Ընդլայնեցէ՛ք իմացութեան սահմանները․ Ֆրանչիսկոս Պապը Լիուվենի Կաթողիկէ Համալսարանին մէջ

Սրբազան Քահանայապետը Պելճիքա միջազգային առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, այսօր հանդիպեցաւ Լիուվենի Կաթողիկէ Համալսարանի դասախօսական անձնակազմին․ «Մինչ ոմանք սահմանները խստացնելու կոչ կ’ընեն, դուք՝ որպէս համալսարանական համայնք, այդ սահմանները ընդարձակած էք»։

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, 27 Սեպտեմբեր 2024ին՝ Պելճիքա ճամբորդութեան ծիրէն ներս, այցելեց Լիուվենի Կաթողիկէ Համալսարան, ուր հանդիպեցաւ դասախօսական անձնակազմին եւ այս առիթով ներկաներուն ուղղած իր ճառին սկիզբը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Ռեկտորին բարի գալստեան խօսքերուն համար։

Ներկան մեկնաբանելուն եւ ապագան ծրագրելուն ուղղուած անհրաժեշտ կրթութիւն

«Առաջարկել համապարփակ ուսուցում, որպէսզի մարդիկ ստանան ներկան մեկնաբանելու եւ ապագան ծրագրելու համար անհրաժեշտ գործիքները», այս է համալսարաններու առաջին առաջադրանքը, նշեց այնուհետեւ Սրբազան Պապը։

«Ի մասնաւորի Կաթողիկէ համալսարանները կոչուած են «բերելու Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանի թթխմորի, աղի ու լոյսի եւ նոր իրավիճակներու ու նոր առաջարկներու համար միշտ բաց Եկեղեցւոյ կենդանի Աւանդոյթի վճռական ներդրումը», շեշտեց ապա Ան՝ յղում կատարելով Veritatis gaudium Առաքելական Սահմանադրութեան։

Դառնալ բաց տարածք մարդու ու հասարակութեան համար

Որպէս համալսարաններու մեծ առաքելութիւն Ֆրանչիսկոս համարեց «սահմաններու ընդլայնումը եւ մարդու ու հասարակութեան համար բաց տարածք դառնալը» եւ, այդ իմաստով մէջբերեց Գաբէսի աղաչանքը Աստուծոյ․ «Երանի՜ թէ ամէն կողմանէ զիս օրհնես ու իմ սահմանս մեծցնես» (Մնացորդաց Ա Գիրգ 4։10)։ Գաբէս անունը «ցաւ» կը նշանակէ՝ տրուած մօր կողմէ, որ ծննդաբերելիս մեծ տանջանքներ կրած էր, բացատրեց Նորին Սրբութիւնը։ Սակայն Գաբէս չ’ուզեր սեփական ցաւին մէջ պարփակուիլ եւ կ’աղօթէ Տիրոջ՝ ընդլայնել իր սահմանները։

Ասկէ մեկնելով Ֆրանչիսկոս Պապը յորդորեց համալսարանականներուն «ընդլայնել իմացութեան սահմանները»՝ կենսական տարածք դարձնելով ակադեմիական եւ մշակութային կրթութիւնը, որն իր մէջ ներառէ կեանքը եւ խօսի կեանքի մասին։

Հոգիի յոգնածութիւն եւ անհոգի բանապաշտութիւն

Այսօրեայ իրականութեան մէջ «յայտնուած ենք երկիմաստ իրավիճակի առջեւ, ուր սահմանները սահմանափակ են», նկատել տուաւ Նորին Սրբութիւնը, ըստ Որու՝ մէկ կողմէ՝ մենք «հոգիի յոգնածութիւն» ունինք, որ մեզ «կը ձգէ մշտական ​​անորոշութեան եւ մղող ուժի բացակայութեան մէջ, կարծես թէ անիմաստ է իմաստ փնտռել իրականութեան մը մէջ, որ անհասկանալի կը մնայ»:

Այս միտքը Սրբազան Հայրը պատկերաւոր դարձուց Ֆրանց Քաֆքայի՝ «Ես կը հաւատամ, որ անիկա չի զբաղիր ճշմարտութեամբ միայն այն պատճառաւ, որ չափազանց յոգնեցուցիչ է» (Պատմուածքներ, Միլան 1990, 38), արտայայտութեան միջոցաւ՝ նշելով, որ․ «ճշմարտութեան որոնումը յոգնեցուցիչ է, քանզի կը ստիպէ մենք մեզի հարցումներ տալու, (․․․), ըստ այդմ մեզ աւելի շատ հիացմունք կը պատճառէ հոգիի յոգնածութիւնը եւ մակերեսային կեանքը, այնպէս, ինչպէս մեզ աւելի կը գրաւէ դիւրին, թեթեւ, յարմարաւէտ «հաւատը», որ երբեք ոչ մէկ բան կասկածի տակ կը դնէ»։

Ֆրանչիսկոսի նշած երկիմաստութեան միս կողմը «անհոգի բանապաշտութիւնն է» (ռացիոնալիզմ), «որու մէջ իյնալու վտանգ կայ այսօր, երբ մարդը միայն նիւթի կը վերածուի, երբ իրականութիւնը կը պարտադրուի տեսանելիի սահմաններու մէջ»։

Չբաւարարուիլ մաթեմատիկական բանականութեամբ, բացայայտել թաքնուած ճշմարտութիւնը

Պէտք չէ բաւարարուիլ միայն մաթեմատիկական բանականութեամբ, որ կ’անհետացնէ աւելի հեռուն նայելու հետաքրքրասիրութիւնը, երկինքին նայելու մեր ներքին զարմանքը, այլ՝ պէտք է բացայայտել հիմնարար հարցերուն առնչուող թաքնուած ճշմարտութիւնը․ ի՞նչ իմաստ ունի իմ կեանքս։ Ո՞րն է այս ճանապարհորդութեան վերջնանպատակը եւ վերջնական նպատակակէտը, յորդորեց Ան։

«Ընդդէմ հոգիի յոգնածութեան եւ անհոգի բանապաշտութեան, եկէ՛ք մենք ալ սորվինք աղօթել Գաբէսի նման եւ խնդրենք՝ «Տէ՛ր, ընդլայնէ՛ մեր սահմանները»», յարեց Ֆրանչիսկոս, ապա՝ շնորհակալութիւն յայտնեց դասախօսական անձնակազմին՝ բազմաթիւ փախստականներու համար հիւրընկալ տարածք ստեղծելու։․

«Մինչ ոմանք սահմանները խստացնելու կոչ կ’ընեն, դուք՝ որպէս համալսարանական համայնք, այդ սահմանները ընդարձակած էք, ձեր բազուկները պարզած էք ընդունելու ցաւով դրոշմուած այս մարդկանց, օգնելու անոնց սորվիլ ու աճել», ընդգծեց Ֆրանչիսկոս Պապը՝ իր յուզմունքը արտայայտելով հանդիպման ընթացքին տեսերիզով հեռարձակուած սրտաշարժ վկայութիւններու առթիւ։

Սրբազան Քահանայապետը իր ճառն աւարտեց կոչով․«Եղէ՛ք ճշմարտութեան անհանգիստ փնտռողներ եւ մի մարէ՛ք երբեք ձեր մղումը՝ մտքի ծուլութեան չտրուելու համար»:

 

Լիուվենի Կաթողիկէ Համալսարանը

Նշենք թէ՝ Լիուվենի Կաթողիկէ Համալսարանը Երկիրի ամենամեծ ու ամենայայտնի համալսարանն է, եւ ամենահին է աշխարհի մէջ որպէս կաթողիկէ համալսարան։ Հիմնադրուած է Մարթինօ Ե Պապին կողմէ՝ 9 Դեկտեմբերի 1425ին «Sapientie immarcessibilis» Քահանայապետական Կոնդակով՝ անսալով Լիուվեն քաղաքի խնդրանքին:

1968 թուականին, լեզուները տարբերակելու նկատառումով, Համալսարանը տրոհուեցաւ՝ երկու առանձին հաստատութիւններու միջեւ՝ ֆլամանտախօս «Katholieke Universiteit Leuven»ը Լիուվենի մէջ եւ ֆրանսախօս «Université Catholique de Louvain»ը՝ Նոր Լիուվեն (Louvain-la-Neuve) անուանումով նոր քաղաքի մէջ, որ ստեղծուեցաւ զայն հիւրընկալելու համար եւ կը գտնուի ոչ շատ հեռու՝ Լիուվենէն 24 քիլոմեթր հարաւ արեւմուտք։

Համալսարանը եւրոպական հիմնական հետազօտական​​կազմակերպութիւններէն է, կարեւոր դեր ունի բազմաթիւ ոլորտներէն ներս: Անոր առաքելութիւնը հիմնուած է մարդկութեան եւ աշխարհի հայող քրիստոնէական տեսլականի վրայ, ընկերային, փիլիսոփայական եւ բարոյագիտական հարցերու շուրջ բաց քննարկման վայր է, ինչպէս նաև տեղի համայնքի համար քննադատական ​​մտածողութեան կենտրոն:

2024-2025 ուսումնական տարիի ընթացքին «Katholieke Universiteit Leuven»ը եւ «Université Catholique de Louvain»ը` պիտի նշեն հիմննադրութեան 600ամեակը ցուցահանդէսներով, հանդիպումներով, համաժողովներով եւ տարբեր այլ միջոցառումներով:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/09/2024, 18:18