Սուրբ Սիրտ Համալսարանի տեսուչը. կեդրոնանանք համապարփակ ուսուցումի վրայ եւ նախագիծեր իրականացնել ամենաաղքատ երկիրներու համար
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երկուշաբթի, 12 օգոստոսին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի մէջ ընդունեց, Սուրբ Սիրտ կաթողիկէ համասարանի տեսուչ, Էլէնա Պեքալլին, որ անցեալ 20 յունիսին, 2024-2028 չորս տարուայ ժամկէտով տնօրէններուն խորհուրդի կողմէ նշանակուեցաւ տեսուչ։ Ան առաջին կին է որ կը զբաղի այդ պաշտօնով վերոյիշեալ համալսարանին մէջ։
Վատիկանի լրատուամիջոցներուն հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին, Սուրբ Սիրտ համասարանի տեսուչը յայտնեց, որ հանիդպումի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը ընդգծած է «Երիտասարդներուն՝ խելքով, սիրտով ,ձեռքերով կրթելու կարեւորութիւնը եւ մատնանշած է թէ որքան կարեւոր է ուսուցչիչի դերակատարութիւնը, յիշցենելով որ պէտք չէ երբեք կորսնցնել զուարթամտութիւնը։
Համասարանի տեսուչ տիկին Պեքալլին երախտագիտութիւն յայտնեց Քահանայապետին , համասարանին հետ իր մշտական մօտիկութեան համար եւ ցոյց տուաւ բազմաթիւ ծրագիրներ, որ Սուրբ Սիրտ Համասարանը կը փափաքի իրականացնել Միլանոյի, Պրէշիայի, Փիաչենցայ, Քրեմոնայի եւ Հռոմի հինգ համասարաններու մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ