2024.09.20 Membri dell' "International Movement of Catholic Students (IMCS) Pax Romana"

Ֆրանչիսկոս Պապը երիտասարդներուն. Կառուցել կարեկցող, ներդաշնակ եւ եղբայրական աշխարհ

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Pax Romana» Կաթողիկէ երիտասարդներուն շարժումի աշակերտները ու անոնց ուղղած պատգամին մէջ քաջալերեց դառնալու բարեխօսութեան եւ ծառայութեան յեղափոխութեան հերսները, ապա յորդորեց ընկալելու 2025 տարուան յոբելենական որպէս անձնական վերանորոգում եւ հոգեւոր հարստութեան առիթ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 20 սեպտեմբերին, առաւօտեան, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Եւրոպայի խորհուրդի մնայուն դէտ, գերապայծառ Կանչին, որմէ ետք ընդունեց եւ պատգամ ուղղեց «Pax Romana» կաթողիկէ աշակերտներուն միջազգային շարժումի անդամներուն։ Ժամը 08,45ին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց հնգամեայ կանոնական այցելութեան առթիւ Քորէայի եպիսկոպոսները։

Ժամը 10ին, Նորին Սրբութիւնը հանդիպում կ՝ունենայ մարդկային համապարփակ ծառայութեան համար Սուրբ Աթոռի վերատեսչութեան կողմէ կազմակերպուած ժողովրդական շարժումներուն հետ։
“Pax Romana” Կաթողիկէ երիտասարդներուն շարժումի աշակերտներուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն արտասանած պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց շարժումի անդամներուն, անոնց ընկերային արդարութեան եւ մարդկային համապարփակ ծառայութեան ի սպաս մատուցած ծառայութիւններուն համար։

Նորին Սրբութիւնը ապա յիշեց 2018ին, երիտասարդներու նուիրուած սիւնհոդոսին ծիրէն ներս երիտասարդներուն փոխանցած քաջալերանքի խօսքը այն է «դառնալ բարեգործութեան եւ ծառայութեան յեղափոխութեան հերոնները» Այս ուղղութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապ խնդրեց շարժումի անդամներէն որ ակադեմիական, աշխատանքի շրջանակներէն եւ քաղաքին ճանապարհներուն վրայ հետապնդեն այդ նպատակին աշխատելով կառուցել եղբայրական, ներդաշնակ եւ կարեկից աշխարհ մը։

Նորին Սրբութիւնը ապա յիշեց վերոյիշեալ շարժումին, Ֆրանսայի, Թայլատնի, Քենիոյ կեդրոններու մէջ մատուցած կրթական եւ կազմաւորման ծառայութիւնները, «Հիմնուած Աւետարանի եւ եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան վրայ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադառնալով այս տարուան Սիւնդոսականութեան նուիրուած սիւնոդին, քաջալերեց երիտասարդները, որպէս անհատներ, որպէս հասարակութիւնը ներգրաւելու եկեղեցւոյ սիւնհոդսի ճանապարհին մէջ, որ «պատրաստուած է բաժնեկցութեան, մասնակցութեան եւ բաց զատորոշումի երկխօսութեան մէջ յանձնառութեամբ։

Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց ընկալել յաջորդ տարուան 2025 Թուականին տօնակատարութիւնը, որպէս անձնական վերանորոգումի եւ հոգեւոր հարստութեան առիթ, ողջ եկեղեցւոյ միութեան մէջ։

Նորին Սրբութիւնը պատգամը աւարտեց, մաղթելով որ երիտասարդներուն Հռոմի մէջ ներկայութիւնը ու այսօրուան հանդիպումը ներշնումբ աղբիւր դառնան իրենց յանձնառութեան համար՝ աշխատելու խաղաղութեան, արդարութեան, մարդկային իրաւունքներուն եւ ողորմութեան խթանամ համար ինչպէս նաեւ աշխարհի մէջ Աստուծոյ արքայութեան քարոզչութեան։

Յանձնելով բոլորին խաղաղութեան թագուհի, Տիրամօր բարեխօսութեան եւ երանելի Փիէր Ճորճօ Ֆրասաթիի բարեխօսութեան, Նորին Սրբութիւնը իր առաքելական օրհնութիւնը տուաւ խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/09/2024, 10:37