Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Մալավի հանրապետութեան նախագահ Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Մալավի հանրապետութեան նախագահ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Մալավիի հանրապետութեան նախագահը

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Մալավիի հանրապետութեան նախագահ, տոքթ, Լազարուս Մքարթի Շաքվերանի միջեւ հանդիպումի վերաբերեալ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 19 օգոստոսին, Վատիկանի Առաքելական պալատին իր գրասենեակին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Մալավիի հանրապետութեան նախագահ տոքթ. Լազարուս Մքարթի Շաքվերան։ Նախագահը ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, ընկերակցութեամբ Պետութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութեան քարտուղար, գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակերին։

Այս առնչութեամբ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք, որ Վատիկանի Պետական քարտուղարութենէն ներս տեղի ունեցող հանդիպումը տեղի ունեցաւ սիրալիր մթնոլորտի մէջ ու քննարկումի նիւթ եղան Սուրբ Աթոռի եւ Մալավիի միջեւ բարի յարաբերութիւնները կեդրոնանալով երկրի քաղաքական, ընկերային տնտեսական իրավիճակի որոշ երեւոյթներուն վրայ, յատկապէս Կաթողիկէ եկեղեցւոյ համագործակցութեան վրայ՝ առողջապահական, կրթութեան, մասնագիտական կազմաւորման ոլորտներէն ներս։

Հանդիպումին տեղի ունեցան նաեւ կարծիքներու փոխանակում տարածաշրջանի եւ միջազգային հարցերու շուրջ, կարեւորելով ժողովուրդներու միջեւ երկխօսութեան եւ հաշտեցման խթանումը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/08/2024, 11:51