Եղբայր  Էնցօ Պիանքիի «Fraternità» գիրքը Եղբայր Էնցօ Պիանքիի «Fraternità» գիրքը 

Ֆրանչիսկոս. Եղբայրութիւնը պատուար` բռնութեան և պատերազմի դէմ

Ֆրանչիսկոս Պապը ստորագրեց Էնցօ Պիանքիի «Fraternità» գիրքի նախաբանը, որ հրատարակուած է Einaudi-իի կողմէն։

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ստորագրեց Եղբ. Էնցօ Պիանքիի «եղբայրութիւն» գիրքին նախաբանը, որուն մէջ շեշտը կը դնէ եղբայրութեան կարեւորութեան վրայ, հաստատելով, որ «մարդկութեան սկիզբէն ի վեր պատերազմի սատանան միշտ ներկայ է եւ կը դրսևորուի մրցակցութեան մէջ, որ կը հանգեցնէ ժխտման, միւսի սպանութեան, ինչպէս բացայայտուեցաւ Կայէնի կողմէ Աբէլի եղբայրասպանութեամբ»:

«Ահա, թէ ինչու եղբայրութիւնը միշտ պէտք է շարունակաբար վերածնի ինքն իրեն և դիմադրէ բռնութեան և պատերազմի տանող մրցակցութեան» կը նշէ Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով, որ «Ցաւօք սրտի, եղբայրութիւնը այն բանն է, որ ամենէն շատ կը պակասի մեր համատեղ կեանքին, և ճիշտ անոր բացակայութիւնն է` որ տառապանք կը պատճառէ»։

«Առանց եղբայրութեան, հաւասարութիւնն ու ազատութիւնը միշտ կմնան վտանգուած, թոյլ և դիւրութեամբ հակասուող արժէքներ: Անշուշտ, եղբայրութիւնը պէտք է որոշուի ընտրութեամբ մը. բացառման մերժում, հաշտեցման ցանկութիւն, մարդկային խոր հաղորդակցութեան ցանկութիւն» կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը ընդգծելով որ, «այս գիրքին մէջ Եղբայր Էնցօ Պիանքին, իր սովորական մարդկային խորութեամբ և հոգևոր բանականութեամբ ցոյց կու տայ, որ եղբայրութիւնը մարդկութեան կոչում է»։

«Բոլորս ալ եղբայր ու քոյր ենք... եւ ամենամեծ նուէրը, զոր մենք կարող ենք ընկալել միւսն է, ըլլայ հեռու կամ մօտիկ, բարեկամ կամ թշնամի....Եթէ կանգնած ենք իրար կողքի, միշտ մեր դիմաց ունինք եղբայր կամ քոյր մը և կը զգանք, որ ունինք մէկ կոչում՝ այն է «ես» ըսելէն անցնիլ «մենք»ի եւ ապրիլ միասին»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/09/2024, 06:52