2024.08.07 Udienza Generale

Թող` որ Միջին Արեւելքի մէջ հակամարտութիւնը չ՛ընդլայնայ եւ անմիջապէս դադրի կրակոցը բոլոր ճակատներուն վրայ. Ֆրանչիսկոս Պապ

Ձեզմէ կը խնդրեմ որ միանաք իմ այս աղօթքին նաեւ մարտիրոս Ուքրանիոյ համար, Մինամարի եւ Սուտանի համար. Թող որ այս ժողովուրդները, որ այդքան կը տառապին պատերազմի պատճառաւ կարողանան շուտով վերագտնել այնքան ցանկացած խաղաղութիւնը»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի` 7 Օգոստոսին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ գլխաւորած հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին Սրբազան Պապը տարբեր լեզուներով ողջոյնի խօսքեր ուղղելէ ետք ունկնդրութեան մասնակցող ուխտաւորներուն նախ քան իտալացի ուխտաւորները ողջունելը կոչ ուղղեց Միջին Արեւելքի մէջ զինադադարի հաստատման համար ու այդ կոչը ընդլայնեց նաեւ աշխարհի զանազան վայրերու մէջ գոյութիւն ունեցող հակամարտութիւններուն, հրաւիրելով աղօթել խաղաղութեան անկեղծ փնտռտուքին ի սպաս։

 Անմիջապէս դադրի կրակոցը բոլոր ճակատներուն վրայ

«Կը շարունակեմ մեծ մտահոգութեամբ հետեւիլ Միջին Արեւելքի իրավիճակին» ըսաւ Քահանայապետը անգամ մը եւս նորոգելով կոչը բոլոր ներգրաւուած կողմերուն` «որպէսզի հակամարտութիւնը չ՛ընդլայնայ եւ անմիջապէս դադրի կրակոցը բոլոր ճակատներուն վրայ, սկսեալ Կազայէն, ուր մարդասիրական իրավիճակը շատ լուրջ է, անկայուն է» ըսաւ Ան։

«Կ՛աղօթեմ, որպէսզի խաղաղութեան անկեղծ փնտռտուքը վերացնէ վէճերը, սէրը յաղթէ ատելութեան եւ վրէժը զինաթափ ըլլայ ներումի միջոցաւ» նշեց ապա Նորին Սրբութիւնը բոլոր հաւատացեալներէն խնդրելով որ «միանան իր այս աղօթքին, նաեւ մարտիրոս Ուքրանիոյ համար, Մինամարի եւ Սուտանի համար»։

Փաքիստանի ու Աֆղանիստանի մէջ ցեղային խտրականութիւններ

«Թող, որ այս ժողովուրդները, որ այդքան կը տառապին պատերազմի պատճառաւ, կարողանան շուտով վերագտնել այնքան ցանկացած խաղաղութիւնը» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը ու հրաւիրեց նաեւ միացնել «ուժերը եւ աղօթքները, որպէսզի վերացուին ցեղային խտրականութիւնները Փաքիստանի եւ Աֆղանիստանի մէջ, յատուկէն կիներու դէմ խտրականութիւնը»։

Տիրոջ պայծառ դէմքը բոլորի համար ըլլայ պատճառ յոյսի եւ մխիթարութեան

Ան ապա ողջունեց Իտալացի ուխտաւորները աւելցնելով` «մտածումս երիտասարդներուն, հիւանդներուն, տարեցներուն ու նորապսակներուն ներշնչում կը քաղէ Քրիստոսի պայծառակերպութեան տօնէն, զոր տօնախմբեցինք երէկ, օր որուն ընթացքին յիշատակեցինք նաեւ իմ երանաշնորհ նախնիքներէս Սուրբ Պօղոս Զ մեկնումը այս աշխարհէն։ Թող, որ Տիրոջ պայծառ դէմքը բոլորի համար ըլլայ պատճառ յոյսի եւ մխիթարութեան» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը բոլորին վրայ հայցելով Աստուածային օրհնութիւններ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/08/2024, 10:00