Բոլորս պատասխանատու ենք Եկեղեցւոյ առաքելութեան․ Ֆրանչիսկոս Պապի Հոկտեմբեր ամսուայ աղօթքի դիտաւորութիւնը

Սրբազան Քահանայապետը կը հրաւիրէ աղօթել «սինոտալ ապրելակերպի համար՝ ի նշան համապատասխանատւութեան», որմէ ներս «խթանուի քահանաներու, կրօնական եւ աշխարհիկ անձերու համատեղ մասնակցութիւնը, հաղորդութիւնը եւ առաքելութիւնը»:

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

«Ի սպաս համատեղ առաքելութեան»․ այս է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի՝ Հոկտեմբեր ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան բնաբանը, որ ուղղակիօրէն կը կապուի Սինոդի Ընդհանուր մօտալուտ Ժողովին հետ, ուր Ան կը խնդրէ բոլոր քրիստոնեաներէն՝ աշխարհականներէն, քահանաներէն, կրօնաւորներէն՝ «քալել միասին՝ սիւնհոդոսականութեան ճամբով»՝ բացատրելով, որ «համապատասխանատու ենք առաքելութեան, կը մասնակցինք եւ կ’ապրինք Եկեղեցւոյ հաղորդութեան մէջ»։

Նորին Սրբութիւնը կը հրաւիրէ աղօթել «սինոտալ ապրելակերպի համար՝ ի նշան համապատասխանատւութեան», որմէ ներս «խթանուի քահանաներու, կրօնական եւ աշխարհիկ անձերու համատեղ մասնակցութիւնը, հաղորդութիւնը եւ առաքելութիւնը»:

Աշխատիլ միասին

Կարեւոր չէ մեր ով ըլլալը՝ «գիւղացի թէ ձկնորս», Յիսուս կանչեց մեզ մէկ առաքելութեան համար՝«մեր կեանքով վկայութիւն տալու», «իւրաքանչիւրը նպաստելով, իր լաւագոյն կարողութիւններով», կ’ըսէ Սրբազան Հայրը իր աղօթքը ուղեկցող տեսերիզի մէջ։

Համատեղ պատասխանատուութիւն, այսինքն, կը բացատրէ Ան, աշխատիլ միասին անկախ կոչումներէ. «քահանաները աշխարհականներու  առաջնորդները չեն, այլ՝ անոնց հովիւները»։ Երկուքը միասին  պէտք է հոգ տանին Եկեղեցւոյ մասին, որ իրենց տունն է։

Աւելցնենք, որ Ֆրանչիսկոս Պապի Աղօթքի ամսուայ դիտաւորութիւնները 2016էն կ’ուղեկցուին տեսերիզներով Պապի համաշխարհային աղօթքի ցանցի կողմից (Աղօթքի առաքելութիւն) եւ մինչ օրս արժանացած են 229 միլիոն դիտումներու, կը թարգմանուին 23 լեզուներով եւ կը լուսաբանուին 114 Երկիրներու մամուլի կողմէ։

Համատեղ առաքելութիւն

Նորին Սրբութեան պատգամը ուղեկցող պատկերները կը ներկայացնեն Աստուծոյ Սուրբ Ժողովուրդի համատեղ կեանքի որոշ դրուագներ՝ ծխական համայնքներէն դուրս եւ անորմէ ներս։ Տեսերիզի ստեղծումն արդեն իսկ սիւնհոդոսականութեան նշան է, աշխատանք, որ իրականացուցած է Պրուքլինի թեմը՝ օժանդակութեամբ «DeSales Media»ի, համագործակցութեամբ Սինոդի Ընդհանուր Քարտուղարութեան եւ աջակցութեամբ Պապի «Pro Rete Mondo di Preghiera Հիմնադրամին»:

«Rete Mondiale di Preghiera del Papa - Քահանայապետի Աղօթքի Համաշխարհային Ցանց»ին Միջազգային Տնօրէն Հայր Ֆրետերիք Ֆորնոսին խօսքերով «2024ի Հոկտեմբերը վճռորոշ պահ է Հռոմի մէջ Սինոդի համար, որ, սկիզբ առնելով երեք տարի առաջ, իր  ճամբորդութեան գագաթնակէտին հասած է եւ լի է ակնկալիքներով, ցանկութիւններով եւ յոյսերով։ (…) Տեսերիզի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը շեշտը կը դնէ այն ամէն բանի վրայ, որ էական է։ (…) Այն փաստը, որ անոր անհրաժեշտութիւնը գիտակցելու համար երեք  տարի պահանջուուեցաւ, կը հաստատէ մարտահրաւէրին լրջութիւնը , որուն Եկեղեցին կը բախուի ճշմարիտ սիւնհոդոսականութեան ճանապարհին»:

Հայր Ֆորնոս մէջբերելով Ֆրանչիսկոսի խօսքերը․ «առանց աղօթքի Սինոդ չ’ըլլար», աւելցուցած է, որ այս վճռորոշ ամսոյն Պապը կը հրաւիրէ մեզ համախմբուիլ Սինոդի համար աղօթքով, որպէսզի այդ մէկը ըլլայ  հանդիպման, փոխադարձ լսելու եւ համայնքի իրական զատորոշման պահ՝ առաջնորդուելով Սուրբ Հոգիով»:

Քահանայապետը Հոկտեմբեր ասուայ աղօթքի դիտաւորութեան մէջ ըսաւ․

Մենք՝ բոլոր քրիստոնեաներս, պատասխանատու ենք Եկեղեցւոյ առաքելութեան համար։ Բոլոր քահանաներս։ Բոլորս։ Մենք՝ Քահանաներս, աշխարհականներու առաջնորդները չենք, այլ անոնց հովիւները։ Յիսուս կանչեց մեզ՝ (...) մէկս միւսիս փոխադարձաբար լրացնելու։ Մենք համայնք ենք։ Ահա թէ ինչու պէտք ենք միասին քալել՝ սիւնհոդոսական ճանապարհով։

Իհարկէ, կարող էք ինձի հարցնել՝ ի՞նչ կրնամ ընել ես, որ հանրակառքի վարորդ եմ։ Ես, որ գիւղացի եմ։ Կամ ես, որ ձկնորս եմ. Այն, ինչ պէտք ենք ընել բոլորս դա՝ մեր կեանքով վկայութիւն տալն է: Եւ Եկեղեցւոյ առաքելութեան պատասխանատուութիւնը կիսելը:

Աշխարհականները, մկրտուածները, Եկեղեցւոյ մէջ իրենց տան մէջ կը գտնուին եւ պէտք է հոգ տանին անոր։ Նոյնը կը վերաբերէ մեզ՝ քահանաներուն, նուիրեալներուս։ Իւրաքանչիւրը նպաստելով իր լաւագոյն կարողութիւններով: Մենք համապատասխանատու ենք առաքելութեան մէջ, կը մասնակցինք եւ կ’ապրինք Եկեղեցւոյ հաղորդութեան մէջ: Աղօթենք, որ Եկեղեցին շարունակէ ամէն կերպով աջակցիլ սինոտալ ապրելակերպին՝ ի նշան համապատասխանատւութեան՝ խթանելով քահանաներու, կրօնաւորներու եւ աշխարհականներու համատեղ մասնակցութիւնը, հաղորդութիւնը եւ առաքելութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/09/2024, 16:05