2024.09.02 Viaggio Apostolico in Indonesia - Partenza

Սկիզբ առաւ Ֆրանչիսկոս Պապի Քահանայապետութեան ամենաերկար ճամբորդութիւնը

Սրբազան Պապը Վատիկանէն մեկնեցաւ 16,40 անց եւ Ֆիումիչինօ օդակայան հասաւ ժամը հինգի ժամանակները` ուր բարի երթի արարողակարգէն ետքը բարձրացաւ Իտալական ITA Airways օդանաւային ընկերութեան պատկան օդանաւ ուր արդեն կը գտնուէին իր հետ ճամբորդող պատուիրակութեան անդամները եւ համայն աշխարհէն մամուլի ներկայացուցիչները։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

12 օր եւ 32.814 քիլոմեթր, այսքան երկար է Ֆրանչիսկոս Պապին այսօր սկիզբ առնող 45րդ միջազգային առաքելական ճամբորդութիւնը, որուն ընթացքին Ան պիտի այցելէ երկու ցամաքամաս` Ասիա եւ Ովկիանիա եւ չորս երկիրներ Ինտոնեզիա, Փափուա Նովա Կինէա, Թիմոր Լեսթ եւ Սինկափուրը։ Ճամբորդութիւն մը, որ ծրագրուած էր 2020 թուականին եւ քովիտ19 համաճարակի պատճառաւ յետաձգուեցաւ եւ ահա այսօր կ՛իրականանայ, Մոնկոլիա եւ Մարսէյ կատարած առաքելական ճամբորդութիւններէն ճիշտ մէկ տարի ետքը։

Ճամբորդութեան առաջին հանգրուանը պիտի հանդիսանայ Ինտոնեզիայի մայրաքաղաքը Ճաքարթան, ուր Քահանայապետը պիտի ժամանէ 13 ժամէ աւելի տեւող երկար ճամբորդութենէ մը ետքը, երեքշաբթի 3 սեպտեմբերին, տեղական ժամով 11,30ին, որ կը համապատասխանէ Հռոմի ժամով 6,30ին։ Սրբազան Պապը Ճաքարթա պիտի մնայ մինչեւ ուրբաթ 6 սեպտեմբեր, որմէ ետք պիտի փոխադրուի Փափուա Նովա Կինէայի մայրաքաղաք` Փորթ Մորըսպի, երեք ժամ տեւող թռիչքով մը, ուր ան պիտի մնայ մինչեւ երկուշաբթի 9 սեպտեմբեր, հանգրուան կատարելով նաեւ Վանիմօ քաղաք։

9 սեպտեմբեր 2024ի կէսօրէն ետքը Նորին Սրբութիւնը կը փոխադրուի Թիմոր Լեսթի մայրաքաղաք Տիլի մինչ 11 սեպտեմբերին կ՛ուղղուի դէպի ճամբորդութեան վերջին հանգրուան Սինկափուր, ուր կը մնայ մինչեւ ուրբաթ` 13 սեպտեմբեր նախ քան վերադարձ կատարէ դէպի Հռոմ։

Ճամբորդութեան ընթացքին Սրբազան Պապը հանդիպումներ պիտի ունենայ տեղական քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւններուն հետ, եպիսկոպոսներուն ու կղերական դասի անդամներուն հետ, պիտի մասնակցի միջկրօնական հանդիպումներու, պիտի այցելէ բարեսիրական հաստատութիւններ, պիտի հանդիպի նաեւ հաւատացեալներուն, հիւանդներու ու երիտասարդներուն հետ։

Անցեալ օրերուն Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Մաթթէօ Պրունի, ներկայացնելով ճամբորդութեան մանրամասնութիւնները նշեց, թէ ան կը հետևի իր նախորդներու՝ Պօղոս Զ-ի և Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի հետքերուն, որոնք այս տարածքները այցելեցին 1970-ականներու սկզբէն մինչև 1980-ականներու վերջը։

Ճամբորդութեան ընթացքին նախատեսուած են Քահանայապետին 16 ելոյթներ` չորսը` իտալերէնով Ինտոնեզիայի մէջ, հինգը միշտ իտալերէնով Փափուա Նովա Կինէայի մէջ, չորսը սպաներէնով Թիմոր լեսթի մէջ եւ ի վերջոյ երեքը, միշտ իտալերէնով, Սինկափուրի մէջ։ Հաւանական է, որ ելոյթներուն նիւթերուն շարքին ըլլան գաղթականներուն հիւրընկալութիւնը, որոնց հետ Նորին Սրբութիւնը պիտի ունենայ տարբեր հանդիպումներ, ոտնձգութիւններու հարցը, ի տես Նոպէլեան մրցանակակիր` Թիմոր Լեսթի եպիսկոպոս` Գերապ. Քարլոս Ֆիլիփէ Եիմենէս Պելոյի դէմ ուղղուած անչափահասներու դէմ բռնութիւններու մեղադրանքին։

Սրբազան Պապը Վատիկանէն մեկնեցաւ 16,40 անց եւ Ֆիումիչինօ օդակայան հասաւ ժամը հինգի ժամանակները` ուր բարի երթի արարողակարգէն ետքը բարձրացաւ Իտալական ITA Airways օդանաւային ընկերութեան պատկան օդանաւ ուր արդեն կը գտնուէին իր հետ ճամբորդող պատուիրակութեան անդամները եւ համայն աշխարհէն մամուլի ներկայացուցիչները։ Օդանաւը թռիչք առաւ ժամը 17,32ին։

Քահանայապետին առաքելական ճամբորդութեան առաջին փուլը ինչպէս նշեցինք կը հանդիսանայ Ինտոնեզիայի մայրաքաղաքը Ճաքարթան, ուր Քահանայապետը պիտի ժամանէ սաւառնելէ ետք տասը երկիրներու օդային տարածքներուն վրայէն, իւրաքանչիւր երկրի ղեկավարին ուղղելով քաղաքավարական հեռագիր մը, որոնցմէ առաջինը` Իտալիոյ Հանրապետութեան նախագահին։

Վատիկանէն չմեկնած Նորին Սրբութիւնը` Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ հանդիպում ունեցաւ 15 հոգիէ բաղկացած անտուններու խումբի մը հետ, որոնց կ՛ընկերանար Քահանայապետական ողորմաբաշխ Կարդինալ Քոնրատ Քրայեւսքին, ինչպէս յայտնեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը։

Ժաքարթայի օդակայան ժամանելուն Քահանայապետը պիտի հիւրընկալուի Երկրի Կրօնական Հարցերու Նախարարին կողմէ ապա պիտի մասնակցի իրեն ի պատիւ պատրաստուած «փրոթոքոլային» բարի գալուստի արարողակարգին հուսկ կը փոխադրուի Ժաքարթայի Առաքելական Դեսպանութիւն որ այս օրերուն պիտի հանդիսանայ Նորին Սրբութեան կեցութեան վայրը, որ կը գտնուի մայրաքաղաքի կեդրոնական շրջանին մէջ։ Դեսպանութեան կառուցումը սկիզբ առած է 1964 թուականին եւ անոր պաշտօնական բացումը կատարուած է 1966ի Յունիսին ի ներկայութեան Երկրին այդ ժամանակուայ նախագահին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/09/2024, 17:43