2024.09.05 Viaggio Apostolico in Indonesia - Incontro con gli assistiti dalle realtà caritative

Նորին Սրբութեան հանդիպումը Ճաքարթայի թշուառներուն հետ. Այս Եկեղեցւոյ ամենարժէքաւոր անդամներն էք

Քահանայապետը հանդիպեցաւ եւ ողջունեց Ինտոնեզիայի Եպիսկոպոսներու Համահաւաք դասի բարեսիրական հաստատութիւններին մէջ խնամուող եւ հիւրընկալուած աղքատները, հիւանդներն ու հաշմանդամները զոր ան որակեց. «երկնքի մէջ այս կղզեխումբի փոքրիկ լուսաւոր աստղեր»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի`  5 սեպտեմբեր 2024ին տեղական ժամով 10,15 անց, Հռոմի ժամով 5,15 անց Ֆրանչիսկոս Պապը Ինտոնեզիայի Եպիսկոպոսներու Համահաւաք դասի կեդրոնին մէջ հանդիպում ունեցաւ եւ ողջունեց Համահաւաք դասի բարեսիրական հաստատութիւններուն մէջ խնամուող եւ հիւրընկալուած աղքատները, հիւանդներն ու հաշմանդամները։

Եպիսկոպոսներու Համահաւաք դասի Նախագահին բարի գալուստի խօսքէն եւ երկու հաշմանդամ անձերու ներկայացուցած վկայութիւններէն ետքը Նորին Սրբութիւնը ուզեց իր սրտի խօսքը ուղղել ներկաներուն, ուրախութիւն արտայայտելով հանդիպումին համար ու շնորհակալութիւն յայտնելով իրեն ուղղուած խօսքերուն ու ներկայացուած վկայութիւններու համար։

«Գեղեցիկ է` որ Ինտոնեզիայի Եպիսկոպոսներու Համահաւաք դասը իր 100րդ տարեդարձը ուզեց ձեր հետ տօնախմբել... դուք` որ երկնքի մէջ այս կղզեխումբին լուաւոր աստղերն էք, այս Եկեղեցւոյ ամենարժէքաւոր անդամները, անոր գանձը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկելով Միմի անունով անկար աղջկայ մը վկայութեան, որ հաստատած էր` թէ «Աստուած մարդ արարածները ստեղծեց յատուկ կարողութիւններով հարստացնելու համար մեր աշխարհին բազմազանութիւնը», եւ ասկէ մեկնալով նշեց` թէ «դժուարութիւնները միասին դիմագրաւելը...մեզ կը հարստացնէ եւ կ՛օգնէ բացայայտելու իրար հետ ըլլալու գեղեցկութիւնը` աշխարհի, Եկեղեցւոյ ու ընտանիքին մէջ»։

«Սիրելիներ մենք բոլորս կարիքը ունինք մէկը միւսին» եւ «այս մէկը մեզի կը հասկցնէ, թէ մեր գոյութեան կարեւորագոյն բանը սէրն է...ու մեզի կը յիշեցնէ, թէ որքանով Տէրը մեզ կը սիրէ, մեր սահմանափակումներէն անդին»։

«Իւրաքանչիւրս եզակի էակ է Տիրոջ աչքերուն եւ Ան մեզ երբեք չի մոռնար... առ այդ յիշենք այս մէկը ու մեր կարգին մեր կեանքը դարձնենք ուրիշներուն համար պարգեւ» յարեց ապա Սրբազան Պապը ու խօսքը աւարտեց իր օրհնութիւնները շնորհելով բոլոր ներկաներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/09/2024, 07:34