Արուեստական բանականութիւն Արուեստական բանականութիւն 

Ֆրանչիսկոս Պապ. Քրիստոնեաները միշտ պէտք է պահպանեն իրենց էութիւնը որպէս Աստուծոյ զաւակ։

Ֆրանչիսկոս Պապ կը գրէ միջ քրիստոնէական վեհաժողովին մասնակիցներուն, որուն բացումը կը կատարուի Իտալիոյ Փուլիա մարզի Թրանի քաղաքին մէջ. Գիտութիւնն ու արհեստագիտութիւնը հիմնովին կը փոխէ մարդոց գոյութիւնը հասկնալու ձեւը. Քրիստոնեաները միշտ պէտք են պահպանել իրենց էութիւնը որպէս Աստուծոյ զաւակ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

28էն-30 օգոստոս, Իտալիոյ Թրանի քաղաքին մէջ տեղի կ՝ունենայ «ի՞ նչ է մարդը մարդաբանական փոփոխութեան ժամանակին մէջ» նիւթով միջ քրիստոնէական ԺԷ-րդ վեհաժողովը, Ֆրանչիսկեաններուն քահանայապետական հոգեւորականութեան համալսարանի եւ «Արիսթոթելես» օրթոտոքսներու համալսարանի Աստուածաբանական բաժանմունքի համատեղ նախաձեռնութեամբ։

Քահանայապետը պատգամով մը ողջունեց վեհաժողովին բանախօսներն ու մասնակիցները ապա բարձր գնահատեց վեհաժողովին կազմակերպիչները, «Կաթողիկէներու եւ օրթոտոքսներու միջեւ այս շօշափելի համագործակցութեան համար, որ այժմ դարձած է գեղեցիկ աւանդութիւն»։
Ակնարկելով վեհաժողովին նիւթին մասին, որ կը խօսուի մարդաբանական փոփոխութեան ժամանակին մասին, նորին Սրբութիւնը նշեց, որ «Տեղեկատուական յեղափոխութենէն բխած փոփոխութիւնները, օրինակի համար, արուեստական բանականութիւնը, գիտութիւններուն ոլորտէն ներս զարգացումները այսօրուան այր մարդոց եւ կանանց կը ստիպեն վերանայելու իրենց ինքնութեան, աշխարհին եւ ընկերութեան մէջ իրենց դերին, ինչպէս նաեւ իրենց կոչումին վերացականութեան»։

Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ կը նշէ որ «շարունակուող մարդաբանական յեղափոխութեան, կարելի չէ արձագանգել միայն ժխտողականութեամբ կամ քննադատութեամբ այլ անհրաժեշտ է խորունկ մտածողութիւն, որ կարող է թարմացնել մտածելակերպն ու կայացնելիք ընտրութիւնները»։

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել կու տայ նաեւ, որ ժամանակակից մարտահրաւէրները կ՝ազդեն բոլոր քրիստոնեաներուն վրայ, անկախ անոնց պատկանող եկեղեցիէն ու «ասոր համար յատկապէս հետաքրքիր է, որ կաթողիկէներն ու օրթոտոքսները միասին նպաստեն այս խորհրդածութեան եւ Սուրբ գիրքին ուսմունքի եւ քրիստոնէական աւանդութեան լոյսին տակ անհրաժեշտ է վերահաստատել թէ իւրաքանչիւր մարդ էակ արժանի է արժանապատուութեան պաշտպանութեան այն փաստին համար որ գոյութիւն ունի, որպէս հոգեւոր էութիւն, ստեղծուած Աստուծոյ կողմէ եւ ուղղուած Տիրոջ հետ որդիական յարաբերութիւն ունենալու անկախ եթէ այն անձը կը գործէ իր արժանապատւութեան, ընկերային տնտեսական իրավիճակին համապատասխան, որոնց մէջ կ՝ապրի կամ այլ իր գոյութեան պայմաններու համապատասխան։

Ֆրանչիսկոս Պապ Պատգամը կ՝աւարտէ ապահովուելով իր աղօթքը միջ քրիստոնէական վեհաժողովին կամաւորներուն ու հայցելով Թրանի քաղաքին պաշտպան սուրբ, սուրբ Նիքոլա Փելլեկրինոյին բարեխօսութիւնը բոլորին վրայ Տիրոջ օրհնութիւնը կը հայցէ, խնդրելով որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/08/2024, 13:07