Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Թերնա» ընկերութեան ղեկավարներն ու աշխատաւորները
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Շաբաթ, 31 օգոստոսին, առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իտալական «Թերնա» ընկերութեան ղեկավարներն ու աշխատակիցները ու անոնց ուղղեց իր սիրտի խօսքը։
Նորին Սրբութիւնը իր արտասանած ճառը սկսաւ ողջունելով Իտալիոյ եւ Եւրոպայի մէջ տնտեսական կեանքէն ներս կարեւոր դեր ունեցող ընկերութիւն մը, որ ներկայ է նաեւ տարբեր երկիրներուն մէջ, ընկերութիւն մը, որ կը գործէ ամենէն կարեւոր ոլորտէն ներս, մատակարարելով ելեկտրականութիւն գործելով ընդհանուր բարիքին, իւրաքանչիւրին բարիքին համար։
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա զրուցեց մաքուր ուժանիւթի մասին, ըսելով որ անիկա հիմնուած է վերականգնուող աղբիւրներուն վրայ, սակայն մոլորակի վրայ շատ կեղտոտ ուժանիւթ կայ, աղտոտուած հանածոյ վառելքէն, անարդարութիւններէն, պատերազմէն, անարդար աշխատանքային յարաբերութիւններէն... ըսաւ Սրբազան Հայրը շեշտելով որ «Վառելանիւթը ոչ միայն արհեստաւարժական հարց է , այլ պէտք է որ անոր արտադրութիւնը եւ սպառումը միշտ հաւասար եւ նեռական դառնայ»։
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա բարձր գնահատեց «Թերնա» ընկերութիւնը նշելով, որ ընկերութիւնը շատ կարեւոր աշխատանք կը տանի, կը գործէ մոլորակի գոյատեւման համար ու ունի մեծ պատասխանատուութիւն մը եւ շուկային մէջ շատ թափանցիկ է՝ ընկերութեան շահոյթը լաւ բաշխելու, ներդումները լաւ ընտրելու նհամար ապա ունի Բարոյական կոմիտէ մը։
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա կեդրոնացաւ «ելեկտրական ցանց» բառին արտայայտութեան վրայ նշելով որ ներկայիս շատ կը գործածուի «ցանց» բառը, ու այդ բառը շատ լաւ հասկցանք մտածելով ելեկտրական ցանցին մասին, որ «բարդ համակարգ մըն է, ուր ամէն ինչ միացուած է… ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով որ ցանցը նաեւ մարդկային համագործակցութեան եւ փոխադարձութեան գեղեցիկ տիպար է, ինչպէս նաեւ մասի եւ ամբողջի միջեւ յարաբերութեան տիպար։
Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, թէ տասնեակ տարիներ առաջ Թերնա ընկերութիւնը լոյսը բերաւ նաեւ աղքատներու տուներուն մէջ։ Հիւնասիւներուն եւ ելեկտրականութեան թելերուն դէպի գիւղ փոխադրութիւնը ծափահարութիւններով ընդունեցաւ, ինչպէս մեծ նուէր մը կ՝ընդունուի ու ասիկա հասկնալու համար պէտք ենք յիշել տատիկներու եւ պապիկներու պատմութիւնները որոնք գիւղացիներ էին ու երբ ելեկտրականութեան կոճակին կը դպչէին լալու կը սկսէին տեսնելով, որ ամբողջ տունը լուսաւորուած էր ու կ՝աղօթէին շնորհակալութիւն յայտնելով համար այդ հրաշքին համար որ իրենց կեանքը բարելաւեց ու թոյլ տուաւ իրենց զաւակներուն լաւ սորվիլ եւ տաք ջուրով լոգնալ։
Ֆրանչիսկոս Պապ ճառը աւարտեց նշելով, որ աշխատանքը նաեւ ընկերային, քաղաքացիական եղբայրութեան սէր է։ «Վառելանիւթ արտադրելու եւ բաշխելու մէջ դուք կը դնէք ձեր խելացութիւնը, հոգին ու սիրտը ըսաւ Հայրը ապա առաքելական օրհնութիւնը փոխանցեց խնդրելով որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ