Ռիմինիի մէջ հաւաք Ռիմինիի մէջ հաւաք 

Ֆրանչիսկոս Պապ կը հրաւիրէ երկիրը եղբայրութեան տաճար դարձնելու մինչ անոր շուրջ պատերազմի պաղ քամի կը փչէ

Ֆրանչիսկոս Պապին անունով կարդինալ Փիեթր Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող պատգամը ուղղուած «ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութեան համար» “Հաղորդութիւն եւ Ազատութիւն” շարժումի կողմէ կազմակերպած, 45րդ հանդիպումի մասնակիցներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Վատիկանի Պետական Քարտուղար, Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին անունով պատգամ մը յղեց Ռիմինի քաղաքին մէջ 20-25 օգոստոս 2024-ին, տեղի ունեցող “Հաղորդութիւն եւ Ազատութիւն” շարժումի «Ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութեան համար» կազմակերպած, 45րդ հանդիպումի մասնակիցներուն։

Այս տարուան հանդիպումի նիւթն է«Եթէ մենք չենք փնտռեր էականը, ապա ի՞ նչ կը որոնենք»։

Վատիկանի Պետական քարտուղարը պատգամին սկիզբը փոխանցեց Ֆրանչիսկոս Պապին ողջոյնները հաւաքի կազմակերպիչներուն, կամաւորներուն եւ միջոցառումի բոլոր մասնակիցներուն, Ան ապա խօսքը կեդրոնացնելով հաւաքին նիւթին վրայ, անհրաժեշտ նկատեց որոնել այն ինչ որ կեանքի խորհուրդի եւ իրականութեան կեդրոնը կը կազմէ՝ նամանաւանդ մեր ապրած բարդ ժամանակաշրջանին մէջ «որ յատկանշուած է տարբեր խնդիրներով, մարտահրաւէրներով» ու այս առնչութեամբ փոխանցեց Ֆրանչիսկոս Պապին յորդորը, «կիրքով եւ խանդավառութեամբ փնտռել այն ինչ, որ կը բացայայտէ կեանքի գեղեցկութիւնը...։

«Մինչ պատերազմը պաղ քամիներ կը փչէ, աւելնալով անարդարութեան, բռնութեան, անհաւասարութեան կրկնուող երեւոյթները, ինչպէս նաեւ կլիմայի լուրջ արտակարգ իրավիճակը, եւ աննախադէպ մարդաբանական փոփոխութիւնը, անհրաժեշտ է կանգ առնել եւ հարց տալ արդեօք կա՞յ բան մը ապրելու կամ յուսալու համար» նշեց Վատիկանի Պետական քարտուղարը ապա փոխանցեց Ֆրանչիսկոս Պապին այն հրաւէրը «դառնալ էականին, այն ինչ որ իմաստ կու տայ մեր կեանքին, նախ եւ առաջ մերկանալով այն ինչ որ կը ծանրացնէ մեր առօրեան, հետեւելով լեռ մագլցողի օրինակին, որ հասնելով ժայռին սկիզբը ու աւելի արագ բարձրանալու համար պէտքը կը զգայ ազատուելու աւելորդ բաներէն», գրեց Վատիկանի Պետական քարտուղարը նկատել տալով որայդպէս կատարելով կը բացայայտենք որ մարդկային գոյութեան արժէքը չկայանար ոչ թէ իրերու, ձեռք բերուած յաջողութիւններուն մէջ, մրցակցութեան վազքին մէջ, այլ նախ եւ առաջ սիրոյ այն յարաբերութիւններուն մէջ որ մեզի կ՝աջակցին արմատաւորելով մեր ուղին վստահութեան եւ յոյսին վրայ. «Աստուծոյ հետ բարեկամութիւն է՝ որ հետեւաբար կը ցոլայ բոլոր մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ, որ կը հաստատէ ուրախութիւնը ու երբեք չի մառիր»

Կարդինալ Փարոլին պատգամին մէջ մէջբերեց Ֆրանչիսկոս Պապին Հաւատոյ վարդապետութեան վերատեսչութեան ուղղած խօսքէն հատուած մը «այն ինչ որ մեզի համար էականը, ամենագեղեցիկը, ամենագրաւիչը ու միեւնոյն ժամանակ ամենաանհրաժեշտն է , Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ հաւատքը»։ Ան ապա ընդգծեց որ լոկ Քրիստոսն է որ կը փրկէ մեր մարդկային փխրուն մարդկութիւնը եւ դժբախտութեան մէջ մեզի փորձարկել կու տայ ուրախութիւն մը որ այլապէս անկարելի է ։

Վատիկանի Պետական քարտուղարը ապա նկատել կու տայ որ վերադառնալով Էականին՝ որ է Յիսուսը, չնշանակեր փախչիլ իրականութենէն, ընդհակառակը անիկա պայմանն է պատմութեան մէջ իսկապէս խորասուզուելու, զայն դիմագրաւելու համար՝ առանց փախչելու անոր մարտահրաւէրներէն, գտնելու համար վտանգի եւ սիրոյ քաջութիւնը նոյնիսկ երբ կը թուիր, որ անկարելի է, ինչպէս նաեւ աշխարհի մէջ առանց վախի ապրելու համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/08/2024, 13:29