Ֆրանչիսկոս Պապը Տիլիի անկար մանուկներուն հետ. Մեզի կը սորվեցնեն հոգատարութիւնը` մեր դաստիարակներն են։
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Բան մը կայ, որ ինծի յաճախ մտածել կու տայ. Երբ Յիսուս կը խօսի վերջին դատաստանի մասին մի քանիներուն կ՛ըսէ. «Ինծի եկէք»։ Ան չ՜ըսեր ինծի եկէք որովհետեւ մկրտուած էք, դրոշմուած, Եկեղեցւոյ մէջ պսակուած, որովհետեւ գողութիւն չէք ըրած...ոչ, կ՛ըսէ ինծի եկէք. որովհետեւ ինծի հոգ տարիք, երբ անօթի էի զիս կերակրեցիք, ծարաւ էի եւ ինծի ջուր տուիք, հիւանդ էի եւ այցելեցիք զիս։ Ասիկա ես կը կոչեմ «աղքատներուն Խորհուրդը»։ Խօսքերն ասոնք, զոր Ֆրանչիսկոս Պապը արտասանեց Տլիի Իրմաշ Ալմա դպրոցին մէջ անկար մանուկներուն հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին, երեքշաբթի 10 սեպտեմբերին, Թիմոր Լեսթի իր առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս։
Ալմա վարժարանի հոգատարութիւնը ստանձնած են Ալմա միաբանութեան քոյրերը, որոնք կը զբաղին անբախտ, թշուառ եւ անկար մանուկներով, հոգալով անոնց խնամատարութիւնը։ Միաբանութիւնը ունի նաեւ որբանոց մը։
ԱԼՄԱՆ հիմնուած է վաթսունական թուականներուն Հայր Ժանսընի կողմէ։ Աշխարհական հաստատութիւն մը, որ կը գործէ կրթական ոլորտէն ներս ու կը զբաղի քարոզութեամբ հեռու վայրերու մէջ, ապա հոգ կը տանի անկար մանուկներուն, ընտանիքներու հովուական ծառայութեան ու կը խթանէ աշխարհականներու առաքելութիւնը։
Արդարեւ Նորին Սրբութեան այս այցին համար ոչ մէկ ճառ նախատեսուած էր բայց Քահանայապետը սովորութեան համաձայն չուզեց այդ վայրը այցելել առանց իր սրտէն բխած հայրական խօսքերը ուղղելու ներկաներուն։
«Այստեղ կը գտնէք սէր մը, որ կը քաջալերէ, կը կառուցէ եւ կ՛ամրապնդէ...առանց սիրոյ այս բոլորը հասկնալի չէ եւ այսպէս է, որ կարող ենք հասկնալ Յիսուսին սէրը. որ կեանքը տուաւ մեզի համար» ըսաւ ի միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով, որ «կեանքը բաժնեկցիլ կարիքաւոր մարդոց հետ ծրագիր մըն է, ծրագիր իւրաքանչիւր քրիստոնեայի» եւ ասկէ մեկնելով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, նաեւ մանուկներուն, որովհետեւ «անոնք մեզի կը սորվեցնեն ինչպէս մենք ալ պէտք է թոյլ տանք, որ խնամուինք Աստուծմէ։ Թոյլ տանք` որ Աստուած մեզի խնամք տանի։ Եւ իրենք այս բանի մէջ դաստիարակ են» յարեց Սրբազան Պապը իր մօտ կոչելով Սիլվանօ անունով մանուկ մը ու զայն ներկայացնելով որպէս օրինակ։
Նորին Սրբութիւնը ապա ներկաները հրաւիրեց միասին աղօթելու «Ողջոյն քեզ Մարիամ» աղօթքը հուսկ իր օրհնութիւնները շնորհեց բոլորին եւ ստորագրեց Միաբանութեան հիմնադրութեան 60 ամեակին նուիրուած յուշատախտակը։
Քահանայապետը ապա դպրոցին նուիրեց Սուրբ Յովսէփին արձանը հրաւիրելով նայիլ թէ ինչպէս Ան հոգ տարաւ Տիրամօր ու Տիրամայրը հոգ տարաւ Յիսուսին։ «Ամենակարեւոր անձը այն է որ թոյլ կու տայ աւելիով խնամուիլ եւ Յիսուս թոյլ տուաւ խնամուիլ Մարիամէն եւ Յովսէփէն» ըսաւ Քահանայապետը նուէրը յանձնելով ԱԼՄԱ միաբանութեան անդամներուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ