Որոնել

VATICAN-POPE-ANGELUS

Քահանայապետին կոչերը խաղաղութեան համար, աղօթքները եւ աղօթքի խնդրանքը արարչագործութեան խնամքի ու առաքելական ճամբորդութեան համար

Սրբազան Պապը յիշեց Սլովաքիայի մէջ Երանելի հռչակուած նորընծայ Եան Հավլիքը, ապա Պուրքինա Ֆազոյի մէջ ահաբեկչական յարձակումի զոհերը, աղօթքները ապահովեցուց Nossa Señora da Conceicão սրբավայրի արկածի վիրաւորներուն ապա նորոգեց իր մօտիկութեան զգացումը Ուքրանիոյ ժողովուրդին ու կոչ ուղղեց Սուրբ Երկրի մէջ զինադադարի ի նպաստ։ Ան յիշեց նաեւ Արարչագործութեան Խնամքի աղօթքի օրը եւ աղօթք խնդեց իր առաքելական ճամբորդութեան համար
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Կիրակի մէկ սեպտեմբեր 2024ի կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը աւանդութեան համաձայն խօսքը ուղղելով աղօթքին մասնակցող սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած ուխտաւորներուն յիշեց` երէկ Սլովաքիայի Շաշթին քաղաքի մէջ Երանելի հռչակուած Սուրբ Վինչենցօ Տէ Փաոլիիի միաբանութեան նորընծայ Եան Հավլիքը, որ սպաննուեցաւ 1965 թուականին համայնավարական վարչակարգի հալածանքներու ժամանակ։

Երանելի Եան Հավլիքը,

«Անոր Քրիստոսի հանդէպ հաւատքի վկայութիւնը թող քաջալերանք ըլլայ անոնց որոնք այսօր թիրախ են նման փորձանքներու» ըսաւ Սրբազան Պապը ծափահարութիւն խնդրելով նոր Երանելիին համար։

Պուրքինա Ֆազօ

Քահանայապետը ապա նշեց, թէ կսկիծով իմացաւ անցեալ 24 օգոստոսին Պուրքինա Ֆազոյի Պարասալոկօ շրջանին մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական արարքին լուրը, որուն արդիւնքով հարիւրաւոր մարդիկ սպաննուեցան, որոնց շարքին նաեւ կիներ ու մանուկներ։

«Դատապարտելով մարդկային կեանքի դէմ ուղղուած այս անտանելի յարձակումները՝ մօտիկութիւնս կը յայտնեմ համայն Ազգին ու իմ խորին ցաւակցութիւնս զոհուածներու ընտանիքներուն» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Կոյս Մարիամէն հայցելով, որ օգնէ Պուրքինա Ֆազոյի սիրելի ժողովուրդին, որպէսզի գտնէ խաղաղութիւն և անվտանգութիւն:

Մօտիկութիւն Ուքրանացի ժողովուրդին

Քահանայապետը իր աղօթքները ապահովեցուց նաեւ Պրազիլի `Ռեչիֆ քաղաքի Nossa Señora da Conceicão սրբավայրի արկածի վիրաւորներուն, մխիթարութիւն հայցելով անոնց ու անոնց ընտանիքներուն համար, ապա անգամ մը եւս վերահաստատեց իր մօտիկութիւնը մարտիրոս Ուքրանացի ժողովուրդին, որուն ելեկտրական ենթակառուցուածքները թիրախ դարձան յարձակումի մը, որ աւելի քան մէկ միլիոն անհատ թողուց առանց ելեկտրականութեան եւ ջուրի։

«Յիշենք, ըսաւ Սրբազան Պապը, որ անմեղներուն ձայնը միշտ ունկնդրութիւն կը գտնէ Աստուծոյ մօտ, որ անտարբեր չի մնար անոնց ցաւերուն դիմաց»։

Սուրբ Երկիրը

Ան ապա մտահոգիչ մտածում մը յղեց Պաղեստինաիսրայէլեան հակամարտութեան, ուր վտանգը կայ, որ ան ընդլայնուի այլ պաղեստինեան քաղաքներու։

«Կոչ կ՛ուղղեմ, որպէսզի կանգ չառնեն բանակցութիւնները եւ անմիջապէս հաստատուի զինադադարը, ազատ արձակուին պատանդները ու Կազայի բնակչութեան օգնութիւն մատուցի, ուր կը տարածուին բազմաթիւ հիւանդութիւններ ներառեալ «Փոլիոմիելիդ»ը» ըսաւ Սրբազան Պապը ապա հայցեց` որ «խաղաղութիւն հաստատուի Սուրբ Երկրին մէջ, խաղաղութիւն հաստատուի Երուսաղեմի մէջ: Սուրբ Քաղաքը ըլլայ հանդիպման վայր, որտեղ քրիստոնեաները, հրեաները և մահմետականները իրենք զիրենք զգան յարգուած և ընդունուած, և ոչ ոք կասկածի տակ դնէ համապատասխան սուրբ վայրերուն մէջ «սթաթուս քուոն»։

Արարչագործութեան Խնամքի աղօթքի միջազգային օրը

«Այսօր կը յիշատակուի Արարչագործութեան Խնամքի աղօթքի միջազգային օրը։ Կը մաղթեմ, որ բոլորին կողմէ, իշխանութիւններ, ընկերակցութիւններ, ընտանիքներ եւ իւրաքանչիւր անհատ, շօշափելի յանձնառում ցուցաբերուի մեր հասարակաց տան նկատմամբ» ի տես «վիրաւոր Երկրին աղաղակին» որ  «ամէն օր աւելիով կ՛ ահազանգէ եւ կը պահանջէ վճռական ու անյետաձգելի քայլ մը»։

Առաքելական ճամբորդութեան համար աղօթք

Ակնարկելով ապա դէպի Ասիայի ցամաքամաս վաղը սկիզբ առնող իր առաքելական ճամբորդութեան Նորին Սրբութիւնը «պատմական» համարեց զայն ու աղօթք խնդրեց ճամբորդութեան պտուղներուն համար։

Ան ապա ողջունելէ ետք ուխտաւորներու զանազան խումբեր բոլոր ներկաներուն մաղթեց բարի կիրակի, սովորութեան համաձայն աղօթք խնդրելով նաեւ իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/09/2024, 13:28