Paris 2024 Olympic Games - Preparations

Ողիմպիական խաղեր. Մի քանի տեսարաններ նախատինք են բոլոր հաւատացեալներուն համար. Սուրբ Աթոռ

Հրատարակուած մէկ հաղորդագրութեամբ Սուրբ Աթոռը տխրութիւն կը յայտնէ Ողիմպիական Խաղերու բացման արարողութեան ընթացքին որոշ տեսարաններուն համար «որոնք պէտք չէին ըլլալ ակնարկութիւններ, որոնք կը ծաղրեն շատերու կրօնական համոզմունքները»
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք

Ցաւ և ափսոսանք այս է այն ինչ որ յայտնէ Սուրբ Աթոռը Յուլիսի 26-ին Փարիզի Ողիմպիական խաղերու բացման արարողութեան կապակցութեամբ։

«Սուրբ Աթոռը կը ցաւի Փարիզի մէջ Ողիմպիական խաղերու բացման արարողութեան որոշ տեսարաններուն ի տես և կարող է միայն միանալ այն ձայներուն, որոնք բարձրացան վերջին օրերուն,՝ ափսոսանք յայտնելու համար բազմաթիւ քրիստոնեաներու և այլ կրօններու հաւատացեալներու հասցէին հասցուած վիրաւորանքին»:

«Հեղինակաւոր իրադարձութեան ժամանակ, ուր ամբողջ աշխարհը կը միանայ ընդհանուր արժէքներու շուրջ, պէտք չէ ակնարկութիւններ կատարուին, որոնք կը ծաղրեն շատերու կրօնական համոզմունքները» գրուած է հաղորդագրութեան մէջ որուն աւարտին Սուրբ Աթոռը կ՛ընդգծէ թէ «խօսքի ազատութիւնը որ ակնյայտօրէն հարցականի տակ չէ, իր սահմանը կը գտնէ ուրիշներու նկատմամբ յարգանքի մէջ»:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/08/2024, 20:34