Սրբազան Պապին հանդիպումը` Ինտոնեզիայի մէջ գործող Յիսուսեան միաբանութեան անդամներուն հետ
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Ինտոնեզիայի մայրքաղաք Ճաքարթայի մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին չորս սեպտեմբերի օրուան առաջին կէսին յայտագիրը վերջ գտաւ Անոր Յիսուսեան միաբանութեան իր եղբայրակիցներուն հետ դռնփակ հանդիպումով որ տեղի ունեցաւ Ճաքարթայի Առաքելական Նուիրակութեան մէջ եւ որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Ինտոնեզիայի մէջ իրենց ծառայութիւնը մատուցող միաբանութեան 320 անդամներէն 200։
«Հանդիպումը տեղի ունեցաւ ընտանեկան ու մտերմիկ մթնոլորտի մէջ, տեւեց գրեթէ մէկ ժամ, հարցում պատասխան ձեւաչափով, որուն ընթացքին Քահանայապետը իր զարմանքն ու ուրախութիւնը արտայայտեց ներկաներուն մէջ տեսնելով բազմաթիւ երիտասարդներ, որոնք կազմաւորման շրջանի մէջ են» տեղեկացուց Վատիկան Նիուզի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին Հայր Անթոնիօ Սփատարոն` Յիսուսեան միաբան եւ Մշակոյթի ու Կրթութեան Վերատեսչութեան ենթաքարտուղար։
«Շօշափուած նիւթերու շարքին էին Միաբանութեան հարցերը, ու զատորոշումի եւ աղօթքին կարեւորութիւնը» նշեց միշտ Հայր Սափատարոն աւելցնելով որ Նորին Սրբութիւնը շատ մը հարցումներուն պատասխանները տուաւ խօսելով իր անձնական փորձառութիւններու մասին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ