2023.03.02 Gesu, trasfigurazione

Մտիկ ընենք թէ ի՞նչ ունի ըսելիք Յիսուս մեր սրտին. Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը պայծառակերպութեան տօնին առիթով

«Ասիկա իմ սիրելի Որդիս է, անոր մտիկ ըրէք» (Մատթէոս 17, 5)։ Այն ամէն բաները զոր պէտք է ընել կեանքին մէջ այստեղ են. Մտիկ ընել Յիսուսին։ Առ Աւետարանը, կարդա եւ մտիկ ըրէ այն ինչ, որ Յիսուս կ՛ըսէ քու սրտիդ։ Որովհետեւ Ան ունի յաւիտենական կեանքին խօսքերը։ #ՏիրոջՊայծառակերպութիւնը».
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր Լատինաց մօտ Յիսուսի պայծառակերպութեան կամ այլակերպութեան տօնն է։ Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս, իր երեք աշակերտներուն հետ միասին Թաբոր լեռը կը բարձրանայ։ Աշակերտները յոգնած էին եւ կամաց-կամաց քունի կ՛անցնին։ Իսկ Յիսուս, այդ ընթացքին կը կերպարանափոխուի։ Անոր դէմքը արեւի լոյսէն աւելի զօրաւոր լոյսով մը կը լուսաւորուի, եւ իր զգեստները լոյսի նման սպիտակ կը դառնան։

Այդ միջոցին, յանկարծ Պետրոս գլուխը կը վերցնէ եւ կը տեսնէ, որ Տէրը Յիսուս Քրիստոս անբացատրելի լոյսերու մէջ ծածկուած է եւ կը խօսի Հին Կտակարանի Օրէնքի ու Մարգարէութեան կարեւոր անձերուն՝ Մովսէսին ու Եղիային հետ։

Մատթէոս Աւետարանիչը այս դէպքը կը պատմէ հետեւեալ ձեւով.

«Եւ ահա երեւցան անոնց Մովսէս եւ Եղիա, որոնք հետը կը խօսէին։ Պետրոս ըսաւ Յիսուսի․ «Տէ՛ր, լաւ է մեզի հոս մնալ եւ եթէ ուզես, երեք վրաններ լարեմ, մէկը Քեզի, միւսը՝ Մովսէսին եւ երրորդը՝ Եղիային համար»։ Մինչ կը խօսէր, լուսաւոր ամպ մը ծածկեց զիրենք եւ ամպի մէջէն ձայն մը կ՛ըսէր․ «Ասիկա իմ սիրելի Որդիս է, զոր ես հաճեցայ ընտրել, անոր մտիկ ըրէք» (Մատթէոս 17։ 3-5)։

Ահա ճիշտ այս վերջին խօսքին վրայ հիմնուելով է, որ Ֆրանչիսկոս Պապ հրատարակեց Տօնին նուիրուած թուիթ մը, որուն մէջ հաստատեց, թէ «այն ինչ որ պէտք ընել կեանքին մէջ պարփակուած է այդ նախադասութեան մէջ. Ունկնդրել Յիսուսը» եւ ասկէ մեկնելով հրաւիրեց մեր ձեռքը առնել Աւետարանը, կարդալ զայն եւ մտիկ ընել թէ ի՞նչ կ՛ըսէ Յիսուսը մեր սրտին` որովհետեւ, հաստատեց Նորին Սրբութիւնը, «Ան ունի յաւիտենական կեանքի խօսքերը»։

«Ասիկա իմ սիրելի Որդիս է, անոր մտիկ ըրէք» (Մատթէոս 17, 5)։ Այն ամէն բաները զոր պէտք է ընել կեանքին մէջ այստեղ են. Մտիկ ընել Յիսուսին։ Առ Աւետարանը, կարդա եւ մտիկ ըրէ այն ինչ, որ Յիսուս կ՛ըսէ քու սրտիդ։ Որովհետեւ Ան ունի յաւիտենական կեանքին խօսքերը։ #ՏիրոջՊայծառակերպութիւնը». Գրեց Սրբազան Պապը` 6 օգոստոսին հրատարակած թուիթին մէջ։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/08/2024, 13:30