Ողիմպիական խաղեր. Մի քանի տեսարաններ նախատինք են բոլոր հաւատացեալներուն համար. Սուրբ Աթոռ
Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք
Ցաւ և ափսոսանք այս է այն ինչ որ յայտնէ Սուրբ Աթոռը Յուլիսի 26-ին Փարիզի Ողիմպիական խաղերու բացման արարողութեան կապակցութեամբ։
«Սուրբ Աթոռը կը ցաւի Փարիզի մէջ Ողիմպիական խաղերու բացման արարողութեան որոշ տեսարաններուն ի տես և կարող է միայն միանալ այն ձայներուն, որոնք բարձրացան վերջին օրերուն,՝ ափսոսանք յայտնելու համար բազմաթիւ քրիստոնեաներու և այլ կրօններու հաւատացեալներու հասցէին հասցուած վիրաւորանքին»:
«Հեղինակաւոր իրադարձութեան ժամանակ, ուր ամբողջ աշխարհը կը միանայ ընդհանուր արժէքներու շուրջ, պէտք չէ ակնարկութիւններ կատարուին, որոնք կը ծաղրեն շատերու կրօնական համոզմունքները» գրուած է հաղորդագրութեան մէջ որուն աւարտին Սուրբ Աթոռը կ՛ընդգծէ թէ «խօսքի ազատութիւնը որ ակնյայտօրէն հարցականի տակ չէ, իր սահմանը կը գտնէ ուրիշներու նկատմամբ յարգանքի մէջ»:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ