Ուսումը իմաստ ունի, երբ ճշմարտութիւնը կը փնտռէ․ Ֆրանչիսկոս Պապ

Սրբազան Քահանայապետը, շաբաթ օրը՝ 28 Սեպտեմբերին հանդիպեցաւ Լուվենի Կաթողիկէ Համալսարանի (Université Catholique de Louvain) ուսանողութեան հետ․ «Եթէ մենք հրաժարինք ճշմարտութիւնը միասին փնտռելէն, ուսումը կը դառնայ իշխանութեան, ուրիշներու նկատմամբ վերահսկողութեան գործիք: Ան չի ծառայէր այլ կը տիրէ: Փոխարէնը, ճշմարտութիւնը կ’ազատէ մեզ»։ Նշենք, որ 2024-2025 ուսումնական տարիի ընթացքին «Katholieke Universiteit Leuven»ը եւ «Université Catholique de Louvain»ը` կը նշեն հիմննադրութեան 600ամեակը։

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, շաբաթ օրը՝ 28 Սեպտեմբեր 2024ին հանդիպեցաւ Լուվենի Կաթողիկէ Համալսարանի (Université Catholique de Louvain) ուսանողութեան հետ՝ Համալսարանի Մեծ Լսարանի Թատրոնէն ներս։

Քահանայապետին միշտ շատ հարազատ եղած է երիտասարդներու եւ ուսանողներու հետ հանդիպումները, ունկնդրել անոնց միտքերը, մտածմունքները, անոնց յուզող հարցերը։ Յիրաւի, բացառութիւն չեղաւ նաեւ այսօրեան հանդիպումը, ուր Պապը՝ ակնյայտօրէն ուրախ՝ ուսանողներու մէջ գտնուելու առթիւ, նշեց, որ անոնց խօսքերու մէջ կը զգայ «մղում ու յոյս, արդարութեան ձգտում, ճշմարտութեան որոնում»։

Ան այնուհետեւ իր զարմանքն արտայայտեց ապագային ու տագնապին հայող հարցերու առնչութեամբ՝ պարփակուած իրեն ուղղուած նամակի մը մէջ՝ զոր բարձրաձայն կարդացուեցաւ ուսանողներէն մէկու մը կողմէ։

«Լաւ կը տեսնենք, թէ որքան կատաղի ու ամբարտաւան է շրջակայ միջավայրն ու մարդկանց ոչնչացնող չարիքը։ Պատերազմը անոր ամէնէ դաժան արտայայտութիւնն է, ինչպէս եւ կաշառակերութիւնն ու ստրկութեան ժամանակակից ձեւերը: Երբեմն այդ չարիքները կ’աղտոտեն կրօնը, որ կը դառնայ գերիշխանութեան գործիք: (...) Մարդկանց միութիւնը Աստուծոյ հետ, որ փրկարար Սէրն է, կը դառնայ ստրկութիւն: (...) Աստուած Տէր է, ոչ թէ տիրակալ, Որդի եւ Եղբայր է, ոչ թէ բռնապետ, ոգին է սիրոյ, ոչ թէ՝ տիրապետութեան», ըսաւ Սրբազան Հայրը եւ հաստատեց․

«Մենք՝ քրիստոնեաներս գիտենք, որ «չարինը չէ վերջին խօսքը», ինչը առ աւելիով կը մեծցնէ յոյսի պարտականութեան մեր յանձնառութիւնը։

Երեք անհրաժեշտ վերաբերմունքներ, որոնք քրիստոնեան պէտք է դրսեւորի շրջակայ միջավայրի հանդէպ

Ֆրանչիսկոս անդրադարձաւ ապա քրիստոնէութեան եւ շրջակայ միջավայրի միջեւ կապի վերաբերեալ հարցումներուն, մասնաւորապէս թէ «ի՞նչ ծրագիր ունի մեր հաւատքը ողջ մարդկութեան հասարակաց տունի հետ» եւ, այդ առնչութեամբ կարեւոր դիտեց երեք վերաբերմունքներու դրսեւորումը․ երախտագիտութիւն, առաքելութիւն, հաւատարմութիւն։

Երախտագիտութիւն, «քանի` որ այս տունը մեզի նուիրուած է՝ մենք տէր չենք, մենք հիւր ենք եւ ուխտաւոր երկիրին վրայ։

Առաքելութիւն՝ անոր գեղեցկութիւնը պահպանելու եւ զայն զարգացնելու համար բոլորի, յատկապէս սերունդներու, գալիքի բարօրութեան համար: Ահաւասիկ եկեղեցւոյ «բնապահպանական ծրագիրը», յարեց Պապը շեշտելով․ «զարգացման ոչ մէկ ծրագիր կը յաջողի, եթէ մեր խիղճերու մէջ տեղ գրաւեն ամբարտաւանութիւնը, բռնութիւնն ու մրցակցութիւնը: Քանի տակաւին կայ հզօրներու ամբարտաւան անտարբերութիւնը, որոնք միշտ առաջին տեղը տնտեսական շահին կը յատկացնեն՝ մեր հասարակաց տունը անարդարութեան կ’ենթարկուի», պնդեց Նորին Սրբութիւնը։

Հաւատարմութիւն՝ Աստուծոյն եւ մարդուն։ Վերաբերմունք, որ անհրաժեշտ է համապարփակ զարգացման համար եւ զարգացում, որ կը վերաբերի բոլոր մարդկանց եւ անոնց կեանքի բոլոր բնագաւառներէն ներս՝ ֆիզիկական, բարոյական, մշակութային, ընկերային, քաղաքական, եւ որուն կը հակադրուի ցանկացած տեսակի ճնշում եւ վատնում:

Քահանայապետի խօսքով՝ «ընտրութիւնը՝ բնութիւնը շահարկելու եւ բնութիւնը մշակելու միջեւ է»։ Այդ մէկը ընելով, պէտք չէ մոռնալ, որ համապարփակ զարգացումը մեր՝ բոլորի համար արդար եւ երջանիկ կեանքի կոչումին՝ մեր սրբութեան, կոչ կ’ընէ։

Կնոջ դերը Եկեղեցւոյ մէջ

Բնապահպանութեան մասին մտածել կը նշանակէ անդրադառնալ Եկեղեցւոյ մէջ կնոջ դերին, ընդգծեց այս համատեքստի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը, որ ըստ Անոր նիւթ մըն է, որու վրայ ծառացած են «բռնութիւնն ու անարդարութիւնը՝ գաղափարական նախապաշարմունքներու հետ մէկտեղ»։

«Արժանապատւութեամբ պայմանաւորուած՝ քրիստոնէական մշակոյթը տարբեր իրավիճակներէն ներս միշտ նորովի կը մշակէ տղամարդու եւ կնոջ կոչումն ու առաքելութիւնը, մէկը միւսին համար գոյութիւն ունենալը՝ հաղորդութեան մէջ», շեշտեց նաեւ Ան՝ հաստատելով, որ «արժանապատւութիւնը երաշխաւորուած է սկզբնական օրէնքով» եւ «մարդկային որեւէ օրէնք չի կարող տալ կամ խլել»:

Քահանայապետը յիշեցուց, որ փրկարար իրադարձութեան առանցքը կինն է։ Մարիամի «այօ»էն է, որ Աստուած աշխարհ եկաւ: «Կինը, Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ, դուստր է, քոյր, մայր: Այնպէս ինչպէս ես որդի եմ, եղբայր, հայր: Ասոնք յարաբերութիւններ են, որոնք կ’արտայայտեն մեր Աստուծոյ պատկերով ըլլալը՝ տղամարդ եւ կին, միասին, ոչ թէ առանձին», յարեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը եւ դիմելով ուսանողներուն ըսաւ․

«Նոյնինքն դուք այստեղ էք՝ աճելու որպէս կանայք եւ տղամարդիկ: (…) Ձեր ակադեմիական ուղին կը ներառէ տարբեր ոլորտներ՝ հետազօտութիւն, ընկերութիւն, ընկերային ծառայութիւն, քաղաքացիական եւ քաղաքական պատասխանատուութիւն, գեղարուեստական ​​արտայայտութիւններ...»։

Չ’ ապրիլ աշխատելու համար, այլ աշխատիլ՝ ապրելու համար

Ասկէ մեկնելով Սրբազան Պապն անդրադարձաւ կրթութեան բնոյթին հայող երեք հարցերու՝ ինչպէ՞ս սորվիլ, ինչու՞ սորվիլ, որու՞ համար սորվիլ:

Ինչպէ՞ս սորվիլ․ Սորվիլը միշտ ալ ինքնաճանաչման ճանապարհ։ Իւրաքանչիւր մարդ կարող է մշակել իր սեփական մեթոտը, սակայն ոճը ընդհանուր է, յաջորդական ու միասնական գործընթաց եւ կը պահանջէ փոխադարձ խնամք:

Ինչու՞ սորվիլ․ Մեզի սորվելու մղած պատճառները պէտք է լաւն ըլլան, քանի որ անոնցմէ է կախեալ մեր ուսման իմաստը եւ մեր կեանքի ուղղութիւնը։ Պէտք չէ ապրիլ աշխատելու համար, դառնալ «ապրանք», այլ աշխատիլ ապրելու համար։

Որու՞ համար սորվիլ․ Մենք կը սորվինք որպէսզի կարողանանք կրթել եւ ծառայել ուրիշներուն․ Նախքան մենք մեզի հարց ուղղելը, թէ արդեօ՞ք սորվիլը որեւէ օգուտ ունի, եկէք մտածենք մէկու մը ծառայելու համար: Այդ պարագային է որ, որ համալսարանական աստիճանը կը վկայէ ընդհանուր բարօրութեան կարողութեան մասին:

Մենք ստեղծուած ենք ճշմարտութիւնը գտնելու համար

«Ուսումը իմաստ ունի, երբ ճշմարտութիւնը կը փնտռէ» եւ մենք «ստեղծուած ենք զայն գտնելու համար», պնդեց ի վերջոյ Ֆրանչիսկոս Պապը եւ պատգամն աւարտեց հետեւեալ խօսքերով․

«Եթէ​​ մենք հրաժարինք ճշմարտութիւնը միասին փնտռելէն, ուսումը կը դառնայ իշխանութեան, ուրիշներու նկատմամբ վերահսկողութեան գործիք: Այն չծառայէր, այլ կը տիրէ: Փոխարէնը, ճշմարտութիւնը կ’ազատէ մեզ (հմմտ․ Յովհաննէս 8։32): Ազատութի՞ւն կ’ուզէք։ Եղէք հետազօտողներ եւ ճշմարտութեան վկաներ: Ամենօրեայ ամենապարզ ընտրութիւններու միջոցաւ փորձելով ըլլալ վստահելի եւ հետեւողական: Այսպիսով, ճշմարտութիւնը ամէն օր կը դառնայ այն, ինչ կ’ուզէ ըլլալ, այսինքն՝ Կաթողիկէ համալսարան:

Յիշեցնենք, որ 2024-2025 ուսումնական տարիի ընթացքին «Katholieke Universiteit Leuven»ը եւ «Université Catholique de Louvain»ը` պիտի նշեն հիմննադրութեան 600ամեակը ցուցահանդէսներով, հանդիպումներով, համաժողովներով եւ տարբեր այլ միջոցառումներով:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/09/2024, 18:39