Ֆրանչիսկոս Պապը  օդանաւին մէջ իր կատարած վերջին 45րդ ճամբորդութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը օդանաւին մէջ իր կատարած վերջին 45րդ ճամբորդութեան ընթացքին  (ANSA)

Ֆրանչիսկոս Պապը կը պատրաստուի մեկնիլ Պելճիքա եւ Լիւքսեմպուրկ

Յառաջիկայ օրերուն Քահանայապետը պիտի մեկնի Պելճիքա եւ Լիւքսեմպուրկ, Եւրոպայի սիրտը` խօսելու համար խաղաղութեան, բնապահպանութեան եւ գաղթականութեան նիւթերու մասին։ Այս պիտի ըլլայ անոր 46րդ միջազգային առաքելական ճամբորդութիւնը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, մօտ օրէն, իր 46րդ միջազգային առաքելական ճամբորդութեամբ պիտի մեկնի Եւրոպական Միութեան ֆինանսական և վարչական հաստատութիւններու կենտրոն հանդիսացող Պելճիքա եւ Լիւքսեմպուրկ, ընդառաջելով Մեծ Դուքսերու և Թագաւորներու ու նաեւ տեղական կաթողիկէ եկեղեցիներու հրաւէրին։ Ճամբորդութեան նպատակներէն մին է 1425ին հիմնուած Լովանիոյի կաթողիկէ համալսարանի 600 ամեակի նշումը։

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի հետքերով

Նորին Սրբութեան վերոյիշեալ այս ճամբորդութեան յայտագիրի ներկայացումը կատարուեցաւ Երկուշաբթի 23 սեպտեմբերին, Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի կեդրոնատեղիին մէջ, որուն առիթով Գրասենեակի Տնօրէն` Տիար Մաթթէօ Պրունի նշեց թէ այս ճամբորդութիւնը եւս կը կատարուի Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի հետքերով։ Ան արդարեւ երկու քաղաքները այցելած էր 1985 թուականին։

Երանացման արարողութիւն

Առաքելական ճամբորդութիւնը սկիզբ պիտի առնէ հինգշաբթի 26 սեպտեմբերին որպէս առաջին հանգրուան ունենալով Լիւքսեմպուրկը, ապա պիտի աւարտի Կիրակի օր` 29 սեպտեմբերին, Պրիւքսէլի «Baldovino» Թագաւորի անուամբ մարզադաշտին մէջ մատուցուած սուրբ պատարագով որուն ընթացքին Երանելի պիտի հռչակուի նաեւ Աստուծոյ Աղախին` Աննա Տէ Եզուս միանձնուհին, որ 14 տարիներ ամբողջ եղաւ Պրիւքսէլի Վանքին մեծաւորուհին։

Քրիստոնէական արժէքներու անկում

Լիւքսեմպուրկի մէջ կաթողիկէներուն թիւը 300 իսկ Պելճիքայի մէջ 8.400։ Այս առնչութեամբ Պրունին նշեց, որ Եւրոպայի մէջ կայ քրիստոնէական արժէքներու անկման երեւոյթի մարտահրաւէրը ու թէ անոր ի պատասխան քայլեր կ՛առնուին, ուստի «այս հասարակութիւններուն համար Քահանայապետին այս այցը քաջալերանքի առիթ պիտի ըլլայ»։

Խաղաղութիւնը

Խաղաղութիւնը պիտի ըլլայ Նորին Սրբութեան այդ երկիներուն մէջ արտասանած եօթը ճառերուն կիզակէտը` առաջին երկու ճառերը Լիւքսեմպուրկի մէջ իսկ մնացած հինգը Պելճիքայի մէջ, ներառեալ քարոզը։ Այս նիւթերու շարքին, որոնք կարող են մաս կազմել Սրբազան Քահանայապետի խօսքերուն` բնապահպանական հարցն է, ու նաեւ արուեստագիտութեան աճումը։

Գաղթականներու հարցը

Իսկ 27 եւ 28 սեպտեմբերին նախատեսուած Լէուվէնի Կաթողիկէ համալսարանի եւ Լուվէնի կաթողիկէ համալսարաններուն մէջ Քահանայապետին ունեցած ելոյթներուն մէջ կարելի է պիտի ըլլայ հասկնալ թէ «ինք կարող է տակաւին պարգեւել քրիստոնէութիւնը եւրոպական մշակոյթին» ըսաւ Մաթթէօ Պրունին ակնարկելով նաեւ այդ հանդիպումներէն մէկու մը ընթացքին գաղթականներու հայող մէկ տեսերիզի մը ցուցադրութեան։

Սրբազան Պապին այս ճամբորդութեան պիտի ընկերանան Կարդինալ Robert Francis Prevost, Եպիսկոպոսներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչը եւ Կարդինալ Marcello Semeraroն Սուրբերու Դատի Վերատեսչութեան Վերատեսուչը։

Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ներկայութիւնը

Լիքսեմպուրկի մէջ Կաթողիկէ Եկեղեցին ունի մէկ եկեղեցական Թեմ եւ 275 ժողովրդապետութիւն, իսկ Պելճիքայի մէջ կան 9 Թեմեր եւ 3.656 ժողովրդապետութիւն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/09/2024, 08:00