Որոնել

2024.09.01 Angelus

Մեր կեանքը դարձնենք Աստուծոյ հաճելի երկրպագութիւն. Ֆրանչիսկոս Պապ

«Այսօրուայ Աւետարանին մէջ (Մարկոս 7,1-8.14-15.21-23), Յիսուս կը խօսի մաքուրի եւ անմաքուրի մասին։ Յիսուս կ՛ըսէ թէ ան կապուած չէ արտաքին ծէսերուն այլ եւ ամենէ առաջ ներքին տրամադրութիւններուն։ Մաքուր ըլլալու համար հարկաւոր չէ լուալ ձեռքերը, եթէ անկէ ետք կը սնանինք չար զգացմունքներով, ինչպիսիք են ագահութիւնը, նախանձը և հպարտութիւնը, կամ չար մտադրութիւններով, ինչպիսիք են խաբեութիւնը, գողութիւնը, դաւաճանութիւնը և զրպարտութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Վասն զի ներսէն, մարդոց սրտէն, կ’ելլեն չար խորհուրդներ, շնութիւններ, պոռնկութիւններ, սպանութիւններ, Գողութիւններ, ագահութիւններ, չարութիւններ, նենգութիւն, գիջութիւն, չար աչք, հայհոյութիւն, ամբարտաւանութիւն, անզգամութիւն։ Այս բոլոր չար բաները ներսէն կ’ելլեն ու կը պղծեն մարդը» Մարկոս Աւետարանիչէն քաղուած այս հատուածը մաս կը կազմէր Կիրակի մէկ սեպտեմբերի  սուրբ գրային ընթերցումին, որմէ ներշնչում քաղելով է, որ Ֆրանչիսկոս Պապը ներկայացուց Կիրակի օրուայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը, զոր Ան արտասանեց առաքելական պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

Մաքուրն ու անմաքուրը

«Այսօրուայ Աւետարանին մէջ (Մարկոս 7,1-8.14-15.21-23), Յիսուս կը խօսի մաքուրի եւ անմաքուրի մասին. Նիւթ մը, որ իր ժամանակակից մարդոց սրտին կը խօսէր եւ որ ընդհանրապէս կապուած էր ծէսի ու վարուելակերպի կանոններուն, խուսափելու համար յարաբերութեան մէջ մտնելէ անձերու կամ իրերու հետ, որոնք անմաքուր կը համարուին եւ  հակառակ պարագային որ այդ տեղի ունենար, ջնջել «բիծը» (տես Ղևտ 11-15)»:

Որոշ դպիրներ և փարիսեցիներ, որոնք խստօրէն կը պահպանեն այդ կանոնները, Յիսուսը կը մեղադրեն, որ իր աշակերտներուն թոյլ կու տայ ուտել «անմաքուր ձեռքերով, այսինքն՝ չլուացուած» (Մարկոս ​​7,2), և Ան, առիթէն օգտուելով, զանոնք կը հրաւիրէ խորհելու «մաքրութեան» իմաստի վրայ։

Ներքին անմաքրութիւնը

Յիսուս կ՛ըսէ թէ ան կապուած չէ արտաքին ծէսերուն այլ եւ ամենէ առաջ ներքին տրամադրութիւններուն։ Մաքուր ըլլալու համար հարկաւոր չէ լուալ ձեռքերը, եթէ անկէ ետք կը սնանինք չար զգացմունքներով, ինչպիսիք են ագահութիւնը, նախանձը և հպարտութիւնը, կամ չար մտադրութիւններով` ինչպիսիք են խաբեութիւնը, գողութիւնը, դաւաճանութիւնը և զրպարտութիւնը։

Բարեսիրութեան հակասող ընտրութիւններ ու վերաբերմունք

Այս մէկը ծիսականութիւն է, որ չի հանգեցներ բարութեան աճի, այլ երբեմն կարող է մղել անտեսելու կամ նոյնիսկ արդարացնելու, մեր և ուրիշներու մէջ բարեսիրութեան հակասող ընտրութիւններն ու վերաբերմունքը, որ կը խոցէ հոգին և կը փակէ սիրտը:

Այս մէկը կարեւոր է նաեւ մեզի համար. Կարելի չէ զոր օրինակ դուրս գալ պատարագէն եւ Եկեղեցւոյ մուտքին կանգ առնել եւ ողորմութենէ զուրկ զրպարտութիւններ կատարել ամէն բանի եւ բոլորի մասին։ Եւ կամ աղօթքի պահուն ջերմեռանդ ձեւացնել մենք զմեզ, սակայն տան մէջ պաղութեամբ վարուիլ մեր ընտանեկան պարագաներուն հետ կամ ալ անտեսենք մեր տարեց ծնողքը, որոնք կարիքը ունին օգնութեան եւ ընկերութեան (Մարկոս 7,10-13)

Կամ նոյնիսկ շատ արդար ձեւացնել մենք զմեզ բոլորի հանդէպ, գուցէ նոյնիսկ  կամաւորութիւն և բարեգործական ժեստեր կատարելով, բայց յետոյ ներքուստ զարգացնել ատելութիւն ուրիշներու նկատմամբ, արհամարհել աղքատներն ու փոքրերը կամ անազնիւ կերպով վարուիլ աշխատանքին մէջ:

Մենք  եղած ենք բիւրեղէութեան համար

Ասպէս ընելով Աստուծոյ հետ յարաբերութիւնները կը վերածուին արտաքին արարքներու, և մենք ներքուստ անթափանց կը մնանք անոր մաքրագործող շնորհքի գործողութեան, մենք մեզ տալով սէրէ զուրկ մտքերու, պատգամներու և վարքագծի:

Մենք եղած ենք այլ բանի համար, կեանքի բիւրեղութեան համար, քնքշութեան, սիրոյ համար։ Ուրեմն մենք մեզի հարց տանք. Մեր հաւատքը հետեւողականութեամբ կ՛ապրի՞նք։ Զգացմունքներով, խօսքերով և գործերով, եւ շօշափելի կը դարձնե՞նք այն ինչ որ կ՛ըսենք աղօթքի մէջ» ըսաւ ապա Քահանայապետը, ու խորհրդածութիւնը եզրափակեց  հայցելով Մարիամին` ամենամաքուր Մօր բարեխօսութիւնը, որպէսզի օգնէ մեզի, որպէսզի մեր կեանքը, սիրով զգացուած և կիրառուած, դարձնենք Աստուծոյ հաճելի երկրպագութիւն (տես Հռոմ. 12.1):

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/09/2024, 12:15

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >