Երիտասարդներու հաւաքէն առնուած լուսանկար Երիտասարդներու հաւաքէն առնուած լուսանկար 

Ֆրանչիսկոս Պապ «Ես կը նախընտրեմ ուղեւորութեան մէջ գտնուողին յոգնութիւնը, քան թէ անշարժութեան մէջ մնացողին ձանձրոյթը»

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը երիտասարդաց համաշխարհային 39-րդ օրուան առթիւ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հրապարակուեցաւ, յառաջիկայ 24 նոյեմբերին կայանալիք երիտասարդաց համաշխարհային հաւաքի կապակցութեամբ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ուղերձը։

Նորին Սրբութիւնը ուղերձը կը սկսի նախ յիշելով անցեալ տարուայ երիտասարդաց համաշխարհային օրուայ յորդորը «Անցնիլ յոյսի ճամբայով դէպի մեծ յոբելինականը, մտածելով Սուրբ Պօղոսի «Երջանիկ յոյսի մէջ» արտայայտութիւնը, ապա  2025ի, յոբելեանին, պատրաստուելու համար կը հրաւիրէ ներշնչուելու Եսայի մարգարէին խօսքէն «Բոլոր անոնք որ կը յուսան Տիրոջ, կը քալեն առանց յոգնելու։»

Եսայի մարգարէն այդ խօսքը արտայայտած է հռչակելու համար Պապիլոնիայի մէջ Իսրաէլի տարագրութիւնը եւ Աստուծոյ ժողովուրդի յոյսի ու վերածնունդի նոր փուլի սկիզբը, որ կրնայ հայրենիք դառնալ շնորհիւ պատմութեան մէջ նոր ուղիին, որ Տէրը կը բանայ իր զաւակներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ ուղերձին մէջ նկատել կու տայ, որ այսօր եւս կ՝ապրինք ողբերգական իրավիճակներով բնորոշուած իրավիճակի մէջ, որոնք կը յառաջացնեն յուսահատութիւն եւ թոյլ չեն տար, որ ապագային հանգիստ սիրտով նայինք. պատերազմները, ընկերային անարդարութիւնները, անօթութիւնը ու ասոնց ամենէն շատ գին վճարողը յաճախ երիտասարդներն են, գրեց Սրբազան Հայրը ու մաղթեց, որ այնպէս ինչպէս Պապիլոնիային մէջ պատահեցաւ երիտասարդները եւս հասնին յոյսի յայտարարութեան, «այսօր եւս Տէրը ձեր առջեւ կը բանայ նոր ուղի եւ ձեզ կը հրաւիրէ այդ ուղիէն ընթանալու ուրախութեամբ եւ յոյսով»։

Յիշելով ապա Եսային մարգարէի մարգարէութիւնը «քալել առանց յոգնելու» Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց խոկալու երկու երեւոյթներուն մասին. Քալելը եւ յոգնութիւնը

«Մեր կեանքը ճամբորդութիւն է, ուղեւորութիւն մը երջանկութիւն փնտռելու մէջ ու քրիստոնէական կեանքը ուխտագնացութիւն է դէպի Աստուած, մեր փրկութիւնը եւ ամենայն բարիքներու լիութիւնը եւ այդ ուղեւորութեան ժամանակ նպատակները, յաջողութիւնները եթէ նիւթական մնան՝ բաւարար գոհունակութենէն անմիջապէս ետք, մեզի քաղցած ու աւելի խոր իմաստի կարօտով կը ձգեն, որովհետեւ անոնք ամբողջութեամբ չեն բաւարարեր մեր հոգին, քանի որ ստեղծուած է, Անորմէ որ անսահման է, հետեւաբար մեր մէջ կը բնակի գերակայութեան ցանկութիւնը, շարունակական անհանգստութիւնը դէպի «աւելին» գրեց Սրբազան Հայրը։

Յոգնութիւն

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ որեւէ ճամբորդութիւն խանդավառութեամբ սկսելէ ետք, վաղ թէ ուշ յոգնածութիւն կը սկսի եւ շատ մը պարագաներու մէջ ներքին յոգնութիւնն ու ընկճուածութիւնը, ընկերային ճնշումներ, որոնք կը մղեն հասնելու ուսումի, աշխատանքի եւ անձնական կեանքի յաջողութեան որոշակի չափանիշներուն։

Յոգնածութեան լուծումը, հանգստանալու համար անշարժ մնալ չէ այլ ճամբորդութեան մէջ մնալ է եւ յոյսի ուխտաւորներ դառնալ է, նշեց Սրբազան հայրը աւելցնելով, որ յոյսը միշտ կը յաղթէ յոգնութեան, ամէն ճգնաժամ, մեզի տալով ուժեղ համոզում յառաջ երթալու համար, որովհետեւ անիկա Աստուծոյ կողմէ ստացուած պարգեւ է։

Անապատի մէջ ուխտաւորներ

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ կեանքի ուխտագանացութեան մէջ անխուսափելիօրէն միշտ դժուարութիւնները պիտի ըլլան, ճգնաժամի ժամանակները, սակայն  ի զուր կամ անօգուտ ժամանակներ չեն այլ կարող են դառնալ աճելու հնարաւորութիւնները։

«Այդ պահերուն, Տէրը մեզ չլքեր, մեզի կը մօտենայ իր հայրութեամբ եւ մեզի կու տայ հացը՝ մեր ուժերը վերագտնելու համար եւ մեզ կը դնէ ճամբորդութեան մէջ» Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հրաւիրեց յիշելու, որ Անապատին մէջ Աստուած ժողովուրդին մանանա տուաւ եւ Եղիա մարգարէին՝ որ յոգնած եւ յուսահատ էր երկու անգամ ջուր տուաւ, որպէսզի կարենայ քալել, մինչեւ Աստուծոյ լեր։

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ այս աշխարհի ուխտագնացութեան ընթացքին դժուար պահերուն պէտք է հանգիստ ընել Յիսուսի հետ եւ Յիսուսի մէջ։ Յիսուսը առաքեալները կը յանձնարարէր հանգիստ ընելու առաքելութիւնէն վերադառնալէ ետք։ «Երբ որ ձեր ուղեւորութեան յոգնութիւնը ձեզ կը ծանրացնէ, սորվեցէք Յիսուսի մէջ հանգիստ ընել ու Իր հետը մնալ, քանի որ Տիրոջ վրայ յոյս ունեցողները, առանց յոգնութեան կը քալեն։

Զբօսաշրջիկներէ մինչեւ ուխտաւորներ

Ֆրանչիսկոս Պապ կը հրաւիրէ երիտասարդները  սկսելու կեանքի բացայայտման եւ Աստուծոյ դէմքը փնտռելու ճամբորդութիւն՝ սիրոյ հետքերու վրայ։ Ճամբորդել ոչ թէ որպէս զբօսաշրջիկներ այլ որպէս ուխտաւորներ քանի որ ուխտաւորը ամբողջ սիրտով կը խորասուզուի այն վայրերու մէջ որոնց կը հանդիպի, անոնց կը ստիպէ խօսելու ու կը դարձնէ իր երջանկութեան մաս մը։

Յոյսի ուխտաւորներ առաքելութեան համար

Ֆրանչիսկոս Պապ օրինակ կը բերէ Սուրբ Պետրոսի տաճարը շրջափակող սիւնաշարերը ըսելով որ անոնք կը պատկերացուին որպէս գրկախառնութիւն, անոնք եկեղեցւոյ բաց ձեռքերն են, մայրը կը ողջունէ իր բոլոր երեխաները։

Նորին Սրբութիւնը ապա հրաւիրեց յոյսի սուրբ տարուան ընթացքին ապրիլ ողորմած Աստուծոյ գրկախառնումը, ապրելու, փորձարկելու Անոր ներումը եւ ներքին մեղքերու թողութիւնը, այնպէս ինչպէս աւանդութիւնն էր Սուրբ Գիրքին յոբելինականերուն, Հրաւիրեց, քալելու ժամանակ բարձրացնել մեր հայեացքը՝ հաւատքի աչքերով դէպի սուրբերը, որոնք մեզ նախորդեցին ուղեւորութեան մէջ եւ որոնք հասաան նպատակին եւ մեզի կու տան իրենց քաջ վկայութիւնը,

Թող սուրբերու եւ Սրբուհիներու օրինակը մեզ աջակցի» ըսաւ Ֆրանչիկսո Պապ։ Ան ապա ուղերձը աւարտեց նշելով որ բոլոր երիրտսարդները իր սիրտին մէջ կրէ եւ իւրաքանչիւրին ճամբորդութիւնը  կը յանձնէ Տիրամօր, որպէսզի երիտասարդները Աստուածամօր օրինակին հետեւելով գիտնան համբերութեամբ եւ վստահութեամբ սպասել այն ինչ որ կը յուսան, մնալով որպէս յոյսի եւ սիրոյ ուխտաւորներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/09/2024, 13:23