Սրբազան Պապը Փափուայի երիտասարդներուն. ընտրեցէք ներդաշնակութիւնը, և ոտքի կանգնեցուցէք ան որ ինկած է
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Երկուշաբթի 9 սեպտեմբեր 2024ի առաւօտեան վերջ գտաւ Սրբազան Պապին 45 առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ հանգրուան` Փափուա Նովա Կինէայի այցը, Նորին Սրբութեան Երիտասարդներուն հետ ունեցած հանդիպումով։
Արդարեւ Ան տեղական ժամով առաւօտեան 7ին, Փորթ Մորսպիի Առաքելական Նուիրակութեան մէջ մատուցեց սուրբ պատարագը ապա հրաժեշտ առաւ Նուիրակութեան անձնակազմէն եւ ուղղուեցաւ «Sir John Guise Stadium» մարզադաշտ, ուր զինք կը սպասէին քսան հազարէ աւելի երիտասարդներ։
Քահանայապետը նախ շրջանը կատարեց դաշտին մօտէն ողջունելով երիտասարդները, ապա բարձրացաւ ամպիոն ու հետեւեցաւ այս առիթով պատրաստուած գեղարուեստական յայտագիրին, որ սկիզբ առաւ բարի գալուստի աւանդական պարով ու Երիտասարդներու Յանձնախումբի պատասխանատու Քիմպէ Թեմի եպիսկոպոս` John Bosco Auram-ի բարի գալուստի խօսով, որուն յաջորդեց թատերական ներկայացում մը եւ երեք երիտասարդներու վկայութիւնները, որոնց աւարտին խօսք առաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։
Երիտասարդ երկիր բնակուած երիտասարդներով
«Սիրելի երիտասարդներ, բարի լոյս, ձեզի բան մը ունիմ ըսելիք. ուրախ եմ այս օրերուն համար, զոր անցուցի ձեր Երկրին մէջ, ուր համատեղ կ՛ապրին ծովը, լեռները եւ արևադարձային անտառները, բայց եւ ամէնէ առաջ երիտասարդ երկիր բնակուած երիտասարդներով» ըսաւ Սրբազան Պապը իր ճառին սկիզբը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց թատերական ներկայացումին համար, որով ցոյց տուին «Փափուա նովա Կինէայի գեղեցկութիւնը, ուր ովկիանոսը կը հանդիպի երկինքին եւ ուր ծնունդ կ՛առնեն երազներ ու յառաջ կու գան մարտահրաւէրներ»։
«Եւ ամենէ շատ շնորհակալութիւն ձեր կարեւոր մաղթանքին համար. Դիմագրաւել ապագան յոյսի ժպիտներով», ըսաւ Քահանայապետը։
Ներդաշնակութիւնը
«Չէի ուզեր այստեղէն մեկնիլ առանց ձեր հետ հանդիպելու, որովհետեւ դուք ապագայի յոյսն էք», յարեց Ան եւ մէջբերեց Բաբելոնի աշտարակին դրուագը, ուր «իրար դէմ կը բախուին երկու տիպարներ, երկու իրար հակառակ ձեւեր կառուցելու համար ընկերութիւնը, մէկը կը մղէ յուսահատութեան եւ միւսը` Աստուծոյ եւ միւսներուն հետ հանդիպումի ներդաշնակութեան» նշեց Նորին Սրբութիւնը հարց տալով երիտասարդներուն. «Իսկ դուք որ մէկը կ՛ընտրէք» եւ անոնք պատասխանեցին «ներդաշնակութիւնը»։
«Տէրը մեզ չի ստեղծեց շփոթութեան համար այլ բարի յարաբերութիւններ ունենալու համար» եւ բոլոր այս լեզուներու տարբերութեան մէջ, որոնք կը բաժնեն ու կը ցրուեն, կարիքը կայ միայն միակ լեզուի մը, որ մեզի կ՛օգնէ միացած մնալու։ Ո՞րն է այդ լեզուն, որ կը խթանէ բարեկամութիւնը, կը տապալէ բաժանումի պատերը ու կը բանայ մուտքի ճանապարհներ բոլորին համար։ Ո՞րն է այդ լեզուն» կրկնեց հարցումը Քահանայապետը եւ երիտասարդներէն մին պատասխանեց. «Սիրոյ լեզուն»։
Ատելութիւնն ու անտարբերութիւնը
Քահանայապետը առ այդ այլ հարցում մը ուղղեց. «սիրոյ հակառակ ինչ կայ։ Ատելութիւնը։ Եւ ատելութենէն անդին կայ նաեւ միւսներուն նկատմամբ անտարբերութիւնը։ «Յստա՞կ է այս մէկը ձեզի համար» յարեց Սրբազան Պապը ու աւելցուց «անտարբերութիւնը իր արմատները կը գտնէ եսասիրութեան մէջ»։
Ան ապա երիտասարդները խրախուսեց մէկը միւսին հոգ տանելու ու հոգ տանելու նաեւ իրենց մամիկ պապիկներուն։
Վերադառնալով ապա Բաբելոնի աշտարակի դրուագին Սրբազան Պապը անգամ մը եւս ընդգծեց միասնական լեզու մը ունենալու հարկաւորութիւնը` սրտի լեզուն, սիրոյ լեզուն, մօտիկութեան ու ծառայութեան լեզուն։
Սրբազան Քահանայապետը, որ մէկդի դրած էր այս առիթով պատրաստուած գրաւոր ճառը այլ հարցում մը ըրաւ երիտասարդներուն. «Երիտասարդ մը կարո՞ղ է սխալիլ։ Տարեց մը կարո՞ղ է սխալիլ։ «Այո» պատասխանեցին միաձայն պատանիները ու Սրբազան Պապը հաստատեց. «այո բոլորն ալ կարող են սխալիլ, սակայն կարեւորը այն է, որ մենք անդրադառնանք այդ սխալին եւ այս մէկը մեզի կու տայ վստահութիւնը, թէ պէտք է նաեւ մեր սխալները շտկենք»։
«Կեանքին մէջ բոլորս ալ կարող ենք իյնալ, բոլորս։ Սակայն ամենակարևորը այն է, թէ մենք վերականգնենք, գետին չմնանք։ Եւ երբ դուք տեսնէք բարեկամ մը, որ ինկած է, պէտք էք անոր ձեռք երկարել ու ոտքի կանգնեցնել։ Արդարեւ կեանքին մէջ կարելի է մէկը միւսին վերէն վար նայիլ միայն անոր օգնելու, որպէսզի վերականգնի» ըսաւ ի միջի այլոց Ֆրանչիսկոս Պապը ու խօսքը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով երիտասարդներուն ու անոնց վստահեցնելով իր աղօթքները ու անոնցմէ խնդրելով, որ իրենք եւս աղօթեն իրեն համար, ապա հրաւիրեց բոլորը միասին աղօթելու «Հայր մեր» աղօթքը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ