++ Il Papa, abusi sono una vergogna, chiediamo perdono ++

Քահանայապետը Պրիւքսէլի մէջ` Երկրորդ օր

Սրբազան Պապը նախ քան Koekelberg-ի Սուրբ Սիրտ Պազիլիքա ուղղուիլը ուր նախատեսուած էր անոր հանդիպումը Պելճիքայի Եպիսկոպոսներուն, Քահանաներուն, Նորընծաներուն եւ հովուական ծառայութեամբ զբաղող անձերուն հետ, այցելութիւն տուաւ Պրիւքսէլի Սէն Ժիլ Եկեղեցի ուր հանդիպում ունեցաւ ու նախաճաշը կիսեց Ժողովրդապետութեան մօտ հիւրընկալուած տնանկներուն հետ, զրուցելով անոնց հետ ու մտիկ ընելով անոնց կեանքի պատմութիւններուն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Լիւքսեմպուրկ եւ Պրիւքսէլ կատարած առաքելական 46րդ միջազգային ճամբորդութեան ծիրէն ներս, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը շաբաթ 28 սեպտեմբերի Պրիւքսելեան յայտագիրը սկսաւ առաւօտեան կանուխ թիւ պատարագ մատուցելով Պրիւքսելի Առաքելական Նուիրակութեան մէջ ապա հանդիպում ունեցաւ Եւրոպական Միութեան մի քանի բարձրաստիճան Անձնաւորութիւններու հետ հուսկ նախ քան Koekelberg-ի Սուրբ Սիրտ Պազիլիքա ուղղուիլը ուր նախատեսուած էր անոր հանդիպումը Պելճիքայի Եպիսկոպոսներուն, Քահանաներուն, Նորընծաներուն եւ հովուական ծառայութեամբ զբաղող անձերուն հետ, այցելութիւն տուաւ Պրիւքսէլի Սէն Ժիլ Եկեղեցի ուր հանդիպում ունեցաւ ու նախաճաշը կիսեց Ժողովրդապետութեան մօտ հիւրընկալուած տնանկներուն հետ, զրուցելով անոնց հետ ու մտիկ ընելով անոնց կեանքի պատմութիւններուն։

Ֆրանչիսկոս Պապը Սէն Ժիլ Եկեղեցւոյ մէջ
Ֆրանչիսկոս Պապը Սէն Ժիլ Եկեղեցւոյ մէջ

Սուրբ Սիրտ Եկեղեցին

Koekelbergի Սուրբ Սիրտ Եկեղեցին աշխարհի ամենամեծ հինգերորդ Եկեղեցին կը համարուի եւ կը գտնուի Պրիւքսելի արուարձանեային Koekelberg շրջանին մէջ։ Ան կառուցուած է Պելճիքայի Լէփոլտօ Բ Թագաւորի կամքով, ու կառուցման աշխատանքները որ սկսած էին 1905 թուականին համաշխարհային երկու պատերազմներու ընթացքին ընդհատումի ենթարկուելէ ետքը աւարտեցան 1971 թուականին։ Եկեղեցին բարձրութիւնը 89 մեթր է, երկայնքը 167 մեթր եւ ունի 65 մեթր բարձրութեամբ երկու աշտարակներ մինչ գմբեթին բարձրութիւնը 100 մեթր է։

Սուրբ Սիրտ Պազիլիքան
Սուրբ Սիրտ Պազիլիքան

Կղերական դասին հետ հանդիպում

Կղերական դասին հետ Քահանայապետին հանդիպման յայտագիրը կը նախատեսէ զանազան վկայութիւններ որոնց շարքին` քահանայի մը, հովուական ծառայութեան գործիչի մը, աստուածաբանի մը, ոտնձգութիւններու թիրախներու յատկացուած կեդրոններու ներկայացուցիչի մը, կրօնաւորուհի մը ու բանտի մատրանապետի մը։ Վկայութիւնները կ՛ընդմիջուին երգերով։

Վկայութիւններէն ետքը Նորին Սրբութիւնը խօսքը կ՛ուղղէ ներկաներուն որուն աւարտին ան իր օրհնութիւնը կու տայ անոնց հուսկ կ՛ողջունէ հանդիպման ներկայ գտնուող անկարներու խումբ մը մինչ Պազիլիքայի մուտքին կը հանդիպի տեղական իշխանութիւնները ներկայացնող անձնաւորութիւններու ու քահանաներու հետ։

Նորին Սրբութիւնը ապա կ՛ուղղուի Պրիւքսելի Առաքելական Նուիրակութիւն որտեղէն կէսօրէն ետքը ժամը չորսին կը փոխադրուի Լուվէնի Կաթողիկէ համալսարան, ուր նախատեսուած է Անոր` համալսարանական աշակերտներուն հետ հանդիպումը։

Լուվէնի համալսարանի ուսանողներ
Լուվէնի համալսարանի ուսանողներ

Լուվենի «ֆրանսալեզու» համալսարանի մէջ հանդիպում

Լուվենի «ֆրանսալեզու» համալսարանը կը գտնուի Պրիւքսելէն գրեթէ 30 քմ հեռաւորութեան վրայ եւ իր 19 մասնաճիւղերով հարուստ հնարաւորութիւններ կ՛ընծայէ համալսարանը յաճախող 30 հազարէ աւելի աշակերտութեան։

Հանդիպումը պիտի սկսի Համալսարանի ռեկտորի բարի գալուստի խօսքով որուն պիտի յաջորդէ տեսերիզի մը ցուցադրութիւնը եւ Քահանայապետին ուղղուած նամակի մը ընթերցումը որմէ ետքը Սրբազան Պապը ներկաներուն պիտի ուղղէ իր սրտի խօսքը։

Համալսարանականներուն հետ ունեցած հանդիպումի աւարտին Ան պիտի ուղղուի Saint Michel վարժարան որ կը գտնուի Լուվենի համալսարանէն 27 քմ հեռաւորութեան վրայ եւ որ կը պատկանի Յիսուսեան Միաբանութեան ու կառուցուած է 1905 թուականին, ի փոխարինում Պրիւքսելի կեդրոնին մէջ գտնուող նախկին վարժարանին որ կառուցած էր 1604 թուականին ու վերջնականապէս փակուած 1773 թուականին երբ կասեցուած էր նաեւ Յիսուսեան Միաբանութիւնը։ 1892ին այդ վարժարանը ամբողջութեան փլուեցաւ «rue Lebeau» ճանապարհի կառուցումին համար։

Յիսուսեան միաբանութեան անդմաներուն հետ հանդիպում

Saint Michel վարժարանին մէջ նախատեսուած է Ֆրանչիսկոս Պապին իր միաբանակից եղբայրներուն, այսինքն Յիսուսեան Միաբանութեան անդամներուն հետ առանձնական հանդիպումը որով կ՛աւարտի նաեւ Պելճիքայի ճամբորդութեան երկրորդ ու վերջընթեր օրուան յայտագիրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/09/2024, 11:36