Մահապատիժ Մահապատիժ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. Մահապատիժը արդարութիւն չ՚ապահովեր, թոյն է ընկերութեան համար։

Ֆրանչիսկոս Պապին ստորագրութիւնը կրող նախաբանը, «Մահուան դատապարտուած քրիստոնեան, իմ յանձնառութիւնս դատապարտուածներուն կողքին է» վերնագիրով գիրքին մէջ։ Քահանայապետը դարձեալ կը կրկնէ, որ մահապատիժը ոչ մէկ լուծում է բռնութեան դէմ, անիկա վրէժխնդրութեան զցացում կը սնուցանէ ու քաղաքացիական հասարակութեան մէջ թոյն կը դառնայ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երեքշաբթի, 27 օգոստոսին, լոյս պիտի տեսնէ Ֆրանչիսկոս Պապին ստորագրութիւնը կրող նախաբանով Dale Racinella հեղինակին «Մահուան դատապարտուած քրիստոնեան. իմ յանձնառութիւնս դատապարտուածներու կողքին» վերնագիրով հատորը՝ հրապարակուած Վատիկանի տպագրատունէն։

72 ամեայ Dale Racinella, Վոլ Սթրիթի մէջ յայտնի փաստաբան մըն է։ Ան 1988էն, որպէս աշխարական մատրանապետ, իր կողակիցին հետ միասին հոգեպէս կ՝ուղեկցի Ֆլորիտայի բանտերու մէջ մահուան դատապարտուածներուն։
Յիշեալ հատորին մէջ Dale Racinella կը պատմէ Յիսուսի հետ հանդիպումէ բխած փորձառութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ գիրքի նախաբանին սկիզբը կը նշէ, որ Աւետարանը կենդանի հանդիպում մըն է Անձի մը հետ, որ կեանքը կը փոխէ ու այդ Անձը ճանչնալը կը նշանակէ իմաստով լեցնել մեր գոյութիւնը, որովհետեւ Տէրը ուրախութիւն կ՝ընծայէ, որ վերջ չգտներ։

Քահանայապետը ապա կը նշէ որ գիրքին հեղինակը ճանչցած է ունկնդրութեան մը ընթացքին ինչպէս նաեւ «Օսվերաթորէ Ռոմանօ» օրաթերթին մէջ կարդացած անոր յօդուածներու ու «սիրտին խօսող յիշեալ գիրքին միջոցաւ, նկատել տալով որ ան գործնականին մէջ դժուար գործ կը կատարէ, քանի որ ձեռքով կը շօշափէ չարիքը՝ իր բոլոր ծաւալներով. զոհերու հանդէպ կատարուած չարիքը՝ որ կարելի չէ վերականգնել, դատապարտուածին ապրած չարիքը, իմանալով որ անոր վիճակուած է որոշակի մահ մը։

Ֆրանչիսկոս Պապ նախաբանին մէջ դարձեալ կը կրկնէ, որ «մահապատիժը, ոչ մէկ լուծում կը բերէ բռնութեան դէմ՝ որ կարող է ազդել անմեղ մարդկանց վրայ ու մահապատիժները կը սնուցանեն վրէժխնդրութեան զգացումը, որ կը վերածուի վտանգաւոր թոյնի մեր քաղաքացիական հասարակութեան մարմնին համար։

Բարձր գնահատելով յիշեալ գիրքին հեղինակը, Նորին Սրբութիւնը կը նշէ թէ անոր աշխատանքը, առանց մոռնալու նաեւ անոր կողակիցին նեդրումը, մեծ պարգեւ մըն է եկեղեցւոյ  ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու հասարակութեան մէջ, ուր որ ան կ՝ապրի եւ կը գործէ «որպէս աշխարական մատրանապետ, անոր յանձնարութիւնը, իսկապէս անմարդկային վայրի մը մէջ՝ ինչպէս մահապատիժի վայրը, կենդանի եւ սիրահար վկայութիւն է Աստուծոյ անսահաման ողորմութեան դպրոցին»։

Նորին Սրբութիւնը նախաբանը կ՝աւարտէ շնորհակալութիւն յայտնելով գիրքին հեղինակին նշելով, որ մահապատիժի վայրին մէջ որպէս մատրանապետ անոր գործունէութիւնը խիզախ եւ ոգեւոր հաւատարմութիւն է Յիսուսի ամենամտերիմ իրականութեան, որ Աստուծոյ ողորմութիւնն է, անշահախնդիր սէրը իւրաքանչիւր անձի հանդէպ, նաեւ բոլորին նկատմամբ, որ սխալած են։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/08/2024, 09:26