Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Աւետարանումի վերատեսչութեան Ժողովի մասնակիցներուն

Ֆրանչիսկոս Պապ ճառին մէջ իր խօսքը կեդրոնացուց Ուրպանիանա Քահանայապետական համալսարանին վրայ։ »Հաստատութեան համար ինքնութիւնն ու առաքելութիւնը անբաժանելի իրականութիւն են»։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 30 օգոստոսին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Աւետարանումի վերատեսչութեան արտահերթ լիագումար նիստի մասնակիցները ու անոնց փոխանցած խօսքին սկիզբը անդրադառնալով լիագումար նիստին նպատակին, որ է մտածել Ուրպանիանա Քահանայապետական համալսարանի ապագայի, ինքնութեան, առաքելութեան մասին խօսքը կեդրոնացուց միսիոն եւ ինքնութիւն բառերուն վրայ։

Միսիոն եւ ինքնութիւն

«Համալսարանի ուսուցումը, հետազօտութիւնը եւ կենսունակութիւնը մաս կը կազմեն ժողովուրդներուն բարի լուրը հռչակելու ստացած պարտականութեան՝ ու երբեք կարելի չէ իրականացուած համարել, անոնք բաց ծաւալներ են, որոնք պէտք է, որ անընդհատ թոյլ տան առաջնորդուելու Սուրբ Հոգիի շունչով, որ կ՝առաջնորդէ պատմութիւնը եւ մեզի կոչ կ՝ընէ մեկնաբանելու մեր ապրած ժամանակը», ըսաւ Սրբազան Հայրը շեշտելով, «Մենք չենք ապրիր քրիստոնեայ ընկերութեան մէջ, այլ կանչուած ենք ապրելու որպէս քրիստոնեայ, այսօրուայ բազմակարծութեան հասարակութեան մէջ։

Ակնկալիքներ - ապագայ

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց որ անհրաժեշտ է տեսութիւն մը, որ կարող է նայելու այսօրուանէ անդին ու գիտէ հաշուի առնել ընկերային եւ եկեղեցական իրավիճակը, եկեղեցական կառոյցներուն կենսունակութիւնը ու անոնց զօրակցութիւնը, տեղական եկեղեցիներուն պահանջները, քահանայութեան եւ կրօնաւորական կեանքի կոչումը ինչպէս նաեւ տարբեր տարածաշրջաններուն ժողովրդագրութիւնը, ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով, որ «նպատակներուն բնորոշումը, առանց՝ անոնց հասնելու միջոցներուն համարժէք համայնքային որոնումներուն դատապարտուած է վերածուելու զուտ երեւակայութիւն ու անհրաժեշտ է առողջ ստեղծագործական աշխատանք, համապատասխան ուղիներ գտնելու համար»։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ խնդրեց, որ Ուրպանիանա համալսարանը իր կազմաւորումի աշխատանքին որակին մէջ աւելի ի յայտ բերէ իր միսիոնարական եւ միջ մշակութային յատկութիւնը, որպէսզի բոլոր անոնք որոնք կը դաստիարակուին համալսարանին մէջ կարողանան ինքնատիպօրէն միջնորդել քրիստոնէական պատգամը այլ մշակոյթներուն եւ տարածաշրջաններուն հետ։ «Որքան կարիքը ունինք հովիւներուն, կրօնաւորներուն, աշխարականներուն որոնք գիտեն ինչպէս մարմնաւորել միսիոնարական սլացք մը աւետարանելու համար մշակոյթները ու անոր միջոցաւ աւետարանը մշակութանացնել» ըսաւ Սրբազան Հայրը մաղթանք յայտնելով , որ այնպէս ինչպէս տեղի ունեցաւ Ասիական շրջաններուն մէջ կարելի դառնայ կառուցել աւելի շատ հետազօտական կեդրոններ մշակութային եւ աշխարհագրական տարբեր մարզերուն մէջ։

Նորին Սրբութիւնը պատգամը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն կատարած աշխատանքներու համար, հայցելով Սուրբ Հոգիէն, որ իմաստութեան պարգեւով ներշնչէ անոնց խորհրդածութիւնները եւ Աստուածամայրը, առաքելութեան Տիրամայրը առաջնորդէ զրիենք իր մայրական բարեխօսութեամբ։

Ապահովուելով ապա իր աղօթքը բոլորին համար, Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը, խնդրելով որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/08/2024, 11:09