Ֆրանչիսկոս Պապ. Մօտիկ եւ ուշադիր եղէք երիտասարդներուն
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երկուշաբթի, 26 օգոստոսին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց իրենց տարեկան ԺԸ-րդ ընդհանուր ժողովը գումարող «Օպլաթի Սան Ճուզէփփէ» միաբանութեան անդամները։ Պապին արտասանած պատգամին նիւթը եղաւ, Սուրբ Պօղոս Առաքեալի Տիմոթէոսի ուղղած թուղթէն քաղուած հատուածը «Կը յիշեցնեմ քեզի որ արծարծես Աստուծոյ շնորհքը որ տրուեցաւ քեզի»։(2 ՏԻմոթ 1,6)։
Երախտագիտութիւն եւ պատասխանատուութիւն
«Այս երկու վերաբերմունքները՝ երախտագիտութիւնն ու պատասխանատուութիւնը կը յիշեցնեն Սուրբ Յովսէփի դիմագիծը՝ Սուրբ Ընտանիքի պահակը, որ ձեր միաբանութեան բարեխօսն ու ներշնչողն եղաւ» ըսաւ Սրբազան Հայրը, Ան ապա խօսքը կեդրոնացուց Նազարեթի Սուրբ Յովսէփի կեանքի երեք յատկութիւններուն վրայ, «որոնք կարեւոր են նաեւ ձեր կրօնական կեանքին, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ մէջ մատուցած ծառայութեան համար»։
Թաքնուածութիւն, հայրութիւն եւ ուրիշներուն ուշադրութիւն
Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը յորդորեց ներկաները, որ իրենց հաւատքի ու կրօնական կեանքը արմատացնեն ամէն օր Յիսուսի հետ մնալու մէջ, քաջալերեց միշտ աղօթել՝ մասնակցելով Սուրբ խորհուրդներուն, ունկնդրելով եւ խորհելով Աստուծոյ խօսքին մասին, ինչպէս նաեւ պաշտելով Սուրբ Հաղորդութիւնը՝ անձնապէս կամ հասարակութեան մէջ։
Մէջբերելով ապա Սուրբ Մարելլոյին նամակներէն հատուած մը, ուր կը գրէ խեղճ երիտասարդներու մասին, «անոնք չափազանց լքուած եւ անտեսուած են» Նորին Սրբութիւնը յորդորեց ուշադիր ըլլալ երիտասարդներուն համապարփակ բարօրութեան նկատմամբ ու ներկայ գտնուիլ երիտասարդներուն ու անոնց ընտանիքներուն։
«Սուրբ Մարելլօ որպէս հովիւ իր սրտին մէջ յատուկ տեղ ձգեց խնդիրներ ունեցող աղքատ երիտասարդները , ըսելով որ Տէրը այսօր այս է, որ կ՝ուզէ կատարենք»,ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։
Քահանայապետը պատգամը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն եկեղեցւոյ մատուցած ծառայութիւններու համար քաջալերելով զանոնք վեհանձնութեամբ շարունակելու իրենց առաքելութիւնը ապա ապահովուելով իր աղօթքը տուաւ իր առաքելական օրհնութիւնը խնդրելով, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ