային կէտ գաղթականներու որոնողական և փրկարարական առաքելութեան, որ սկիզբ առաւ ուրբաթ 23 օգոստոսին Իտալական քաղաքացիական ընկերութեան պատկան «Mediterranea Saving Humans» հարթակի հովանաւորութեամբ։ Այս կը հանդիսանայ 2018ին հիմնուած հարթակի 18րդ առաքելութիւնը, բայց առաջին անգամն է, որ ան կազմակերպուած է Իտալիոյ Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի «Միկրանթէս» հիմնարկի հետ համագործակցութեամբ։
Արդարեւ Իտալացի եպիսկոպոսներու աջակցութեան շնորհիւ Mare Jonio-ին, որ վերափոխուած քարշակ է եւ կ՛օգտագործուի Mediterranea Saving Human-ի որոնողափրկարարական գործողութիւններուն համար, կը միանայ օժանդակ նաւ մը, որ սահմանուած է դիտարկման և հաղորդակցութեան համար: Անիկայ կ՛ունենայ լրացուցիչ կամաւորներ և բժշկական անձնակազմ, ինչպէս նաև միջմշակութային միջնորդ և լրագրողներու փոքր խումբ մը, որոնց շարքին նաեւ «Vatican News»էն լրագրող մը:
Թէև այս մէկը առաջին պաշտօնական որոնողափրկարարական համատեղ ձեռնարկն է, սակայն Եկեղեցւոյ և Mediterranea հարթակի միջեւ համագործակցութիւնը արդեն գոյութիւն ունի տարիներէ ի վեր։ Ֆրանչիսկոս Պապը յաճախ է հանդիպած է կազմակերպութեան անդամներուն հետ և հրապարակայնօրէն անոնց յայտնած է իր աջակցութիւնը։ 2019-ին Ան Վատիկանի Առաքելական պալատին մէջ տեղադրեց խաչելութիւն մը« զարդարուած փրկարար բաճկոնով, որ իրեն նուիրած էր Mediterranea հարթակի կողմէ։ Իտալացի եպիսկոպոսներէն շատերը նոյնպէս իրենց աջակցութիւնը յայտնած են կազմակերպութեան, որ սերտօրէն կը համագործակցի Վատիկանի Մարդկային համապարփակ զարգացման խթանման Վերատեսչութեան հետ: Նախքան առաքելութեան մեկնումը Թրափանի քաղաքի եպիսկոպոս Փիեթրօ Մարիա ՖրանԻելլին այցելելով նաւը՝ իր օրհնութիւնը տալու համար անձնակազմին ու անոնց նուիրելու խճանկար մը որ յատուկէն պատրաստուած է այս առիթին համար։
Mediterranea հարթակը, աշխարհիկ կազմակերպութիւն է: Անոր անձնակազմը և կամաւորները կը դաւանին բոլոր հաւատքները և ոչ մէկը: 1Ասիկա սեր է մերձաւորի հանդէպ2, ըսաւ Հայր Մաթթիա Ֆերրարին` կազմակերպութեան մատրանապետը, որ կը միացնէ բոլոր անդամները՝ անհաւատները, անգիտապաշտներ մահմետականներ եւ քրիստոնեաներ։ Եւ ճիշտ այս վերջինիս է, որ Ֆրանչիսկոս Պապը ուղղեց ձեռագիր հակիրճ պատգամ մը, որուն մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց եւ ամէն բարիք մաղթեց Mediterranea Saving Humans եւ Migrantes հաստատութիւններուն»
«Ես կ՜աղօթեմ ձեզի համար։ Շնորհակալութիւն ձեր վկայութեան համար։ Թող Տէրը օրհնէ ձեզ ու Տիրամայրը ձեզ պաշտպանէ» գրեց է միշտ Ֆրանչիսկոս Պապը իր ձեռագիր պատգամին մէջ։
Յայտնենք` որ ըստ ՄԱԿ-ի գնահատումներուն միայն 2023 թուականին աւելի քան 212 հազար գաղթականներ և փախստականներ փորձած են անցնիլ Միջերկրական ծովի կենտրոնական հատուածը: Անոնցմէ շուրջ երեք հազար մարդ, եթէ ոչ աւելին, իրենց կեանքը կորսնցուցին ծովուն մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ