Հայցենք Աստուածամօր բարեխօսութիւնը Հռոմ քաղաքի ու համայն աշխարհի խաղաղութեան համար. Ֆրանչիսկոս Պապ

«Կ՛ողջունեմ քեզ ով Մարիամ, Մայր Աստուծոյ, դուն` որ բերիր լոյսը, դուն ամենամաքուրը։ Կ՛ողջունեմ Սուրբ Կոյս Մարիամ, Մայր եւ ծառայ։ Կոյս Անոր միջոցաւ որ ծնաւ քեզմէ. Մայր` Անոր համար, որ կրեցիր քու բազուկներուդ մէջ...կ՛ողջունեմ Մարիամ, Երկրին գանձը, անմար լապտեր, քեզմէ ծնաւ արեւը արդարութեան։ Սուրբ Մայր Աստուծոյ` աղօթէ մեզի համար»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 5 օգոստոս 2024ի երեկոյեան Ֆրանչիսկոս Պապը Հռոմի Տիրամօր Աւագ Տաճար Սանթա Մարիա Մաճճորէի մէջ գլխաւորեց Պազիլիքայի տօնին առիթով նախատեսուած ժամասացութեան արարողութիւնը, որուն առիթով ներկայացուցած քարոզին որպէս առանցք ընտրեց` արարողութիւնը յատկանշող երկու նշաններ` առաջինը «աւանդական ձիւնը» ապա Սալուս Փոլուլի Ռոմանի սրբապատկերը։

Յայտնենք որ Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարի տօնին առիթով կը յիշատակուի տաճարի կառուցման հետ առնչուած հրաշքը, երբ Էսքուիլինօ բլուրին վրայ, ամառուայ տաք եղանակի ատեն, 5 օգոստոսին, ձիւն տեղաց ճիշտ այն վայրին մէջ ուր Լիպերիոս Քահանայապետը կառուցել տուաւ Աստուածամօր նուիրուած այս տաճարը։

Տաճարին մէջ չորս դարերէ ի վեր պահպանուած է նաեւ Սալուս Փոփուլի Ռոմանի Տիրամօր Սրբապատկերը, որ նկատուած է Հռոմ քաղաքի գերազանց պահպան սրբուհին եւ որ աւանդութեան համաձայն գծագրուած է Սուրբ Ղուկասի ձեռքով ու զանազան արկածախնդիր անցուդարձներէ ետք հասած է Հռոմ։

«Այս երկու նշանները, լաւապէս մեկնաբանուած, կարող են մեզ օգնել հասկնալու համար Աստուծոյ Խօսքին պատգամը, որ աղօթեցինք սաղմոսներու մէջ եւ ունկնդրեցինք սուրբ գրութիւններուն մէջ», ըսաւ Սրբազան Պապը ակնարկելով առաջին նշանին` ձիւնին ու հարց տալով, եթէ ան պարզ բանահիւսութիւն է կամ ունի խորհրդանշական արժէք ու պատասխանեց, թէ այս մէկը կախեալ է մեզմէ ու թէ ինչպէս կ՛ընկալենք եւ ինչ իմաստ կու տանք անոր։

Աւանդական ձիւնը

«Բոլորս գիտենք թէ ան կը յիշատակէ հրաշքը. որ Լիպերիոս Քահանայապետին ցոյց տուաւ ուր կառուցել Եկեղեցին, սակայն անոր կրկնութիւնը նաեւ ծիսակատարութեան ընթացքին մեզ կը հրաւիրէ զայն կարդալու խորհրդանշական իմաստով». ըսաւ Քահանայապետը մէջբերելով Սիրաքայ գիրգէն ձիւնի մասին մէկ հատուածը. ուր իմաստունը ի տես ձիւնին կը մատնանշէ երկու զգացումներու, «աչքը կը հիանայ» ու «սիրտը կը զարմանայ. «Գեղեցկութիւն սպիտակութեան նորա խտղտէ զաչս, եւ ընդ բերել նորա զարմանայ սիրտ» (Գիրք սիրաքայ 43,18)։

Հիացմունք եւ զարմանք

«Հիացմունք եւ զարմանք» ըսաւ Սրբազան Պապը նշելով. որ ձիւնը կարելի է տեսնել, որպէս շնորհքի խորհրդանիշ, այսինքն խորհրդանիշը իրականութեան մը .որ գեղեցկութիւնը կը միացնէ ձրիութեան։ «Բան մը` որուն կարելի չէ արժանանալ, ոչ ալ գնել, այլ կարելի է ընդունիլ միայն, որպէս պարգեւ եւ որպէս այդ ան անկանխատեսելի է, ճիշտ այնպէս, ինչպէս Հռոմի մէջ ձիւնը ամառուան ընթացքին»:

«Շնորհքը հիացմունք և զարմանք կը յառաջացնէ» շարունակեց Սրբազան Պապը բացատրելով որ այս ներքին վարուելակերպով այժմ մեր հայեացքը կարող է ուղղուիլ երկրորդ նշանին, որ շատ աւելի կարեւոր է` Սուրբ Կոյսի հին սրբապատկերը` Պազիլիքային մարգարիտը։

Սալուս Փոփուլի Ռոմանի սրբապատկերը

Անոր մէջ շնորհքը կը գտնէ իր քրիստոնէական լիակատար ձեւը ...այնտեղ շնորհքը կը յայտնուի շօշափելի կերպով։ Այդ Սրբապատկերին մէջ կայ էականը` Կինը եւ Որդին. «Աստուած ղրկեց իր Որդին, որ ծնաւ կնոջմէ» ինչպէս կը գրէ Սուրբ Պօղոսը Գաղատացիներուն։

«Կինը շնորհքով լի է, որ ծնաւ առանց մեղքի, անարատ, նման հազիւ ինկած ձիւնին։ Աստուած անոր նայեցաւ հիացումով ու զարմանքով ու զայն ընտրեց` որպէս Մայր։ Մանուկը իր ձախ ձեռքով բռնած է Սուրբ Գիրքը եւ աջով կ՛օրհնէ ու առաջին օրհնուածը ինքն է` բոլոր կիներուն մէջ օրհնեալը։ Անոր վերարկուն թոյլ կու տայ ի յայտ դնել զաւկին ոսկեգոյն հագուստը, Անոր մէջ է միայն, որ կ՛ապրի աստուածութեան լիութիւնը, մինչ մօր բաց դէմքին մէջ կ՛ արտացոլայ անոր փառքը»:

«Ասոր համար է, որ հաւատացեալ ժողովուրդը կու գայ օրհնութիւն հայցելու Աստուծոյ Սուրբ Մայրէն, որովհետեւ ան միջնորդն է այն շնորհքին, որ կը հեղու միայն ու միշտ Յիսուս Քրիստոսէն, Սուրբ Հոգիի միջոցաւ» յարեց Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով թէ ինչպէս եկող տարուայ ընթացքին, Յոբելենական Սուրբ տարուան ժամանակ, բազմաթիւ պիտի ըլլան այն ուխտաւորները, որոնք պիտի գան այս Պազիլիքա հայցելու Մօր օրհնութիւնը։

Հայցել Տիրամօր բարեխօսութիւնը աշխարհի խաղաղութեան համար

Ան ապա արարողութեան մասնակցողները հրաւիրեց հայցելու Տիրամօր բարեխօսութիւնը Հռոմ քաղաքի ու համայն աշխարհին համար, յատուկ կերպով խաղաղութեան համար. «Այն Խաղաղութիւնը, որ իրական ու մնայուն է միայն երբ մեկնարկ կ՛առնէ զղջացած եւ ներուած սրտերէն։ Խաղաղութիւնը` որ կու գայ Քրիստոսի Խաչէն, Անոր արիւնէն, որ Ան առաւ Մարիամէն եւ դափեց մեր մեղքերու թողութեան համար» ըսաւ Քահանայապետը, որ քարոզը աւարտեց Աղեքսանդրիոյ Սուրբ Կիւրեղին Տիրամօր նուիրած խօսքերով` Եփեսոսի Տիեզերական Ժողովին աւարտին ։

“«Կ՛ողջունեմ քեզ ով Մարիամ, Մայր Աստուծոյ, դուն` որ բերիր լոյսը, դուն ամենամաքուրը։ Կ՛ողջունեմ Սուրբ Կոյս Մարիամ, Մայր եւ ծառայ։ Կոյս Անոր միջոցաւ որ ծնաւ քեզմէ. Մայր` Անոր համար, որ կրեցիր քու բազուկներուդ մէջ...կ՛ողջունեմ Մարիամ, Երկրին գանձը, անմար լապտեր, քեզմէ ծնաւ արեւը արդարութեան։ Սուրբ Մայր Աստուծոյ` աղօթէ մեզի համար»։”

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/08/2024, 19:33