Համարձակութիւն ունեցէք դուրս ելլելու «յարմարաւէտութեան գօտիներէն»․ Ֆրանչիսկոս Պապ

Սրբազան Քահանայապետին Ասիա ամէնէն երկար ու պատմական ճամբորդութեան վերջին հանգրուանը Սինկափուրն էր, իսկ վերջին հանդիպումը, որ կայացաւ այսօր՝ 13 Սեպտեմբերին, Միջկրօնական հանդիպումն էր երիտասարդներու հետ․ «Յարմարաւէտութիւն ընտրող երիտասարդը կը գիրնայ միտքով»։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին՝ Ասիա ամէնէ երկար ու պատմական ճամբորդութիւնը հասաւ իր աւարտին։

Անոր վերջին հանգրուանը Սինկափուրն էր, որու ծիրէն ներս, այսօր՝ 13 Սեպտեմբեր 2024ին տեղական ժամանակով ժամը 10.00ին (04.00 Հռոմի ժամով) «Catholic Junior College Կաթողիկէ Կրտսեր Վարժարան»էն ներս՝ «Whitley Road» վայրին մօտ, կայացաւ Միջկրօնական հանդիպում Նորին Սրբութեան եւ շուրջ 600 երիտասարդներուն միջեւ։

«Հիւրասենեակային քննադատութիւն» եւ «յարմարաւէտութեան գօտի»

Քահանայապետը ունկնդրեց երեք տարբեր կրօններու պատկանող երիտասարդներու վկայութիւնները եւ անոնց հետ իր անմիջական եւ ուղիղ խօսքը կառուցեց վերջիններուս յուզող որոշ հարցադրումներու շուրջ․  

Ինչպէ՞ս կարող ենք դուրս ելլել յարմարաւէտութեան շրջանակներէն, ինչպէ՞ս կարող ենք խթանել երիտասարդներու միջեւ միջկրօնական երկխօսութիւնը, ինչպէ՞ս կարող ենք յաղթահարել քննադատութիւններու վախը, ինչպէ՞ս կարող ենք օգտագործել արհեստական ​​բանականութիւններու հնարաւորութիւնները՝ միաժամանակ կառավարելով դրա հետ կապուած վտանգները:

Երիտասարդները համարձակ են, քանի որ կը սիրեն երթալ դէպի ճշմարտութիւնը, նշեց նախ Սրբազան Պապը, որովհետեւ ստեղծագործ են, սակայն միաժամանակ պէտք է զգոյշ ըլլալ չիյնալու «հիւրասենեակային քննադատ» դառնալու ծուղակը։

Քննադատութիւն պէտք է, սակայն  պէտք է կառուցողական ըլլայ, ըսաւ Պապը պէտք է համարձակութիւն ունենալ կառուցելու, յառաջ շարժելու եւ «յարմարաւէտ» շրջանակներէն դուրս ելլելու։

«Յարմարաւէտութիւն» ընտրող երիտասարդը կը գիրնայ՝ «ոչ թէ փորը, այլ միտքը» յարեց Ֆրանչիսկոս։

Գիտակցիլ կատարած սխալին

Ան յորդորեց ապա չվախնալ սխալներէն․ «երիտասարդները սխալներ շատ կընեն, բոլորը կը սխալին, կարեւոր է, սակայն, գիտակցիլ կատարած սխալին»․  «Հարց կու տամ՝ լաւ է սխալիլ զբօսանքի երթալո՞վ, թէ՞ չսխալիլ տունի մէջ նստելով»։ «Երիտասարդ մը, որ սխալներէ  կը վախնայ ծեր մարդ մըն է»։

Լրատուամիջոցներու ստրուկը չդառնալ

Քահանայապետն անդրադարձաւ երիտասարդներէն մէկու մը կողմէ լրատուամիջոցներու մասին խօսքերուն ըսելով, որ կան բազմաթիւ հնարաւորութիւններ օգտագործելու մետիան՝ բջջային հեռախօսը, հեռուստատեսութիւնը, նշեց Ան, եւ հաստատեց, որ մետիայէն չօգտուող երիտասարդը փակուած է, սակայն անիկայ որ կը դառնայ լրատուամիջոցներու ստրուկը կորսուած երիտասարդ է։

Կրօնները ճամբայ են Աստուծոյ հասնելու համար

Սրբազան Քահնայապետը հանդիպումին գտնուող երիտասարդներուն գովեստի խօսքեր ուղղեց միջկրօնական երկխօսութեան կարողութեան համար։  Բոլոր կրօնները ճամբայ են Աստուծոյ հասնելու․ Կրօնները կը նմանին տարբեր լեզուներու, տարբեր բարբառներու՝ այնտեղ հասնելու։ Բայց Աստուած Աստուած է բոլորին համար եւ մենք բոլորս Աստուծոյ զաւակներն ենք, ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը։

Երկխօսութիւն՝ «պուլիզմի» երեւոյթին դէմ պայքարելու համար

Երիտասարդութեան տարիքը խիզախութեան տարիքն է, որ ըստ Ֆրանչիսկոսի յարգանքի հետ մէկտեղ անհրաժեշտ պայման է երկխօսութեան համար, եւ անդրադարձաւ «պուլիզմի» երեւոյթին, որուն մասին անցեալին եւս տարբեր անգամներ անդրադարձած էր եւ այս պարագային եւս շեշտեց, որ այդպիսի յարձակում իրականացնողները՝ ըլլայ ֆիզիկական ոյժ գործադրելով, ըլլայ խօսքերով, թոյլ անձեր ենք։

Բռնապետութիւնները կը դադրեցնեն երկխօսութիւնը

Ֆրանչիսկոս հրաժեշտ տուաւ երիտասարդներուն՝ հրաւիրելով հետեւիլ երիտասարդ Ռաաճի վկայութեան ընթացքին արտասանած բառերուն, «ընել հնարաւոր ամէն բան՝ խիզախ վերաբերմունք պահպանելու եւ տարածութիւն ստեղծելու համար, որտեղ երիտասարդները կարող են մուտք գործել եւ երկխօսիլ», քանի որ «ձեր երկխօսութիւնը ճանապարհ կը բանայ, կ’առաջնորդէ»:

«Եթէ դուք երկխօսիք երբ երիտասարդ էք, ապա աւելի շատ կը երկխօսիք հասուն տարիքին, որպէս չափահաս, որպէս քաղաքացիներ, որպէս քաղաքական գործիչներ», քանի որ․ «պատմութեան մէջ իւրաքանչիւր բռնապետութիւն, առաջին բանը, որ կ’ընէ, երկխօսութեան դադրեցումն է», ըսաւ ի վերջոյ Քահանայապետը եւ խօսքն աւարտեց օրհնելով ներկաները։

 

Յայտնենք թէ՝ «Catholic Junior College - Կաթողիկէ Կրտսեր Վարժարանը» հիմնադրուած է 1975 թուականին՝ նպատակ ունենալով երիտասարդներուն տրամադրել ապագայի հետ առերեսուելու, մարդկային կեանքի արժէքը յարգելու եւ հաստատելու, կաթողիկէ սկզբունքներուն համապատասխան գիտակցութիւն ձեւաւորելու եւ հասարակութեանը պատասխանատու կերպով նպաստելու համար անհրաժեշտ գիտելիքներ: Վարժարանի գլխաւոր խորհրդանիշը Սուրբ Հոգին է: Կարգախօսն է՝ «In Veritate et Caritate - Ճշմարտութեան եւ գթասիրութեան մէջ», որ կը հաստատէ ուսանողներու մէջ մտածողներ եւ առաջնորդներ զարգացնելու առաքելութիւնը, որոնք կ’առաջնորդուին իրենց շրջապատող աշխարհին ծառայելու եւ զայն բարելաւելու ցանկութեամբ: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/09/2024, 05:50